«Հայրենասիրութիւնը Քրիստոնէական Հաւատքով Թարգմանել Եւ Հայ Քրիստոնէական Հաւատքը Հայրենասիրութեան Վերածել` Միմիայն Հայուն Տրուած Կարողութիւն Է» Նարեկ Արքեպիսկոպոս
Պուրճ Համուտի Նորաշէն թաղամասի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ համախմբուած մեծաթիւ հաւատացեալները հինգշաբթի, 28 փետրուար 2019-ին եկած էին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի խօսքերով, 451 թուականը, մեր առօրեային եւ ներկային առնչելով, Սուրբ Վարդան Մամիկոնեանի անունը կրող այս ս. եկեղեցւոյ մէջ միասնաբար աղօթքով, ս. պատարագով եւ հոգեւոր ու ազգային զգացումներով վերանորոգելու մեր քրիստոնէական հաւատքին եւ հայրենիքին ամրօրէն կառչած մնալու ուխտը: Անոնք նաեւ համախմբուած էին Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ մէջ իրենց կրօնին ու ազգին նկատմամբ հաւատարմութեան եւ ծառայութեան յանձնառութիւնը վերահաստատելու, որովհետեւ այդպէս է, որ կրնայ գոյատեւել հայութիւնը, այդպէս եղած է անցեալին, նաեւ` այսօր ու ապագային:
Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ տօնակատարութիւնը արդէն իսկ ընթացք առած էր օր մը առաջ` չորեքշաբթի, 27 փետրուարին, երբ եկեղեցւոյ ծառայութեան լծուած թաղականութիւնը, տիկնանց յանձնախումբը, դպրաց դասէն անդամներ եւ հայորդիներ, տարիներու աւանդութիւնը կենդանի պահելով, մատաղ պատրաստեցին` հսկայ կաթսաներու ետին կանգնած: Նուիրական աշխատանք, որուն կողքին, ամէն կիրակի տարուող ծառայութեամբ, Հայ եկեղեցին կը մնայ պայծառ եւ անսասան:
28 փետրուարի առաւօտեան ժամը 9:30-ին Առաջնորդ Սրբազանը դիմաւորուեցաւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ ընտանիքին կողմէ, ապա մուտք գործեց եկեղեցի, ուր մատուցեց սուրբ եւ անմահ պատարագ` հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ներկայութեան:
Իր քարոզին սկիզբի բաժինով Նարեկ Արքեպիսկոպոս շնորհաւորեց Վարդան եւ Ղեւոնդ անուն կրողներն ու այն հայորդիները, որոնք սուրբի մը անուն չեն կրեր, եւ իբրեւ Վարդանի բանակի զինուորներ` իրենց անուանակոչութիւնը կը նշեն: Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ Ս. Վարդանանց եկեղեցին յատուկ նշանակութիւն ունի իրեն համար, որովհետեւ իր մեծ ծնողներն ու ծնողները ապրած են այդ շրջանին մէջ, պատկանած են այդ ծուխին, ուր ինք ստացած է հոգեւոր դաստիարակութիւն, ծառայած է եկեղեցւոյ, եւ ուրկէ քայլերը առած է դէպի հոգեւորական ծառայութիւն: Ան նշեց, որ թէեւ այսօրուան եկեղեցւոյ կառոյցը գոյութիւն չունէր օրին, բայց եւ այնպէս շէնքը չէ, որ եկեղեցւոյ իմաստ եւ առաքելութիւն կը շնորհէ, այլ` հաւատացեալներու խումբը, որոնք եկեղեցին կը պահեն իրենց հոգիներուն մէջ եւ զայն կը դարձնեն ամէնօրեայ ապրումի:
Նարեկ Արքեպիսկոպոս իբրեւ քարոզի բնաբան` նախ յիշեցուց, որ իւրաքանչիւրը կոչուած է իր քրիստոնէական հաւատքը կեանքով ու գործով ապրելու, վկայութեամբ թարգմանելու եւ ի պահանջել հարկին` նահատակութեամբ արտայայտելու: Ան դիտել տուաւ, որ եբրայեցիներուն ուղղուած նամակով առաքեալը շատ յստակ կերպով հաւատացեալներուն ուշադրութեան կը յանձնէ այն, որ քրիստոնէական կեանքը շարունակական մարտահրաւէր է ու պայքար` մեղքին դէմ:
«Սրբոց Վարդանանց հերոսամարտի պատգամը եւս ուրիշ բան չէ: Հայ եկեղեցւոյ աղօթքներուն մէջ մենք միշտ կ՛ընդգծենք, որ չարը, սատանան եւ մեղքը յայտնի եւ անյայտ ճամբաներով, ծանօթ ու անծանօթ միջոցներով կը փորձեն թափանցել մեր կեանքին մէջ, եւ այդ իրողութեան դիմաց մենք պարտինք մեր քրիստոնէական հաւատքով պատնէշ կանգնեցնելու եւ յաղթական դուրս գալու այդ պայքարէն:
«Վարդանանց պատերազմը ամէնէն պերճախօս արտայայտութիւնը եղաւ այս սկզբունքին. հաւատքի եւ հայրենիքի համար մղուած հերոսամարտ, որ այսօր եւս կը շարունակէ մղուիլ բոլոր հայորդիներուն կողմէ ամէն տեղ, ուր որ հայ ժողովուրդը կ’ապրի եւ կը գործէ: Սուրբ Վարդանանք եւ Սուրբ Ղեւոնդեանք կու գան այսօր մեզի յիշեցնելու, որ մեր հայ քրիստոնէական հաւատքը ինքնատիպ հաւատք մըն է, եւ առաւել, մեր հայրենիքը անսակարկելի արժէք է, եւ մենք ամէն զոհողութեամբ կառչած պիտի մնանք մեր քրիստոնէական հաւատքին ու հայրենիքին: Հայրենասիրութիւնը քրիստոնէական հաւատքով թարգմանել եւ հայ քրիստոնէական հաւատքը հայրենասիրութեան վերածել` միմիայն հայուն տրուած կարողութիւն է», հաստատեց առաջնորդը, որ պատմութեան ընդմէջէն յիշեց այն անձնաւորութիւնները, որոնք այս բոլորին լաւագոյն թարգմանը հանդիսացան, նահատակուեցան` ի խնդիր քրիստոնէութեան եւ հայրենիքին, որքան ալ մեծ եղան մարտահրաւէրները: Աւարայրի ճակատամարտի մասնակիցները յայտարարեցին, որ Աւետարանը կ’ընդունինք իբրեւ մեր հայրը, իսկ Հայ եկեղեցին` իբրեւ մեր մայրը: «Ահաւասիկ այս երկու սրբութիւնները միաձուլուելով` դարձան մեր կեանքի ճանապարհը եւ նշանաբանը: Աւետարան եւ եկեղեցի` կը նշանակէ հայ քրիստոնեայ ժողովուրդ, հայ քրիստոնեայ հայրենիք, հայ քրիստոնեայ ինքնութիւն», հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը` յայտնելով, որ այսօր մենք եւս կը վերանորոգենք մեր ուխտն ու յանձնառութիւնը` յայտարարելով, որ պատրաստ ենք մեր արեան գնով պաշտպանել այս սրբութիւնները:
Նարեկ Արքեպիսկոպոս ըսաւ, որ Վարդանանց հերոսամարտը իբրեւ գոյամարտ կը շարունակէ մնալ մեր կեանքին մէջ, ուստի չի բաւեր անցեալով պարծենալ, այլ` անցեալին տէր կանգնիլ այսօր եւ ապագան նախապատրաստել նոր սերունդներուն համար: «Վարդանանց պատգամին անմիջականութիւնը չի մարիր, որովհետեւ եկեղեցի եւ ազգ, հաւատք եւ մշակոյթ միաձուլուած արտայայտութիւն կը գտնեն Սրբոց Վարդանանց եւ Սրբոց Ղեւոնդեանց կեանքի ու արեան, նահատակութեան ճամբով», ըսաւ Առաջնորդը` աւելցնելով, որ մերօրեայ կեանքին մէջ ալ, երբ փոթորիկներ կը փչեն, դժուարութիւններ կը ցցուին մեր դիմաց, մենք կը դիմենք եկեղեցւոյ ու ազգին, հաւատքին ու մշակոյթին, այլ խօսքով` հայ քրիստոնէական պատկանելիութեան, որպէսզի դիմագրաւենք ամէն մարտահրաւէր:
Ան ձախողած նկատեց ամէն փորձ, որ կը միտի այս բաղադրիչները անջատել իրարմէ, հաստատելով, որ հայուն ինքնութիւնն ու պատկանելիութիւնը հայ քրիստոնէական է, ինչ որ կը նշանակէ հայրենիք ու եկեղեցի միացեալ, մէկ ամբողջութիւն, որուն շնորհիւ ալ կարելի եղած է տանիլ բազում յաղթանակներ, որոնց կարգին` Վարդանանց հերոսամարտը, որ համաժողովրդական պայքար էր: Սրբազանը նշեց, որ հաւատքով եւ բազուկով, խաչով ու սուրով պայքարած ու նուաճումներ արձանագրած է հայ ազգը, եւ կոչ ուղղեց այսօր եւս յանձնառութիւն վերցնելու հայ քրիստոնէական ինքնութիւնը անաղարտ պահելու համար:
Ապա Նարեկ Արքեպիսկոպոս կարդաց Հայ եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին մասին հետաքրքրական եւ յատկանշական վկայութիւն մը` ամերիկացի միսիոնար Հերպըրթ Ալենի կողմէ տրուած: Ան Հայ եկեղեցին կը նկատէ ազգի մը հոգիին մարմնացումը աշխարհի վրայ: «Խաւարի դէմ` Քրիստոսի սուրբ անուամբ մերթ պայքարող մերթ անպատմելի հալածանքի տակ յօշոտուող եւ արիւնող եւ մերթ խաղաղ օրերու մէջ քրիստոնէական հաւատքի յաղթական օրհներգները եղանակող, միշտ կենդանի, միշտ հաւատարիմ եւ յաւիտեան յուսալից հոգիին տեսիլն է, որ կը հրահրէ, կը բոցավառէ քրիստոնեայ հաւատացեալին երեւակայութիւնը եւ կրօնական ջերմեռանդութիւնը: Հայ ազգութեան այս հոգիին ազդեցութիւնը ոչ մէկ ժամանակ աւելի խորապէս զգացած եմ, բացի երբ կը կանգնէի հեռաւոր Հայաստանի լռին հովտի մը վաղեմի մէկ վանքին շրջափակին մէջ: Ո՜հ, ի՛նչ պերճախօս լռութիւն էր այն: Եւ յետոյ մէն մի գիւղի, աւանի եւ քաղաքի քարուկիր ամուր եկեղեցին, ղօղանջող զանգակը, աղօթքի եւ պաշտօնի անվրէպ ժամերը, մշտաբաց դուռը, ինչե՜ր, ինչե՜ր, կը յայտնեն այն ոգիին մասին, որ ո՛չ հուրը, ո՛չ սուրը, ո՛չ ժամանակը կրցած են մարել: Երբ այսպիսի մտածումներու մէջ թաղուած` կը կանգնիմ ես հայկական տաճարի մը մէջ, փոյթ չէ` որքան ալ անփառունակ ըլլայ այն, եւ կ՛ունկնդրեմ Աւետարանը ընթերցումի, կամ պատմական շարականներու վեհ եղանակները, կամ` հոգեշունչ աղօթքի մը մատուցումը, խորապէս կը յուզուի սիրտս: Հայ մը ինչպէ՞ս կրնար անտարբեր կենալ ազգին այս մայր ոգիին առջեւ, ի զուր ջանացած եմ հասկնալ: Պիտի մեղադրուի՞մ արդեօք, եթէ ես` օտարական մը, ազդարարութիւն մը ընեմ: Եկեղեցիին պաշտպան այս գեղեցիկ ոգին բազում դարերու փոթորիկներուն կուրծք տուած է, բայց հիմա կարծես վտանգի մէջ կը գտնուի ներքուստ», կը գրէ միսիոնարը` թուելով այն մարդիկը, որոնք եկեղեցւոյ թերութիւններուն վրայ լուսարձակ բանալով` չեն կրցած տեսնել ազգային հոգիին տեսիլը: «Ջանացի ցոյց տալ, թէ ինչո՛ւ Հայաստանեայց եկեղեցին կ՛ազդէ իմ երեւակայութեանս վրայ, եւ թէ ինչո՛ւ կը ստիպուիմ ըսել, որ բարեբախտ են այն հայերը, որոնք իրենց հոգեւոր ժառանգութեան թանկագին յարգը կը զգան», կը շարունակէ ան` անդրադառնալով եկեղեցւոյ իւրայատկութիւններուն եւ անոր ծառայութեան լծուած անձերուն, որոնք հոգեւոր արթնութեան աշխատանք կը տանին, որպէսզի հայը շարունակէ մնալ անկախ ու ինքնավար ըլլալու հակում ունեցող, ազատասէր, յառաջադէմ:
Այս վկայութեան ընթերցումէն ետք Նարեկ Արքեպիսկոպոս շեշտեց, որ այս բոլորին դիմաց կարելի չէ անտարբեր մնալ, փառք տալով Աստուծոյ, որ քիչ է անտարբերներուն թիւը, շատ է հայութեամբ, հայ աղօթքով, ինքնութեամբ եւ հայրենիքով ապրողներուն թիւը, աղօթելով, որ այս թիւը վերածուի նաեւ որակի, ապրումի, ծառայութեան` մեր ազգային ու հոգեւոր կեանքին մէջ, որպէսզի այդպիսով ըլլանք արժանաւոր զաւակները Վարդանանց եւ Ղեւոնդեանց, որոնց օրհնութեամբ պիտի շարունակենք մեր յաղթական երթը:
Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց եւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ ամէն ձեւով եկեղեցւոյ ծառայութեան լծուած անձերուն, անոր պայծառութեան համար նիւթաբարոյական օժանդակութիւն ցուցաբերած հայորդիներուն մասին:
Պատարագէն ետք կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:
Ապա Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան: Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ անունով բացման խօսք արտասանեց Սեդա Պիլեմճեանը, որ հաստատեց, թէ եկեղեցւոյ բարեզարդման աշխատանքները մնայուն բնոյթ ունին եւ զանոնք շարունակելու իմաստով թաղականութիւնը վճռական է` սրբազան հօր առաջնորդութեամբ եւ հայորդիներուն օժանդակութեամբ ու քաջալերանքով:
Թաղականութիւնը այս առիթը յարմար նկատեց իր երախտագիտութիւնը յայտնելու եւ յուշանուէրներ յանձնելու այն անձերուն, որոնք տարբեր ձեւերով մասնակից դարձած էին եկեղեցւոյ բարեկարգման, բարեզարդման եւ վերաշինութեան` Էլիաս եւ Այսար Ալամ եղբայրներ, Շահէ Բոժոժեան, Աստուրեան եղբարք: Յուշանուէրները յանձնեցին Նարեկ արքեպիսկոպոսն ու Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Յովիկ Պիլեմճեանը, որ այս առիթով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նուիրատուներուն եւ տարբեր ձեւերով եկեղեցւոյ կողքին կանգնած եւ ոչինչ խնայած անձերուն:
Իր սրտի խօսքին մէջ Նարեկ Սրբազան ողջունեց եկեղեցին եկեղեցի դարձնող նուիրեալները, խօսքը գործի վերածող անձերը` դիտել տալով, որ իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ անուանակոչութիւն նաեւ անուանակոչութիւն է բոլոր եկեղեցիներու, որովհետեւ իբրեւ լիբանանահայութիւն` մէկ հաւաքականութիւն ենք, որ կ՛ուրախանայ եւ կը տխրի միասին, միասնաբար դէմ յանդիման կը կանգնի մարտահրաւէրներուն: Նարեկ Արքեպիսկոպոս այս իրողութեան ամէնէն պերճախօս վկայութիւնը նկատեց Վարդանանց գոյամարտը, որ պատմութեան պատկանող դէպք չէ, այլ այսօր կը շարունակուի մեր կեանքին մէջ, որովհետեւ այսօր եւս ամէն տեղ ու ամէն տեսակ յազկերտներ կան, եւ անոնք պէտք է գիտնան, որ հայ ժողովուրդը ամէն օր Աւարայր կը մղէ ու կը յաղթէ իր քրիստոնէական հաւատքով, հայեցի նկարագիրով եւ ինքութեամբ, հայրենիքով, Արցախով, պատմական Հայաստանով, Կիլիկիայով: Ան դիտել տուաւ, որ մեր հայրենիքի սահմանները ուրիշներ չէ, որ կը գծեն, այլ մենք կը գծենք, ոչ թէ քարտէսի վրայ, այլ` մեր կեանքին մէջ ու մեր արեամբ, շեշտելով, որ այս է Վարդանանց պատգամը, որ կը դրսեւորուի բոլորիս կողմէ տարուած յաջողութիւններուն մէջ, որոնցմով կրնանք հպարտանալ արժանի զաւակը ըլլալու հայ ազգին:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն մասնակցեցան` Շաքէ Պաղտասարեան, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ դպրաց դասը` ղեկավարութեամբ դպրապետ Կարօ Աղազարեանի, Անայիս Կետիկեան եւ Յովիկ Թաֆրանեան` նուագակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի: