Ուխտագնացութիւններ Դէպի Ժալալայի Ս. Խաչ
Եւ Ռայաքի Ս. Աստուածածին Մատուռներ
Օրհնութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի, շաբաթ, 27 յուլիս 2019-ին, տեղի ունեցաւ Ժալալայի Ս. Խաչ մատրան անուանակոչութեան նշումը: Պատարագը մատուցեց Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ հովիւ Միւռոն քհնյ. Աւետիսեան:
Առաջնորդ Սրբազանը իր քարոզին սկիզբը հոգեկան եզակի ուրախութեամբ ողջունեց ներկայ հաւատացեալները` նկատել տալով, որ սոյն պատարագով Լիբանանի հայոց թեմին մէջ կը հաստատեն նոր աւանդութիւն մը, որ Ժալալայի Ս. Խաչ մատրան անուանակոչութեան տօնն է, որ պիտի նշուի ամէն տարի Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը կանխող շաբաթ օրը: «Երբ նայինք մեր ժողովուրդի պատմութեան, պիտի անդրադառնանք, որ ուխտագնացութիւնը կեդրոնական տեղ գրաւած է մեր հաւաքական կեանքին մէջ, երբ Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ տարածքին ունէինք հազարաւոր եկեղեցիներ ու վանքեր եւ ուխտագնացութեամբ մեր հաւատքը կը վերանորոգէինք եւ պինդ կը պահէինք մեր տոհմիկ մշակութային եւ ազգային աւանդութիւնները», հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը` աւելցնելով, որ նկատի ունենալով Ժալալայի մէջ մեր ժողովուրդի ներկայութիւնը եւ ս. մատուռը` հաստատած է սոյն ուխտագնացութիւնը եւ անուանակոչութեան տօնը, որպէսզի պարբերաբար կարենանք այս սուրբ մատրան մէջ աղօթել, ս. պատարագ մատուցել եւ մեր հաւաքական ներկայութիւնն ու վկայութիւնը զգալի դարձնել: Առաջնորդ Սրբազանը խօսքը ուղղելով ժողովուրդին` ըսաւ, որ իրենց ներկայութիւնը` հոգեւորական դասով եւ հաւատացեալ ժողովուրդով, կու գայ անգամ մը եւս վերահաստատելու, որ հակառակ ամէն տեսակի դժուարութիւններուն, տագնապներուն, տառապանքին եւ հալածանքին, մեր ժողովուրդը իր հայադրոշմ քրիստոնէական հաւատքով, հայոց պատմութեան արժէքներուն եւ աւանդութիւններուն հաւատարմութեամբ, մեր սուրբերուն եւ հերոսներուն ոգեղէն ներկայութեամբ զօրացած, յարութիւն առած, պայծառակերպուած` կը շարունակէ իր հաւատքի առաքելութիւնը եւ ազգային հաւաքական գոյութիւնը: Առաջնորդ Սրբազանը իր գնահատանքը յայտնեց քահանայ հայրերուն եւ ուխտաւոր ժողովուրդին, նաեւ շրջանի ժողովուրդի զաւակներուն` մաղթելով, որ ուր ալ ըլլան, խոր գիտակցութիւն ունենան, թէ մենք ենք եկեղեցին, հաւատացեալներու խումբը, եւ եկեղեցին իրենց ներկայութեամբ կը շնչէ, կը վկայէ, հաւաքի խորան կը դառնայ: Սրբազանը նաեւ մաղթեց, որ նոյն հաւատքով եւ կապուածութեամբ ամէն տեղ կարենան վկաները դառնալ մեր դարաւոր հաւատքին, եւ այդ հաւատքով զօրացած` շարունակենք մեր հայ քրիստոնէական հաւաքական կեանքը: Սրբազանը նաեւ անդրադարձաւ Պայծառակերպութեան տօնին, որ նաեւ ծանօթ է Վարդավառ անունով, պատմեց այդ դէպքը եւ եզրակացնելով` բացատրեց, որ երբ Քրիստոս մեզի հետ է, եւ լոյսը կը գտնուի մեր ներսիդին մենք կը փափաքինք, որ միշտ այդպէս մնանք: «Հաւատացեալին կեանքը շարունակական պայծառութեան, այլակերպութեան, լուսաւորութեան եւ մաքրութեան ուխտագնացութիւն մըն է», շեշտեց Սրբազան Հայրը` հարց տալով իւրաքանչիւրին, թէ Քրիստոս կը գտնուի՞ իրենց հոգիներուն մէջ, եւ այս հարցումին պատասխանը իւրաքանչիւրը ինք պիտի տայ Աստուծոյ, իր անձին եւ իր շրջապատին: Եզրափակելով իր խօսքը` Առաջնորդ Սրբազանը հաստատեց, որ Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը հրաւէր մըն է մեզի համար` պայծառակերպուելու, մեր քրիստոնէական կոչումը վերագտնելու, մեր սուրբ մկրտութեան շնորհքը վերագտնելու եւ անդրադառնալու, որ երբ պայծառակերպուած կեանք կ՛ապրինք, չարը, սատանան, մեղքը մեզմէ հեռու կը մնան:
«Հայ ժողովուրդը Ռայաքի մէջ դրական հետք ձգած է` որպէս աշխատասէր եւ պարկեշտ լիբանանահայ», շեշտեց Սրբազանը:
Իսկ շաբաթ 24 օգոստոս 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ռայաքի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ, ներկայութեամբ Ռայաքի քաղաքապետին եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն, մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ եւ կատարուեցաւ խաղողօրհնէք: Պատարագը մատուցեց Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ Ռուբէն քհնյ. Միսիսեան:
Առաջնորդ Սրբազանը իր քարոզին մէջ ուրախութիւն յայտնեց, որ հաւաքուած են միասնաբար նշելու Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին առիթով իր հաստատած Ռայաքի ուխտագնացութեան առաջին առիթը, աւելցնելով, որ ուխտագնացութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ կարեւոր տեղ ունեցած է, որովհետեւ հին ժամանակներէն ի վեր մեր ժողովուրդը յաճախ ուխտագնացութիւններ կը կազմակերպէր եւ զանոնք կը վերածէր հայ քրիստոնէական հաւատքի վերանորոգման օրհնեալ առիթներու: «Մենք ուր որ ալ գտնուինք, որպէս լիբանանահայ քրիստոնեաներ, Լիբանանի տարածքին գտնուող բոլոր եկեղեցիները եւ մատուռները մեր աղօթավայրերն ու սրբավայրերն են, ուր մենք ոչ թէ միայն կ՛աղօթենք Աստուծոյ, այլ իրարու հետ կ՛ըլլանք, կը համախմբուինք, եկեղեցի կը դառնանք եւ հաղորդութեան մէջ կը մտնենք մեր սուրբերուն, մեր հերոսներուն եւ մեր պատմութեան ամբողջ հոլովոյթին հետ», հաստատեց Սրբազանը` աւելցնելով, որ եկեղեցին վայր մը չէ, այլ եկեղեցւոյ մէջ մենք եկեղեցի կը դառնանք, երբ միտքով, հոգիով եւ սիրտով կը խոնարհինք Աստուծոյ դիմաց, մեր շարականներով եւ մեր աղօթքներով հաղորդութեան մէջ կը մտնենք մեր հայրապետներուն հետ եւ կ՛անդրադառնանք, որ մենք շարունակութիւնն ենք հայոց պատմութեան ոսկեղէն շղթային: Սրբազանը նկատել տուաւ, որ Ռայաքի Ս. Աստուածածին մատուռը 1953 թուականէն սկսեալ իրականութիւն դարձաւ, քարեղէն շէնք դարձաւ, նաեւ դարձաւ աղօթքի եւ ազգային տունը աւելի քան 300 հայորդիներուն, որոնք Ռայաքի մէջ հաստատուած էին 1915-ի Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, աւելցնելով, որ Ռայաքի քաղաքապետը եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամները կը վկայեն, թէ հակառակ անոր որ ներկայիս Ռայաքի մէջ հայութեան թիւը նուազած է, սակայն անցեալը չի մոռցուիր եւ հայութիւնը, ինչպէս ամէն տեղ, նաեւ Ռայաքի մէջ դրական հետք ձգած է` որպէս աշխատասէր եւ պարկեշտ լիբանանահայ: Շարունակելով իր խօսքը` Սրբազանը շեշտեց, որ այս մէկը ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կը լեցնէ մեր սիրտը, որովհետեւ ուր որ ալ գտնուինք, մենք կը պատկանինք նոյն եկեղեցւոյ եւ նոյն ժողովուրդին եւ նոյն հայրենիքին:
Սրբազանը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Մակարեան ընտանիքին` յիշատակի կարօտով յիշելով Յակոբ Մակարեան ամոլը եւ այսօր իրենց օրինակին հետեւող իրենց զաւակները, գլխաւորութեամբ Վարդան Մակարեանի, որոնք հայ քրիստոնէական հաւատքով այս մատուռը կը շարունակեն պահել` որպէս հայ աղօթքի տուն: «Այս մատուռը, շնորհիւ Մակարեան գերդաստանին, ադամանդի պէս պահուած է եւ կը շարունակէ պահպանուիլ», հաստատեց Սրբազանը` աւելցնելով, որ Մակարեան գերդաստանը եւ մատուռին հարեւանութեամբ գտնուող լիբանանցի ընտանիքը ամէն օր մատուռը կը վերածեն կենդանի վկայարանի:
Անդրադառնալով Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին` Սրբազանը հաստատեց, որ Ս. Աստուածածինը եղաւ այն մաքուր եւ անապակ անօթը, մայրը, սրբուհին, կոյսը, որուն միջոցով Յիսուս ծնաւ, մարդացաւ եւ իր փրկագործական մահով մեզի առաւել կեանք շնորհեց:
Եզրափակելով իր խօսքը` Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց Ռայաքի մէջ աշխարհական պատասխանատուները, քաղաքապետական խորհուրդի նախագահը եւ անդամները, որոնք ամէն իմաստով օգտակար կը հանդիսանան այս մատրան եւ անոր միջոցով ծաւալուող առաքելութեան, հաստատելով, որ Ռայաքի քաղաքապետին եւ քաղաքապետական խորհուրդին ներկայութիւնը ս. պատարագին` կը նկատէ մասնակցութիւն մեր հաւաքական աղօթքին եւ առաքելութեան ու ըսաւ, որ իրենք հիւր չեն, այլ մեզի պէս տնեցի են: