Երեքշաբթի, 12 փետրուար 2019-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս ընդունեց Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպը: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան երեսփոխան Յակոբ Թերզեան եւ Ազգային վարչութեան անդամներ:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ հաւաքաբար քննելու Լիբանանը եւ լիբանանահայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր: Այս առիթով, Զիատ Շպիպ շնորհաւորեց Նարեկ արքեպիսկոպոսը` առաջնորդ ընտրուելուն առիթով, եւ սրբազան հօր մաղթեց պտղալից սպասաւորութիւն եւ նորանոր յաջողութիւններ: