Սրբոց Հռիփսիմեանց տօնին առիթով, երկուշաբթի 24 մայիսէն մինչեւ երկուշաբթի, 31 մայիս, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող Ս. Հռիփսիմեաց եւ Գայեանեանց մատրան առջեւ, բացօթեայ պայմաններու մէջ ամէն երեկոյեան ժամը 6:30-ին տեղի պիտի ունենայ ժամասացութիւն եւ զանազան նիւթերու շուրջ հոգեւոր խորհրդածութիւն:
Առ այդ, երէկ` երկուշաբթի, 24 մայիսին, նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի եւ մասնակցութեամբ թեմի քահանայից դասուն, տեղի ունեցաւ աղօթքի շաբթուան բացումը:
Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը պատմական ակնարկ մը նետեց Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերու կեանքին վրայ` նշելով, թէ ինչպէ՛ս անոնք 301 թուականին Վաղարշապատի մէջ կը նահատակուին` աւելցնելով, որ մենք կը յիշատակենք զիրենք աղօթելով, որ Աստուած իրենց վսեմ օրինակին արժանի հետեւորդները դարձնէ մեզ: Առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ բոլորս ալ ենթակայ ենք մահանալու` աւելցնելով, որ կան մարդիկ, որոնք կը մեռնին մարմնապէս, սակայն իրենց ոգին կը շարունակէ ներշնչել ու նոր կեանք տալ գալիք բազում սերունդներուն:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ յայտնեց, որ 21-րդ դարուն արդիականացած է մեր կենցաղը, եւ վստահաբար մենք պարտաւոր ենք պատշաճիլ ներկայ քաղաքակրթութեան պայմաններուն, սակայն միշտ յիշելով, որ պէտք է պահել ու պաշտպանել մեր անհատականութիւնը եւ քրիստոնէական հաւատքը: «Չի բաւեր սուրբերու յիշատակին նայիլ: Անհրաժեշտ է նաեւ անոնց օրինակին հետեւիլ», հաստատեց Սրբազանը` շեշտելով, որ ներկայիս քրիստոնէական նկարագիրով կարենալ ապրելու համար պէտք է տոկալ հաւատքի զօրութեամբ ու նկարագիրով` քաջ գիտնալով, որ վտանգը, որ աշխարհէն կու գայ եւ որուն դիմաց կը գտնուինք բոլորս, միայն չի սպառնար անհատապէս մեզի, այլ` կը սպառնայ ամբողջ ընկերութեան:
«Մեղքը թէեւ մարմնապէս կրնայ մեզ չմեռցնել, սակայն անպայմանօրէն հոգին կ՛անդամալուծէ եւ մարդը սրբութեան շնորհէն կը զրկէ», շեշտեց Սրբազանը եւ եզրափակելով իր խօսքը յորդորեց ներկայ հաւատացեալները աղօթելու, որպէսզի հաւատքի ուժով մենք կարենանք մեր սուրբերը պաշտել եւ անոնց առաջնորդութեամբ մեր շրջապատին նաեւ յոյս բերել, մեզ տագնապեցնող ցաւերը նախախնամութեան փոխանցել եւ մեր կեանքին համար Աստուծմէ նոր յոյս ու նոր հոգի աղերսել:
Ժամասացութիւնը աւարտեցաւ «Տէր ողորմեա»-ի եւ «Հայր մեր»-ի երգեցողութեամբ: