Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերու տօնին առիթով երկուշաբթի, 28 մայիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ, որուն յաջորդեց ջրօրհնէք Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերու մասունքով:
Արարողութեան նախագահեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ եպս. Փանոսեան:
«Այս օրը մեզ կը հրաւիրէ, որ Հռիփսիմեանց տօնին առիթով պահ մը անջատուինք մեր աշխարհէն եւ մեր հայեացքը ուղղենք դէպի երկինք, դէպի անմահական այն կեանքը, որուն կը հրաւիրէ մեզ Աստուած», ըսաւ Սրբազան Հայրը եւ պատմական ակնարկ մը նետեց Հռիփսիմեանց կոյսերու կեանքին ու նահատակութեան: Սրբազան Հայրը հարց տուաւ, թէ մենք ի՞նչ կրնանք վկայել անոնց մասին, որոնք մեզմէ դարեր առաջ ապրեցան, նահատակուեցան, իրենց կեանքը նուիրեցին` դառնալով երկնային կեանքի բնակիչ, եւ անոնց այս արարքը ի՞նչ ձեւով կ՛ազդէ մեր կեանքին վրայ, յատկապէս երկրաւոր կեանքի ներկայ երեւոյթներուն լոյսին տակ: «Ի՞նչ կ՛ըսեն Հռիփսիմեանց նուիրեալ այս անձերը, որոնք երկնային սիրով հմայուած` իրենց կեանքը ընծայած են: Ունի՞նք անոնց հաւատքը մեր կեանքին մէջ: Կրնա՞նք քանի մը վայրկեան անջատուիլ այս աշխարհէն եւ կապուիլ երկնային Հօր: Կրնա՞նք իր ստեղծագործութեան համար նուիրել յիշատակելի իր մը: Կրնա՞նք նայիլ երկինք` մեր կեցուածքը նմանցնելով Հռիփսիմեանց կոյսերու կեցուածքին, եւ մեր Տէրը ուրախացնել մեր ընծայումով», հարց տուաւ Առաջնորդ Սրբազանը` հրաւիրելով ներկաները Հռիփսիմեանց կոյսերուն օրինակով ըմբռնելու, թէ այս աշխարհը ժամանակաւոր իրականութիւն մըն է, եւ եթէ կրնանք Աստուծոյ ճաշակը զգալ, մենք ալ անպայմանօրէն կը գրաւուինք երկնաւոր Հօր կողմէ եւ կ՛ընծայենք այն, ինչ որ մեզմէ իւրաքանչիւրը կրնայ նուիրել Աստուծոյ:
Շարունակելով իր խօսքը` Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ Հռիփսիմեանց կոյսերը նահատակուեցան իրենց հաւատքը ամուր պահելով: Նահատակուեցան, որպէսզի աշխարհին մէջ Քրիստոսի սէրը տարածեն եւ բարոյական կեանքը զետեղեն նոր հունի մէջ: Նահատակուեցան, որպէսզի հեթանոսութիւնը վերանայ աշխարհէն: Նահատակուեցան, որպէսզի իրենց հաւատքին ընդմէջէն Աստուծոյ լոյսը ճառագայթէ մարդոց գիտակցութեան մէջ: Սրբազան Հայրը հարց տուաւ, թէ ներկայիս` 21-րդ դարուն մեր դիմագրաւած դժուարութիւններուն մէջ ի՞նչ ձեւով կ՛ըմբռնենք Հռիփսիմեանց նահատակութեան արարքը, ի՞նչ ձեւով կը պաշտպանենք ինչ որ իբրեւ հայ, իբրեւ քրիստոնեայ պարտաւոր ենք պաշտպանելու մեր շրջապատին եւ տուներուն մէջ, որպէսզի մեր կեանքը ամրանայ քրիստոնէական արժէքներով եւ սկզբունքներով:
«Հռիփսիմեանց կոյսերը իրենց օրինակը մեր ժողովուրդին հրամցնելով կը յիշեցնեն մեզի, որ երկրաւոր մեր կեանքին ընթացքին մեր ապրած միջավայրին մէջ պաշտպանենք քրիստոնէական հաւատքը, մեր սեփական դիմագիծն ու ինքնութիւնը, չհետեւինք հեթանոսներուն եւ պաշտենք մեր զԱստուած, մեր տիեզերական փրկիչը, որ ուղիղ ճամբայ ցոյց կու տայ», եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ ջրօրհնէք Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերու մասունքով, որմէ ետք հաւատացեալ ժողովուրդին բաժնուեցաւ օրհնուած ջուր, խունկ, մոմ, աղօթք եւ վարդ: