Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ. Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօնակատարութիւն

Քրիստոնէութիւնը լոկ սիրոյ քարոզութեան կրօն մը չեղաւ: Ան լեցուն է նաեւ նահատակութեան կենդանի օրինակներով, որոնք առաւել եւս շեշտեցին հաւատքի կեանքը ժողովուրդին մէջ: Սուրբերն ու նահատակներն են, որոնք քրիստոնէական եկեղեցին պահած են զօրեղ ու դարձած են վահան թշնամիներուն դէմ: Ս. Ստեփանոս Քրիստոսի եօթանասուներկու աշակերտներէն էր. ան վեց աշակերտներու հետ եկեղեցւոյ սպասաւորութեան` սարկաւագի պաշտօնին համար ձեռնադրուեցաւ: «Վարք սրբոց»-ին եւ «Յայսմաւուրք»-ին մէջ Ս. Ստեփանոսին տուած են «Պսակ եկեղեցւոյ», «Անդրանիկն մարտիրոսաց», «Նախավկայ, առաջին մարտիրոս», «Նախասարկաւագ» տիտղոսները, որովհետեւ ան իր սրբակենցաղ խիզախ կեանքով, ծառայասիրութեամբ եւ  նահատակութեամբ դարձաւ Քրիստոսի բանաւոր ու նորակազմ հօտին առաջին գառնուկը` ընծայուած Աստուծոյ:

Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին ամէն տարի մեծ շուքով կը տօնախմբէ քրիստոնեայ առաջին մարտիրոս Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին տօնը եւ նաեւ այդ օր կը նշէ սարկաւագներու ու կիսասարկաւագներու տօնը` նպատակ ունենալով քալել Ս. Ստեփանոսի հարթած ճանապարհէն եւ օրինակ ունենալ անոր սրբակենցաղ կեանքը: Այս առումով Լիբանանի հայոց թեմը յատուկ ժամերգութեամբ եւ հանդիսաւոր պատարագով յիշատակեց Ս. Ստեփանոսի տօնը երեքշաբթի, 25 դեկտեմբեր 2018-ի առաւօտեան, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսին: Ս. պատարագին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանը, Լիբանանի թեմի քահանայից դասը, Լիբանանի եկեղեցիներուն մէջ ծառայող սարկաւագներն ու կիսասարկաւագները եւ հաւատացեալներ:

Ս. պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց Միջդպրաց դասերու պատասխանատու եւ Ռմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեան: Ան իր քարոզին բնաբան ընտրած էր Նոր կտակարանի «Գործք առաքելոց» գիրքին մէջ գրուած Ս. Ստեփանոսի կողմէ ըսուած «Տէ՛ր, ներէ իրենց այս մեղքը» խօսքը: Ան յայտնեց, որ Հայաստանեայց եկեղեցին կը տօնախմբէ առաջին մարտիրոսին տօնը, որ այսօր մեզի պատգամ ունի փոխանցելիք: Ապա քահանայ հայրը խօսեցաւ Ս. Ստեփանոսի կեանքի առաքինութիւններուն մասին եւ ըսաւ, թէ ան Աստուծոյ ծառան դարձած էր եւ նախանձի պատճառով զինք քարկոծեցին: Ան ճշմարտութեան լոյսը կու տար, հրաշքներ կը գործէր, իր մէջէն Ս. Հոգին կը ժայթքէր: Այս տօնակատարութիւնը մեզ բոլորս մարտահրաւէրի առջեւ կը դնէ: Արդեօք մենք կը ներե՞նք մեր նմանին, որ մեղք կը գործէ, ինչպէս որ Ս. Ստեփանոս նախավկան ներեց իրենց. կը ներե՞նք անոր, որ կ՛անիծէ մեզի: Տէր Ղեւոնդ նշեց, որ այս տօնին գլխաւոր պատգամը այն է, որ պէտք է ներել մեր նմանին, ինչ որ ալ ըլլայ մեղքը: Ապա ան ըսաւ, թէ երկու շաբաթ ետք պիտի նշենք Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնը: Սակայն ոխով լեցուն եւ ներել չգիտցող սրտով կարելի չէ դիմաւորել Ս. Ծնունդը: Պէտք է մեր սրտերը մաքրել, մեր հաւատքը գործով փաստել, հետեւիլ Ս. Ստեփանոսի տիպար կեանքի օրինակին, ապրիլ սրբութեան շնորհը, ունենալ ներողամտութեան ոգին, որպէսզի կարենանք մաքուր սրտով դիմաւորել Ս. Ծնունդը, եզրափակեց քահանայ հայրը:

Ս. պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` Լիբանանի թեմին մէջ ծառայած ննջեցեալ սարկաւագներուն հոգիներուն համար:

Այնուհետեւ եկեղեցւոյ «Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեան» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Միջդպրաց դասերու ատենապետ Շահէ Քէշիշեան: Ան Միջդպրաց դասերու անունով ողջունեց բոլորը եւ հպանցիկ ակնարկ մը նետեց Ս. Ստեփանոսի կեանքին: Ապա անդրադարձաւ սարկաւագի պաշտօնին ու դերին եւ յայտնեց, որ սարկաւագը պէտք է ունենայ տիպար կեանք եւ ընդօրինակման նշոյլ հաւատացեալ մարդուն համար: Ս. Ստեփանոս իր կեանքով հետեւեալ պատգամները փոխանցեց. Ա. Անձնազոհութիւն: Օրինակ դառնալ ուրիշներուն, ինչպէս ինք օրինակ դարձաւ իր կեանքին զոհաբերութեամբ, Բ. Հաւատքի հաստատակամութիւն ունենալ եւ չընկրկիլ իր հաւատացած ճշմարտութենէն, Գ. Ներել մեր նմաններուն, ինչպէս ինք մահուան վայրկեանին աղօթեց եւ ներեց զինք քարկոծողներուն:

Այս առիթով մատուցուեցաւ պատշաճ գեղարուեստական յայտագիր մը. Յովակիմ Քէշիշեան (Ս. Յարութիւն եկեղեցի, Ռմէյլ) ասմունքեց Վահան Թէքէեանի «Հայու հոգին», Յովիկ Քէօշկերեան (Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի) մեներգեց «Մայրենի լեզու», Րաֆֆի Կէօվօղլանեան (Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի) մեներգեց «Անգին եղբայր», Ս. Նշան մայր եկեղեցին ներկայացուց կոմիտասեան պատարագէն «Խորհուրդ խորին», «Միայն սուրբ» եւ «Ամէն հայր սուրբ» շարականները, Ղազարոս Ալթունեան ներկայացուց վկայութիւն մը «Տէր ողորմեա» շարականին մասին, Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցին ներկայացուց «Սեղանն է առատ» երգը:

Հուսկ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս ուղղեց իր օրհնութեան խօսքը: Ան փառք տուաւ Աստուծոյ այս առիթին համար: Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես եկեղեցիներու խորաններուն վրայ ծառայողներու ներկայութեան: Ան ըսաւ, թէ երբ եկեղեցին սկսաւ, փոքր խումբ մըն էր: Առաքեալները տասներկու հոգի էին, անոնք վերնատան մէջ հաւաքուած էին, Ս. Հոգին ստացան, Աստուծմով զօրացան եւ առաքելութեան գացին: Առաջին եկեղեցական կեդրոնները` այսպէս կոչուած հայրապետական սուրբ աթոռները հաստատուեցան, եւ առաջնորդը մէկ եկեղեցւոյ մէջ կը պատարագէր: Քրիստոսի բանաւոր հօտը փոքր էր, եւ կամաց-կամաց քրիստոնէական հաւատքը` Քրիստոսի գործածած առակին համեմատութեամբ մանանեխի հատիկը աճեցաւ, զարգացաւ, եւ թեմեր հաստատուեցան, քահանաներ ձեռնադրուեցան  եւ սկսան մայր եկեղեցիներէն դուրս ծխական եկեղեցիներու մէջ պատարագ մատուցել: Սրբազան Հայրը ըսաւ, թէ մենք իրարու աղօթակից կը դառնանք եկեղեցւոյ մէջ: Երբ քրիստոնեան կ՛աղօթէ, ինքզինք զօրացած կը զգայ: Մենք մեծ ընտանիքը կը կազմենք հայ եկեղեցւոյ: Ապա անդրադարձաւ օրուան Ճաշու աւետարանին, ուր Յովհաննէս աւետարանիչ կը մէջբերէ Քրիստոսի խօսքը. «Ով որ կ՛ուզէ ինծի ծառայել, պէտք է ինծի հետեւի եւ ինծի ծառայողը պիտի ըլլայ հոն, ուր ես կը գտնուիմ, եւ հայրս պիտի պատուէ ինծի ծառայողը»: Երեք անգամ ծառայութիւն բառը կը յիշուի այս համարին մէջ, եւ Ս. Ստեփանոսի տօնը ծառայութեան տօնն է: Սարկաւագը Ս. խորանին ծառան է եւ հոն ծառայելով կը ծառայէ եկեղեցւոյ բոլոր կարիքներուն: Նարեկ Արքեպիսկոպոս այս առիթով գնահատեց եկեղեցւոյ մէջ բոլոր ծառայողները եւ յայտնեց, որ ծառայութիւնը սահման չի ճանչնար: Այս ծառայութիւնը կը շարունակուի կեանքէ-կեանք եւ սերունդէ-սերունդ: Ինչ որ մենք կ՛ընենք իբրեւ ծառայութիւն` Աստուծոյ անունով կ՛ընենք, առանց փառք փնտռելու: Ծառայութեան լաւագոյն ցուցանիշն է ներկայ գտնուիլ եւ մասնակցիլ: Հայ եկեղեցին չի սահմանափակուիր իր ծուխին մէջ, թեմի մը չորս պատերուն մէջ: Ան Աստուծոյ ներկայութիւնն ու ձայնն է, որ միշտ կը հնչէ, բայց պէտք է ականջ ունենալ` լսելու համար այդ ձայնը: Ապա Սրբազան Հայրը ըսաւ, որ ծառային պատիւը, գնահատանքը իր ծառայութիւնն է: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ ընտանիքի անդամներուն` իրենց հիւրընկալութեան համար, եւ վերյիշեց քրիստոնէական կեանքի առաջին դարերու հիւրընկալութիւնը: Իր խօսքին վերջին բաժինով Առաջնորդ Սրբազանը մաղթեց, որ 2019 տարին ըլլայ առաւել ծառայութեան տարի մը, որովհետեւ ծառայութեան ընդմէջէն կը գտնենք հոգեկան բաւարարութիւն ու երջանկութիւն: Աստուծոյ եւ ազգի տան շէնութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքի բարօրութիւնն է:

Աւարտին ներկաները երգեցին «Կիլիկիա» երգը, եւ Սրբազան Հօր պահպանիչով վերջ գտաւ Ս. Ստեփանոսի տօնակատարութիւնը: