Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ս. Աստուածածինի Վերափոխման Տօնը Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին առիթով, կիրակի, 16 օգոստոս 2020-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ խաղողօրհնէք: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան:

Սրբազանը հաւատացեալներուն ուղղուած իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ այս տօնին առիթով բոլորս մեր աղերսը կ՛ուղղենք Աստուածամօր, որ ինք մեր սիրտին աղերսները լսելով տանի իր միածին Որդիին, որպէսզի մեր կեանքի տագնապալի պայմանները շրջանցելով վերադառնանք մեր բնականոն կեանքին: Առաջնորդը նկատել տուաւ, որ դժուարին տարի մը կ՛ապրինք բոլորս, եւ կեանքը մեր դիմաց կը դնէ ամէն տեսակի դժուարութիւններ ու տագնապներ, սակայն այդ բոլորին դիմաց մենք կը մնանք կանգուն, գիտակից եւ մանաւանդ հաւատքով լի:

Սրբազանը յայտնեց, որ մեր ժողովուրդը դարերու ընթացքին ճանչցած է տեսակաւոր դժուարութիւններ ու տագնապներ, սակայն մնացած է կանգուն հայրենիքի մէջ, Արցախի մէջ, նաեւ սփիւռքի ամբողջ տարածքին եւ չէ անջատուած պատմութենէն:

Անդրադառնալով Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին` Սրբազանը բացատրեց, որ Քրիստոս Ս. Աստուածածինը իր երկրաւոր կեանքի վախճանին անտէր չձգեց, այլ` անոր մարմինը երկինք բարձրացաւ: Աստուածամայրը պարզ մարդ արարած էր, սակայն զԱստուած կրելու պատիւը ունեցաւ, ծնունդ տուաւ մեր Փրկիչին եւ Աստուած ալ զինք պատուեց երկինքի ճամբով:

Սրբազանը ըսաւ, որ Աստուած մեզմէ իւրաքանչիւրին յաւիտենական կեանքի պարգեւը խոստացած է եւ ան իր խոստումը  կը պահէ ու չի փոխեր:

Շարունակելով իր խօսքը` Առաջնորդ Սրբազանը կոչ ուղղեց, որ Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին առիթով մեր ուշադրութիւնը ուղղուի դէպի աշխարհ, ուր մենք կ՛ապրինք եւ ուր ապրեցաւ նաեւ Աստուածամայրը, որ իր կեանքին օրինակով դժուարութիւններ ապրեցաւ, բայց մնաց քաջ, չկորսնցուց իր հաւատքը Աստուծոյ հանդէպ, նաեւ իր ունեցած երազանքները կեանքին հանդէպ, այլ` իր զաւկին երկինք համբառնալէն ետք շարունակեց Աստուծոյ խօսքը քարոզել եւ Աստուծոյ ճշմարտութիւնները տարածել իր ապրած միջավայրին մէջ, մինչեւ որ Աստուած զինք արժանացուց երկնային յաւիտենականութեան:

«Աստուածածինի օրինակը այսօր պէտք է դառնայ մեզմէ իւրաքանչիւրին համար կեանքի օրինակ: Մեր շուրջ մեր ընտանիքներուն մէջ շատեր կեանքի դժուարութիւններուն դիմաց կը կորսնցնեն իրենց հաւատքը, գիտակցութիւնը, յոյսը, ապրելու կամքը, որովհետեւ կեանքի տագնապները ծանր կ՛ազդեն անոնց վրայ», հաստատեց Սրբազանը` աւելցնելով, որ պէտք է նայինք Աստուածամօր կեանքի օրինակին, որպէսզի անդրադառնանք, որ Աստուծոյ կամքն է, որ կը տիրապետէ աշխարհի վրայ, նաեւ գիտակցինք, որ ի վերջոյ ճշմարտութիւնը կը յաղթէ, եւ կեանքի դժուարութիւնները կը մոռցուին, ինչպէս նաեւ հաւատանք, որ Աստուած մեզ չէ լքած:

Շարունակելով իր խօսքը` Սրբազանը նկատել տուաւ, որ ներկայիս բոլորս դժուարութիւններու մէջ ենք` եւ մեր եկեղեցիները, ակումբները, կառոյցները, սեփական տուները առանց դուռ-պատուհանի են: Որքան ծանր էր վերջին տագնապին հետեւանքը, սակայն մենք կը մնանք յոյսով լի, գիտակից հաւատքով դիմակալելու  այս փուլը, քաջ գիտնալով, որ Հայաստանէն մինչեւ աշխարհի հեռաւոր անկիւնները մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները կը մնան մեր կողքին, մեզի աջակից եւ զօրակից: «Դուռ ու պատուհան կը վերականգնին, կեանքի պայմաններն ալ կը բարելաւուին, բայց զգո՛ւշ, չկորսնցնենք մեր հոգին, հաւատքը, հոգեկան քաջութիւնը, որպէսզի մնանք կանգուն եւ յոյս տանք անոնց, որոնք յուսահատ են, եւ քաջալերենք անոնց, որոնք կեանքի դժուարութիւններուն դիմաց կը կքին: Սրտապնդենք բոլոր անոնց, որոնք այս օրերուն Աստուծոյ հանդէպ իրենց գիտակցութիւնն ու հաւատքը կրնան կորսնցնել», շեշտեց Սրբազանը` աւելցնելով, որ անոնք, որոնք միայն ինքզինքնին կը հոգան եւ իրենց սեփական հոգերով կը զբաղին, անպայմանօրէն կը կործանին: Պէտք է իրարու զօրակցինք, զիրար բարձրացնենք, որպէսզի բոլորս ապրինք եւ Աստուծոյ օրհնութիւնը անպակաս ըլլայ մեր վրայէն, նաեւ հայցենք, որ Աստուածածինը ըլլայ լուսատու փարոս մեր կեանքի մթագնած եւ ամպամած պայմաններուն մէջ մեզի լոյս տալու, որպէսզի մեզ առաջնորդէ դէպի յոյս եւ հաւատք, դէպի Աստուած:

Եզրափակելով իր քարոզը` Սրբազանը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի զօրացնէ բոլորը, ամրացնէ անոնց հաւատքը, գիտակցութիւնը, որպէսզի կեանքի դժուարութիւններէն դուրս գալով հասնին երկնային անմահական բարիքներու:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ խաղողօրհնէք, որմէ ետք «Կիլիկիա» մաղթերգի երգեցողութեան ներքեւ ժողովուրդը ստացաւ իր օրհնուած խաղողը: