Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ոտնլուան` Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ. «Քրիստոս Իր Աշակերտներուն Ոտքերը Լուալու Արարքով Յորդորեց Մարդիկը` Զիրար Սիրելու» Շեշտեց Շահէ Արք. Փանոսեան

Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեանի, հինգշաբթի, 1 ապրիլ 2021-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի արարողութիւն:

Ոտնլուայի արարողութիւնը կատարեց եւ օրուան պատգամը ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանը: Ան նկատել տուաւ, որ Քրիստոս իր երկրաւոր կեանքի վերջին օրերուն մասնաւոր ժամանակ տրամադրեց, որպէսզի Զատկուան տօնի նախօրեակին մտերմիկ պահ մը անցընէ անոնց հետ, որոնք աշխարհի մէջ իրեն աշակերտեցան, որպէսզի իր բացակայութեան միջոցին Աւետարանի քարոզչութեան գործը կատարեն, բայց նաեւ իրենց անձերուն օրինակով եւ վկայութեամբ աշխարհին ցոյց տան, թէ Փրկիչը աշխարհ եկաւ եւ թէ ի՛նչ ձեւով ապրեցաւ եւ գործեց ընկերութեան մէջ: Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, թէ Քրիստոսի` Իր աշակերտներուն ոտքերը լուալու արարողութիւնը մարդկային ըմբռնողութեամբ տարօրինակ տեսարան մը կը պարզէ, սակայն աստուածային ըմբռնողութեամբ ի՛նչ գեղեցիկ եւ խորհրդաւոր տեսարան մըն է, որուն նայելով երկրաւոր պայմաններու մէջ ապրողներս, մեր ամբողջ կեանքին համար կրնանք առաջնորդութիւն եւ դասեր քաղել: Առաջնորդ Սրբազանը բացատրեց, որ Քրիստոս այս արարքով յորդորեց աշակերտները, նաեւ մարդկութիւնը` զիրար սիրելու:

Շարունակելով իր խօսքը` Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ ներկայիս կ՛ապրինք քիչ մը անբնական եւ արտասովոր պայմաններու մէջ, եւ մարդիկ ի զուր կը փորձեն փնտռել ելք մը, որ կրնայ կեանքը վերադարձնել իր նախկին ընթացքին` աւելցնելով, որ այդ պայմաններուն մէջ կը փորձենք մեր եկեղեցիներուն մէջ նշել մեր Տիրոջ սրբազան առիթները, որոնք կը կատարենք զգուշաւոր պայմաններու մէջ` խնդրելով Աստուծմէ առաջնորդութիւն եւ յոյս:

Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, թէ աշխարհը շատ խոցելի է, սակայն եկեղեցիներուն մէջ եւ մեր աղօթքներուն ընթացքին պէտք է յիշենք, թէ որքա՛ն հզօր է մեր Տէրը եւ որքա՛ն մեծ է անոր կարողութիւնը, որովհետեւ կը հաւատանք, որ ան մեզ այս աշխարհի կեանքի պայմաններէն դուրս հանելով, անպայմանօրէն պիտի առաջնորդէ անպայմանօրէն դէպի լուսաւոր օրեր, սակայն պէտք չէ մոռնանք նաեւ պահել, գործադրել եւ մեր շրջապատին մէջ տարածել անոր պատուիրանները:

Պէտք է նշել, որ նոյն օրը երեկոյեան ժամը 7:00-ին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ խաւարման կարգ` նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեանի: