Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Սրբոց Հռիփսիմեանց Եւ Սրբոց Գայեանեանց Կոյսերու Տօնի Նշում

Շաբաթ, 22 յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Սրբոց Հռիփսիմեանց եւ Սրբոց Գայեանեանց կոյսերու տօնը:

Արդարեւ, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող Ս. Հռիփսիմէի մատրան դիմաց կատարուեցաւ ժամերգութիւն, որմէ ետք սուրբերու մասունքով կազմուեցաւ թափօր եւ առաջնորդութեամբ թեմի քահանայից դասուն, մասնակցութեամբ հաւատացեալ ժողովուրդին, թափօրը մուտք գործեց եկեղեցի, ուր մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Պատարագը մատուցեց եւ ժողովուրդին իր պատգամը ուղղեց Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան: Ան նկատել տուաւ, որ բոլորս լսած ենք կոյսերու նահատակութեան պատմութիւնը, թէ ինչպէ՛ս չարչարուեցան, բայց իրենց նուիրումին եւ հաւատքին համար նահատակեցին իրենց անձերը` հաւատալով, որ իրենց անձերը կարեւոր չէ աշխարհի վրայ, այլ` կարեւորը իրենց երկնային նահատակութիւնն է: Հայր սուրբը ըսաւ, թէ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ բոլոր սուրբերը ընդհանրապէս իրենց մարմինները զոհեր են Քրիստոսի, երկնաւոր առաքելութեան եւ յաւիտենական կեանքի համար: «Սուրբերը պատահականօրէն սուրբ չեն կոչուիր: Անոնք կրցած են ապրիլ այն ճանապարհին մէջ, ինչ որ Քրիստոս իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին սորվեցուց, պատգամեց, ապրեցաւ եւ ուզեց, որ մարդիկ եւս ապրին», հաստատեց Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան` աւելցնելով, որ սուրբերը ապրած են երազելով, փափաքելով երկինքի արքայութեան:

Շարունակելով իր խօսքը` հայր սուրբը ցաւով յայտնեց, թէ իբրեւ հայ ժողովուրդ եւ առաքելական եկեղեցւոյ պատկանող զաւակներ դժբախտաբար այսօր մենք հեռացած ենք մեր սուրբերէն: «Մեր առաքելական եկեղեցին հիմնուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի, Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու աճիւններուն վրայ, անոնց արեան նահատակութեամբ, որոնց կեանքը, պատգամը եւ առաքելութիւնը այսօր մենք կը տեսնենք Հռիփսիմեանց կոյսերու նահատակութեան մէջ», շեշտեց Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան` աւելցնելով, որ նոյն Գրիգոր Լուսաւորիչն էր, որուն Խոր Վիրապէն ելլելէն ետք առաջին գործը եղաւ հաւաքել սուրբերու նուիրական մասունքները եւ թաղել զանոնք: Նոյն Գրիգոր Լուսաւորիչն էր, որ հետեւելով կոյսերու ճանապարհին, չյանձնուեցաւ: «Այսօր, իբրեւ եկեղեցւոյ զաւակներ, մենք մեր կեանքին մէջ քանի՞ անգամ մեր սուրբերուն բարեխօսութիւնը խնդրած ենք», հարց տուաւ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան` հաստատելով, որ մենք` իբրեւ ժողովուրդ, մոռցած ենք մեր սրբութիւնները, մեր եկեղեցական աւանդութիւններն ու ծէսերը եւ կառչած ենք նիւթականին, մինչդեռ մեզի համար կարեւորը հոգեւորն է, խորհուրդն է, նպատակն է եւ այդ նպատակէն վերջ Քրիստոսի թագաւորութեան եւ արդարութեան հասնելու փառքը: Եզրափակելով իր խօսքը` հայր սուրբը շեշտեց, որ Հռիփսիմեանց կոյսերու պատգամն է, որ դառնանք Քրիստոսի, դառնանք սուրբերուն, պահանջենք անոնց բարեխօսութիւնը, խնդրենք անոնց ներգործութիւնը մեր կեանքին մէջ, տեսնենք Քրիստոսի ճանապարհը, որպէսզի անով մենք ճշմարտութիւնը ապրինք մեր կեանքին մէջ:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ ջրօրհնէք: