Անցնող շաբաթավերջին Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնն էր: Առ այդ, շաբաթ, 25 մարտին եկեղեցւոյ կից թաղին մէջ տեղի ունեցաւ տօնավաճառ` մասնակցութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղին, «Ռոստոմ» պատանեկան միութեան, Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանին, ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ դպրաց դասին եւ կիրակնօրեայ դպրոցի վարչութեան, որոնք իրենց յատկացուած կրպակներուն մէջ վաճառեցին ուտելիքներ, յուշանուէրներ եւ զարդեղէններ: Տօնավաճառին զուգահեռ տեղի ունեցաւ մատաղի պատրաստութիւն, որ տեւեց մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամերը:
Կիրակի, 26 մարտին առաւօտեան ժամը 9:00-ին Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան հասաւ Արաքս թաղի մուտքը, ուր արժանացաւ ժողովրդային ընդունելութեան: Ապա, առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, թափօրը ուղղուեցաւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի, ուր մատուցուեցաւ Ս. պատարագ:
Իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը պատմական ակնարկ մը նետեց 4-րդ դարուն ապրած` Հռոմէական կայսրութեան բանակին մէջ ծառայող 40 զօրականներուն կեանքին` շեշտելով, որ անոնք անդրդուելի մնալով իրենց հաւատքին մէջ, նախընտրեցին նահատակուիլ, քան հրաժարիլ իրենց հաւատքէն ու արժանապատուութենէն եւ ենթարկուիլ կայսրի կամքին: Ան նկատել տուաւ, որ մենք ալ 40 զօրականներուն յիշատակով կը փորձենք մեր գիտակցութեան մէջ վերականգնել այն հաւատքը, որ ունէին անոնք: Սրբազան հայրը կոչ ուղղեց բոլորին իրենց հաւատքին մէջ ամուր մնալու եւ առաջնորդուելու Աստուծմով:
Շարունակելով իր քարոզը` Սրբազան Հայրը կրկին անգամ 40 զօրականներուն կեանքին օրինակը մէջբերելով հարց տուաւ, թէ արդեօք մենք ինչպիսի՞ հոգիով կառչած կը մնանք մեր հաւատքին եւ մեր առօրեային մէջ ինչպէ՞ս կը պաշտպանենք այդ հաւատքը, յատկապէս մեր կեանքի այս դժուար պայմաններուն մէջ:
Սրբազան Հայրը ըսաւ, որ Աստուած գիտէ, թէ մարդ արարածը իր հաւատքին մէջ տկար ու անկայուն է եւ իր կեանքը կը կապէ այնպիսի երեւոյթներու, որոնք զինք կը հեռացնեն իր հաւատքէն եւ կ՛առաջնորդեն անկումի` աւելցնելով, որ այդ պատճառով մեր տէրը մեզ կը սթափեցնէ, որպէսզի գիտակցինք, թէ անհրաժեշտ է հաւատքի մարզին մէջ յարատեւել եւ մենք զմեզ զգալ Տիրոջ ներկայութեան մէջ, որպէսզի ան մեր կողքին մնայ մեր կեանքի դիւրին եւ դժուարին պայմաններուն մէջ:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:
Այնուհետեւ եկեղեցւոյ «Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեան» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան: Օրուան հանդիսավար Կարօ Աղազարեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն հրաւիրեց Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Գէորգ Նալպանտեանը փոխանցելու իր խօսքը: Նալպանտեան նկատել տուաւ, որ եկեղեցւոյ թաղականութիւնը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի 2017 տարին «Վերանորոգման տարի» հռչակելուն առիթով ներշնչուած, նախաձեռնեց նախօրօք ծրագրուած եւ սառեցուած` Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ ներքին թէ արտաքին տեսքի բարեզարդման աշխատանքին, յոյս յայտնելով, որ մինչեւ ամառ սոյն աշխատանքը կ՛իրականանայ: Ան ըսաւ, որ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ կից գտնուող դպրոցը յաճախող աշակերտները ըստ աւանդութեան ամէն առաւօտ խաչակնքելով մուտք կը գործէին վարժարան եւ իրենց մէջ հաւատքի կայծը միշտ վառ կը մնար: Նալպանտեան մտահոգութիւն յայտնեց յառաջիկային սոյն աւանդական երեւոյթի բացակայութեան առնչութեամբ շեշտելով, որ մեծ աշխատանք կ՛ակնկալուի նորակառոյց Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէնութենէն, որ իր կարելին ընէ ամէն կիրակի հերթաբար դասարան առ դասարան ստիպելով աշակերտներուն, որ իւրաքանչիւրը պարտաւորուի իր ծխային շրջանի եկեղեցին յաճախել:
«Մեծ յոյսով կը սպասենք նորակառոյց Ազգային միացեալ վարժարանի բացումին, որուն վրայ գրաւական դրուած է աշակերտութեան լուսաւոր ապագային համար: Հոն աշակերտները պիտի ստանան արդիական կրթութիւն` հանգստաւէտ վայելուչ դասարաններու, նաեւ ժամանակակից միջավայրի մը մէջ, որուն նմանը նախապէս որեւէ վարժարան չէ ունեցած», հաստատեց Նալպանտեան` մաղթելով, որ Աստուած իր օրհնութեամբ լուսաւոր օրեր պարգեւէ ապագայ հայազգի ղեկավարներու բանակին:
Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան ելոյթ ունենալով նկատել տուաւ, որ անցնող շաբաթներուն մեր եկեղեցիներու անուանակոչութեան տօները տարբեր մտածումներու, խորհուրդներու եւ մտահոգութիւններու արծարծման առիթ ծառայեցին մեր բոլորին եւ կը շարունակեն ծառայել: Ան նկատել տուաւ, որ այս օրերուն հայկականութիւնը մեր միջավայրին մէջ, իր տարբեր մարզերուն մէջ, նաեւ եկեղեցւոյ հանդէպ` նահանջ արձանագրած է: Հաւաթեան շեշտեց, որ մեր եկեղեցիներուն շուրջ մեր երիտասարդութեան բացակայութիւնը ակներեւ եւ տեսանելի է բոլորին համար` աւելցնելով, որ մեր ընդհանուր կեանքին մէջ մեր երիտասարդութեան մեծ զանգուած մը կայ, որ հեռու է մեր կեանքէն, միջավայրէն, ակնկալութիւններէն, ինչ որ մեզի համար մեր ապագային հաշուոյն լուրջ մտահոգութիւն է: «Եթէ մենք կը հաւատանք այս գաղութին կեդրոնական դերին իր եկեղեցիներով, միութիւններով, ակումբներով եւ կառոյցներով, բոլորս համահաւասար չափով պարտաւորութեան տակ ենք մտածելու այս մասին եւ այս է, որ անցնող ամիսներուն ընթացքին պատկան մարմիններու կողմէ կը շեշտուի ո՛չ միայն խօսքով, այլեւ գործով», հաստատեց Յ. Հաւաթեան նկատել տալով, որ ՀՅԴ-ի 126-ամեակի տօնակատարութեան ընթացքին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն հնչեցուց այս ահազանգը եւ հայկականութեան պահպանման համար յայտարարեց ֆոնտերու հաստատում: Շարունակելով իր խօսքը` ան ըսաւ, որ Ազգային առաջնորդարանը իր կարգին այս իմաստով կը ձեռնարկէ մեր ժողովուրդի տարբեր խաւերուն հետ հանդիպումներու եւ ծրագրումներու, նաեւ քաղաքապետութիւնը իր կարգին նախանձախնդիր է մանաւանդ հայկական շրջաններու հայեցի դիմագիծի պահպանութեան:
«Մեծ յանձնառութիւններու տակ կը գտնուի այսօր ամբողջ լիբանանահայութիւնը, երբ կը վերանորոգէ կրթական ամբողջ համակարգը, եւ հսկայական գումարներ կը տրամադրուին մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար, որպէսզի կարելի ըլլայ զանոնք համախմբել արդիական կարելիութիւններով օժտուած միջավայրի մը մէջ», շեշտեց Հաւաթեան` աւելցնելով, որ օտարացումը սկսած է տարածուիլ գաղութին մէջ եւ մեր ժողովուրդը սկսած է անտարբեր մնալ այս երեւոյթին նկատմամբ: Ան ըսաւ, որ մենք բոլորս պարտաւորութեան տակ ենք եւ իբրեւ այս գաղութի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ մեր կարելին կ՛ընենք, բայց ասիկա բաւարար չէ, եթէ ժողովուրդի բոլոր խաւերը մեզի հետ մասնակից չդառնան` աւելցնելով, որ այսօր այս բոլոր նախաձեռնութիւններուն ի տես, երբ մեր ժողովուրդը կը տեսնէ խօսքէն անկախ գործը, կ՛ակնկալենք, որ իրենք ալ սատարեն այդ գործին: «Հայկականութիւն պահելու համար միայն նիւթականը բաւարար չէ, այլեւ պէտք է գիտակից ըլլանք այս գաղութի կարեւորութեան, որովհետեւ այս գաղութը տակաւին մեծ դեր եւ նշանակութիւն ունի բովանդակ հայութեան ու հայ աշխարհի մէջ եւ մենք հպարտ ենք, որ այդ դերակատարութիւնը մեր մէջ կը տեսնեն բոլորը, Հայաստանէն մինչեւ հեռաւոր սփիւռքի զանազան գաղութներ: Պարտաւոր ենք միասնաբար տէր կանգնելու այս կոչումին», հաստատեց Ազգային վարչութեան ատենապետը եւ եզրափակելով իր խօսքը մաղթեց, որ այս առիթը ծառայէ մենք զմեզ աւելի խորհրդածութեան մէջ դնելու եւ մասնակից դառնալու պատրաստակամութիւն դրսեւորելու` մեր հաւաքական գործին:
Սրբազան Հայրը խօսք առնելով յայտնեց, որ ներկայ պայմաններուն մէջ ամէն մարդ ունի իր մտահոգութիւններն ու նեղութիւնները, սակայն հաւաքաբար պարտաւոր ենք նայիլ դէպի ապագայ, որովհետեւ մեր վաղուան կեանքը կախեալ է մեր այսօրուան առնելիք որոշումներէն եւ քայլերէն: Անդրադառնալով Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի Ազգային միացեալ վարժարան տեղափոխման` սրբազան հայրը հաստատեց, որ ատիկա չի նշանակեր, որ այս տան դռները պիտի փակուին, այլ` մեր աշխատանքով, հաւատքով, նուիրումով եւ մեր լումայով այս միջավայրը քիչ մը աւելի հիւրընկալ միջավայրի պարտաւոր ենք վերածել: Մեր առաքելութեան համար նոր միջոցներ եւ կերպեր պիտի գտնենք, որպէսզի այս միջավայրը իսկապէս աւելի հիւրընկալ միջավայրի վերածուի:
«Եթէ հայ դպրոցը կը տեղափոխուի, կիրակնօրեայ վարժարանը պէտք է ընդարձակուի եւ անոր առաքելութիւնը պէտք է առաւել եւս շեշտուի այս միջավայրին մէջ, որպէսզի մեր ժողովուրդի զաւակները մեր եկեղեցիէն հեռու չըլլան: Հայ դպրոցին վաստակը իր արտայայտութիւնը պէտք է գտնէ աւելի ուժգին կերպով մեր առօրեային մէջ` յառաջիկայ տարի եւ գալիք տարիներուն: Հայ դպրոցը մենք չենք կրնար բաժնել հայ եկեղեցիէն եւ ո՛չ ալ հայ մանուկը կը հեռացնենք հայ դպրոցէն կամ հայ եկեղեցիէն, այլ` նոր միջոցներ գտնելով պիտի պահենք այդ կեանքին բնական ընթացքը եւ պիտի զօրանանք», հաստատեց Սրբազան Հայրը` աւելցնելով, որ ժամանակը հասած է, որ հայ դպրոցը նորոգէ իր միջոցները, եւ Ազգային առաջնորդարանը մեծ գումարներ տրամադրելով այդ աշխատանքը կատարեց, որպէսզի մեր զաւակները արդի կեանքի պահանջներուն համաձայն իրենց կրթութիւնը ստանան առողջ եւ լաւ միջավայրի մը մէջ:
Եզրափակելով իր խօսքը` Սրբազան Հայրը գնահատեց եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուած մարմիններն ու անհատները իրենց տարած աշխատանքին համար` եկեղեցւոյ յարատեւութեան ի նպաստ եւ կոչ ուղղեց ըլլալու յարատեւող ո՛չ միայն յարգելու համար յիշատակը մեզ կանխող սերունդներուն, այլեւ գիտակցելով, թէ ի՛նչ ըրին անոնք եւ շարունակել իրենց գործը, որովհետեւ հայութիւնը չի պատկանիր միայն անցեալին, կամ ներկային, այլեւ ապագային եւ իբրեւ ժողովուրդ մենք ունինք մեր պարտականութիւնները, որոնց նկատմամբ իրաւունք չունինք տկարանալու, այլ պէտք է ոգեւորուինք եւ միասին դիմագրաւենք մեր կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցող բոլոր դժուարութիւնները:
Այնուհետեւ յուշանուէր յանձնուեցաւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբի երկարամեայ ծառայութիւն մատուցած անդամ Արշալոյս Պարսումեանին:
Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան Արա Կարէեան (երգ)` «Քնարական զուգերգ», Յովիկ Քէօշկերեան (երգ)` «Տուն իմ հայրենի», Նուշիկ Քէքէճեան (երգ)` «Ես իմ անուշ Հայաստանի», Յովիկ եւ Անի Քէօշկերեաններ (երգ) «Խանդոտ կինը», Քրիսթին Սրապոնեան (ասմունք)` «Մենք», Գ. Էմին, Կարօ Աղազարեան (ասմունք)` «Հայ լեզուն տունն է հայուն» Մ. Իշխան, պար` դպրաց դասի անդամներ: