Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ. «Տեառնընդառաջի Խարոյկը Մեզի Կը Յիշեցնէ Լոյսը, Որ Կը Փարատէ Կեանքի Խաւարը» Շեշտեց Շահէ Եպս. Փանոսեան

Երեքշաբթի, 13 փետրուարի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի ժամերգութիւն, որուն հանդիսապետեց եւ ժողովուրդին իր պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան:

Ան ըսաւ, որ Տեառնընդառաջի տօնը կը խորհրդանշէ Յիսուս Քրիստոսի քառասնօրեայ ընծայումը տաճար, եւ այս աւանդութիւնը տակաւին մաս կը կազմէ հայ ժողովուրդի սովորութիւններուն. հայերը Քրիստոսի ընծայման օրինակով իրենց զաւակները քառասնօրեայ հասակին կ՛ընծայեն եկեղեցւոյ սեղանին: Սրբազան Հայրը յայտնեց, որ բարեպաշտական սովորութիւնը խոր իմաստ ունի բոլոր անոնց համար, որոնք հաւատքով կը նային այն բոլոր երեւոյթներուն, որոնք կ՛աւանդուին մեզի  եկեղեցւոյ ճամբով:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ակնարկելով աւետարանական վկայութեան, անդրադարձաւ Սիմիոն ծերունիին, որ չմեռաւ, մինչեւ որ տեսաւ Փրկիչին յայտնութիւնը: «Այս յիշատակը մենք կը նշենք մեր եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն համաձայն, անոր միացնելով     խարոյկը, որ մեր հեթանոս նախահայրերէն ժառանգուած գեղեցիկ սովորութիւն մըն է, որովհետեւ մեզի կը յիշեցնէ լոյսը, որ կը փարատէ կեանքի խաւարը եւ ուղղութիւն կու տայ բոլոր անոնց, որոնք չեն ուզեր իրենց գործերը տեսնել մթութեան մէջ, այլ` լուսաւոր պայմաններու մէջ երեւելի կերպով, իբրեւ ուղեցոյց ուրիշներուն», հաստատեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը` հրաւիրելով ներկաները զգուշանալու աշխարհի երեւոյթներէն, որոնք մեզ կը հեռացնեն Աստուծմէ, հակառակ անոր որ բոլորիս կեանքը դժուարութիւններով, նեղութիւններով, տագնապներով լեցուն է, եւ որոնց դարմանը պիտի գայ Աստուծմէ, որ իբրեւ լոյս կը յայտնուի մարդկութեան, որպէսզի մթագնած հոգիները լուսաւորուին, տագնապի մատնուած մեր բանականութիւնը խաղաղի եւ զգանք, որ կեանքի տէրը Աստուած է եւ ոչ թէ մարդ արարածը:

«Լոյսը եկեղեցւոյ ճամբով այսօր կը յայտնուի մեզի: Այդ լոյսով լուսաւորենք մեր գիտակցութիւնը եւ հաւատանք, որ քրիստոնէական արժէքներով ո՛չ միայն կրնանք մենք զմեզ ուղղել, մեր անկումներէն վեր բարձրանալ, այլեւ` հասնիլ փրկութեան», շեշտեց Սրբազան Հայրը եւ եզրափակելով իր խօսքը մաղթեց, որ մեր նախահայրերուն սրբազան օրինակը խրատէ մեզ եւ առաջնորդէ դէպի ճշմարիտ լոյսը: Անոնք դարեր առաջ առանց քրիստոնէական կրօնի ծանօթութեան հասած էին այն ճշմարտութեան, որ կեանքին մէջ լոյսն է ճշմարիտ առաջնորդը, որ կը մաքրէ տագնապահար մարդու հոգին, կը լուսաւորէ իր ներաշխարհն ու գիտակցութիւնը եւ կը տանի զինք դէպի Աստուած:

Այնուհետեւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ առաջնորդ սրբազան հայրը վառեց Տեառնընդառաջի աւանդական խարոյկը: Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ դպրաց դասին առաջնորդութեամբ ժողովուրդը կատարեց ազգային եւ հոգեւոր երգեր: