Երեքշաբթի, 3 մարտ 2020-ին, «Սանթա Մարիա» բուժարանի Աննայայի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի: Ս. պատարագը մատուցեց Նարեկ ա. քհնյ. Հէճինեան` մասնակցութեամբ Յակոբ քհնյ. Պզտիկեանին: Արարողութեան բուժարանին մէջ հաստատուած հայ անհատներու կողքին ներկայ էին նաեւ ենթականերու անմիջական պարագաները, որոնք առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունքին ճիգերով այցելեցին կեդրոն: Ս. պատարագին ներկայ էին նաեւ բուժարանին տէր եւ տնօրէն Ժոզեֆ Հարպ, թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեան եւ Ազգային առաջնորդարանի ներկայացուցիչները:
Արարողութեան աւարտին Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան նշեց, որ «Սանթա Մարիա» բուժարանի տնօրէնութիւնը իր բոլոր ճիգերը ի գործ կը դնէ օգտակար դառնալու հոգեկան, ֆիզիքական եւ մտային դժուարութիւններ ունեցող հայերուն` խնամքով եւ նուիրուածութեամբ մօտենալով իրաքանչիւրին: Ան հաստատեց, որ բուժարանի զաւակները առանձին չեն, որովհետեւ տնօրէնութիւնը, ընտանեկան պարագաները եւ Ազգային առաջնորդարանը միշտ իրենց կողքին են: Հայր սուրբը յոյս յայտնեց, որ առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունքին եւ նշեալ կեդրոններու տնօրէնութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը յաւելեալ թափով կը շարունակուի, որովհետեւ մեր առաքելութիւնը կը բնորոշուի բոլորին անխտիր ծառայելու հասկացողութեամբ: