Կիրակի, 28 նոյեմբեր 2021-ին Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ ս. պատարագ մատուցեց, քարոզեց եւ սրբապատկերներու օծումը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարի լուսարարապետ Մակար եպս. Աշգարեանը: Օծման արարողութեան մասնակցեցան Վարուժան արք. Հերկելեանն ու հոգեւոր հովիւ Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանը:
Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներուն եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի սրբապատկերները պատկերած ու նուիրած էր հայր Յովսէփ Աշգարեանը. անոնցմէ առաջինը նուիրուած էր համայն հայ եւ յատկապէս մուսալեռցի ննջեցեալներուն յիշատակին, իսկ երկրորդը` ի յիշատակ հայ զինուորներուն, որոնք նահատակուեցան հաւատքի եւ հայրենիքի պաշտպանութեան համար:
Երրորդ սրբապատկերը` Ս. Աստուածամօր եւ Յիսուս մանուկի, պատկերած ու նուիրած է տիկին Նանոր Քիւրիւմլեանը, որպէսզի Աստուածամայրը իր որդիին եւ Աստուծոյ հովանիին ներքոյ անփորձանք ու անվտանգ պահէ Այնճար գիւղաքաղաքը երեւելի եւ աներեւոյթ բոլոր չարիքներէն:
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն ու Թաղական խորհուրդը իրենց խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնեն յիշեալ արուեստագէտներուն` մաղթելով անոնց յարաճուն վերելք իրենց բնագաւառին մէջ, ինչպէս նաեւ աստուածային օրհնութիւնն ու շնորհքը անպակաս ըլլայ անոնց վրայէն: