Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ուսուցչաց տօն

Մեր օրերու տաղտուկն ու մտահոգութիւնները մեր յիշողութենէն չեն ջնջած «Ուսուցչաց տօն»-ը, եւ մենք չենք մոռցած լիբանանահայ մեր վարժարանները, որոնք անկասկած պէտք է կանգուն մնան, որպէսզի իբրեւ ազգային դիմագիծ ունեցող հաւաքականութիւն կանգուն մնանք մենք եւ գալիքին համար ալ ստեղծենք նոր վաստակ:
Ուստի, երբ Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնը իրենց գոյութեան ծանրագոյն պահերը կ՛ապրին, Ուսուցչաց տօնին առիթով մենք սիրով ու յարգանքով կ՛ողջունենք լիբանանահայ մեր վարժարաններուն բոլոր կրթական մշակները եւ յարգանքով նաեւ կ՛ողջունենք մեր վարժարաններուն կրթանուէր առաքելութիւնը, որ կեանքի չափ կարեւոր խնդիր կը մնայ մեզի համար:
Այս օրերու պայմաններուն մէջ բոլորս ալ գիտենք, որ ո՛չ մեր դպրոցները եւ ո՛չ ալ մեր կրթական մշակները վեր են ու զերծ մեր ապրած մտահոգութիւններէն ու տագնապներէն: Սակայն, ամէն օր քիչ մը աւելի բարդացող մեր առօրեային մէջ, հայ դպրոցը կը շարունակէ մեծ ճիգով իրագործել իր ուսերուն դրուած բոլոր պարտականութիւնները եւ տուեալ կացութեան մէջ, նաեւ ստեղծել գեղեցիկ ու ընտիր արդիւնք: Իրենց կարգին եւ յանուն գալիք արշալոյսներու, մեր կրթական մշակները եւս ուսման ու գիտութեան կողքին կը շարունակեն խնամքով հայ հոգիի յատկանիշները փոխանցել մեր ժողովուրդի դեռատի զաւակներուն, որպէսզի մեր ժողովուրդը շարունակէ հաւատարմութեամբ քալել իր պատմութեան ուղիներէն:
Վստահաբար կը դիմագրաւենք բազմաթիւ տագնապներ ու խնդիրներ, սակայն մեր համայնական կեանքը կը շարունակուի լիբանանեան իւրայատկութիւններով` ազգային տեսլականներու շուրջ եւ հոգեւոր, մշակութային ու կրթական առաքելութիւններով:
Հետեւաբար, Ուսուցչաց տօնը առիթը կը ստեղծէ յիշեցնելու մեր ժողովուրդին, որ այսօր, մեր դպրոցներն ու կրթական մշակները աւելիով պէտք ունին մեր աջակցութեան: Ուստի, կոչ կ՛ուղղենք մեր մէջ գտնուող բարերար ձեռքերուն, որպէսզի հայ դպրոցին նային ազնուական հոգիով ու սրտերը աւելի լայն բանալով տէր կանգնին անոր սրբազան առաքելութեան:
Ուսուցչաց տօնին առիթով, երբ դարձեալ քաղցր բախտը կ՛ունենանք ողջունելու մեր վարժարաններու կրթական մշակները եւ բոլորին մաղթելու քաջառողջութիւն, սրտովին կը մաղթենք, որ իրենց ապրած մտահոգութիւններուն առընթեր, մեր ուսուցիչները պատուով գլուխ հանեն իրենց վստահուած ծանր գործը, որպէսզի հայ դպրոցին վաստակով լիբանանահայ մեր կեանքը շարունակէ մնալ յարացոյցը սփիւռքահայ կեանքին ու կեցուածքին:
Աղօթարար`
ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ