Օրհնութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի, հինգշաբթի, 20 փետրուարին Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:
Առաւօտեան ժամը 9:30-ին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակին կից տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի: Այնուհետեւ առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին` թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի, ուր հայր սուրբը մատուցեց Ս. պատարագ:
Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան իր քարոզին մէջ ըսաւ, որ իրենց հաւատքին համար ամէն ինչ զոհելու պատրաստակամութեամբ, Աւարայրի դաշտին մէջ Վարդանանք նպատակ ունէին ապահովել հայ ազգի հաւատքի եւ ազգին մշակոյթի գոյութիւնը: Անոնք այդ նկարագիրով կռուեցան, նոյն քաջութեամբ պահեցին իրենց ազգային, կրօնական, մշակութային երեսը պարսից զօրքին դիմաց, եւ նոյն այդ կամքին, ուժին, նկարագիրին արդիւնքը այսօր մենք` որպէս հայ ժողովուրդ, հպարտութեամբ կը տօնախմբենք, կը յիշատակենք եւ կ՛ոգեկոչենք մեր կեանքի ընթացքին: «451 թուականը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ պատմակրօնական, ազգային կարեւոր թուական մըն է, որովհետեւ Վարդան եւ իր հետեւորդները որոշեցին պայքարիլ իրենց հաւատքին եւ մշակոյթին համար: Վարդանանք` որպէս քրիստոնեաներ, միայն ու միայն քրիստոնէութիւնը չապրեցան իրենց կեանքին մէջ` որպէս պարտաւորութիւն եւ պարտականութիւն, այլ անոնք քրիստոնէութիւնը դարձուցին իրենց անբաժան մասնիկը եւ քրիստոնէութեան համար գացին Աւարայր` իրենց արիւնը շաղախելու այդ հողին մէջ, որպէսզի այդ պարարտ հողին մէջ չչորնայ իրենց արեան կտակը, եւ այդ կտակը փոխանցեն այսօր մեզմէ իւրաքանչիւրին` որպէս ժառանգորդները Վարդանանց», շեշտեց Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան: Շարունակելով իր խօսքը` հայր սուրբը ըսաւ, որ Վարդանանք միայն Աւարայրի դաշտին վրայ չկռուեցան, այլ այսօր մեր կեանքին մէջ ամէն օր կը կռուին, սակայն` մէկ տարբերութեամբ. այսօր ոչ ոք մեզմէ կը խնդրէ երթալ եւ մեր մարմինը զոհել վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց, բայց այդ կտակը այսօր այլ ձեւով կը դրսեւորուի, որ` անիկա մեր ամէնօրեայ կեանքին անբաժան մասնիկը ըլլայ, մեզ կը մղէ պայքարի, որպէսզի մենք ամուր պահենք մեր մշակոյթը, մեր եկեղեցին եւ մեր լեզուն, մանաւանդ որ մեր ժողովուրդի զաւակները, անցեալէն աւելի, այսօր պէտք ունին մեր մշակոյթի, ազգի, հայրենիքի, հաւատքի, եկեղեցւոյ կապուածութեան եւ սրբութեան:
«Մենք հաւատքի ժողովուրդ ենք: Մենք անկեղծութեան եւ միասնականութեան խորհրդանիշ ժողովուրդ ենք: Մենք ազգային եւ հոգեւոր եկեղեցիին ժողովուրդն ենք, որովհետեւ մեր ազգը ազգ կը դառնայ իր եկեղեցիով, իր հաւատքով, կրօնով, իսկ եկեղեցին եկեղեցի կը դառնայ իր ժողովուրդի զաւակներով ու անոնց հաւատքի զօրութեամբ եւ ամրութեամբ», շեշտեց Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան` աւելցնելով, որ Վարդանանք Աւարայրի դաշտէն կոչ կ՛ուղղեն, որ չմոռնանք, թէ մենք հայ քրիստոնեայ ենք եւ այդ մէկը չենք կրնար գնել: «Քրիստոնէութիւնը մեր հաւատքն է, մեր սէրն է, մեր վստահութիւնն էե, եզրափակեց ան:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: