Ուսուցչաց տօնին առիթով Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդը ներկայացնող պատուիրակութիւններ այցելեցին Թրիփոլիի Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան, Պէյրութի Ազգային Միացեալ եւ Եղիշէ Մանուկեան, ինչպէս նաեւ Այնճարի Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարաններ, հանդիպումներ ունեցան տնօրէնութիւններու եւ ուսուցչական կազմերու հետ, շնորհաւորեցին եւ յատուկ կարկանդակներով պատուեցին անոնց տօնը:
Թրիփոլիի եւ Պէյրութի հանդիպումներուն խօսք առաւ Ազգային Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ Վիգէն Աւագեան: Ան յայտնեց, որ ուրախութիւն է ուսուցչաց տօնին ըլլալ ուսուցիչներու հետ, շնորհաւորել եւ վարձքը կատար ըսել բոլոր անոնց, որոնց ձեռքերուն մէջ է մեր զաւակներուն ու մեր ազգին ապագան:
«Ուսուցիչները մեր գոյատեւման եւ զարգացման երաշխիքն են: Դպրոցը դպրոց չէ իր շէնքով, բակով եւ սրահներով: Դպրոցը դպրոց չէ նաեւ իր կրթական ծրագիրներով, դասագիրքերով եւ մանկավարժական իր տեսութիւններով ու վարժութիւններով: Դպրոցը դպրոցի վերածողը ուսուցի՛չն է: Ան է, որ կրթական ծրագիրները կ՛իրականացնէ, աշակերտին մտածել ու տրամաբանել կը սորվեցնէ եւ աշակերտին մէջ մարդն ու հայը կը կերտէ: Կառոյց, ծրագիր, մեթոտ պարզապէս զէնքեր են ուսուցիչին ձեռքին` իր առաքելութիւնը իրականացնելու համար», շեշտեց Վիգէն Աւագեան:
Շարունակելով իր խօսքը` Վ. Աւագեան նշեց, որ անցնող երկու տարիները կրթական մարզին համար եղան ամէն իմաստով արտասովոր: Երկրին քաղաքական վերիվայրումները, «Քորոնա»-ի համաճարակը, Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը, տնտեսական սուր տագնապը եւ դասաւանդութիւններու տարբեր ձեւերու որդեգրումը (լրիւ առցանց, կէս առցանց, ներկայութեամբ) կրթական մարզին համար ստեղծեցին աննախատեսելի մարտահրաւէրներ, որոնց յաղթահարումը երբեք դիւրին չեղաւ: Ազգային իշխանութիւն, Ուսումնական խորհուրդ, տնօրէնութիւններ, խնամակալութիւններ, ուսուցիչներ եւ ծնողներ միացեալ ճիգերով միայն կարելի դարձաւ մեր կրթական կառոյցը պահել եւ աշակերտները ուսումէ եւ դաստիարակութենէ չզրկել:
«Այս միջոցին ուսուցիչները մնացին մեր ուշադրութեան կեդրոնը: Ուսումնական խորհուրդը եւ Ազգային իշխանութեան տարբեր մարմիններ, թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի գլխաւորութեամբ, տեւաբար մօտէն հետաքրքուեցան ուսուցիչներու իրավիճակով եւ ջանացին մեր վարժարաններուն մէջ ստեղծել արժանապատիւ աշխատանքի պայմաններ: Շնորհակալութիւն բոլորին, շնորհակալութեան ու երախտագիտութեան սրտագին խօսք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, որ, ինչպէս միշտ, Լիբանանի ճգնաժամային վերջին պայմաններուն մէջ եւս եղաւ ու մնաց հայ դպրոցին եւ հայ ուսուցիչին կողքին` երբեք չզլանալով իր բարոյական եւ նիւթական աջակցութիւնը: Արամ Ա. կաթողիկոս յիշատակելի դարձուց այս տարուան ուսուցչաց տօնը` նիւթական պարգեւներ տրամադրելով Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայկական բոլոր վարժարաններու ուսուցիչներուն, ընդ որում` Լիբանանի Ազգային վարժարաններու 139 կրթական մշակներուն», ըսաւ Աւագեան:
Աւարտին, իր շնորհաւորութիւններուն եւ բարեմաղթութիւններուն զուգահեռ, Վիգէն Աւագեան յոյս յայտնեց, որ այսուհետեւ պայմանները աւելի ներեն նման հանդիպումներ կատարելու, որպէսզի կարենանք միասնաբար մեր տագնապներն ու դժուարութիւնները պակսեցնել եւ մեր յաջողութիւններն ու իրագործումները աւելցնել:
Այնճարի մէջ Ուսումնական Խորհուրդի խօսքը փոխանցեց Յակոբ Տէր Ղուկասեան: Ան շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսք ուղղեց ուսուցիչներուն, որոնք այս դժուար կացութեան մէջ անկարելին կարելի ընելով հայ աշակերտին ուսումը կ՛ապահովեն, մանաւանդ Այնճարի մէջ, որ աշխարհագրականօրէն հեռու շրջան է, ուսուցիչները իրենց խնդիրները մոռցած, տրամադրուած են հայ աշակերտին բարձր որակով ուսում եւ դաստիարակութիւն ջամբելու: Յակոբ Տէր Ղուկասեան Ուսումնական խորհուրդի անունով բարձրօրէն գնահատեց ուսուցիչներու զոհաբերութիւնը: Ան շեշտեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի հայ ուսուցիչներու զօրակցութիւնը պէտք է դառնայ վարակիչ, որովհետեւ իսկապէս տագնապալի օրերու մէջ կը գտնուին մեր ուսուցիչները, որոնք արժանի են ամբողջական աջակցութեան: