Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առիթով, նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կիրակի, 18 օգոստոսին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ եւ կատարուեցաւ խաղողօրհնէք:
Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ, որ հաւաքուած ենք մեր նախնիներուն օրինակով կատարելու խաղողօրհնէքի աւանդական արարողութիւնը եւ նշելու Աստուածամօր մահուան եւ երկինք տեղափոխուելու առիթը: Սրբազանը դիտել տուաւ, որ այս զոյգ առիթները մեզ կը հրաւիրեն անդրադառնալու, թէ հոն, ուր Աստուած կայ, այնտեղ կեանք, տէրութիւն եւ շքեղութիւն կայ, իսկ այնտեղ, ուր Աստուած չկայ, այնտեղ ազգն ու ընկերութիւնը կը քայքայուին, եւ կը խորտակուին, աւելցնելով, որ մեր եկեղեցին մեզի կը փոխանցէ այս զոյգ յիշողութիւնները, որպէսզի զգանք, թէ ամէն ինչ պատահականութեան ձգելով` չենք կրնար Աստուծոյ օգնականութիւնը ունենալ` իբրեւ օժանդակութիւն մեր կեանքին համար: Առաջնորդ Սրբազանը բացատրեց, որ այս տօնը զգաստութեան եւ գիտակցութեան հրաւէր է բոլորիս համար եւ մեզի կը թելադրէ նայելու մեր կեանքին` տեսնելու համար իսկապէս, թէ ո՛ւր է Աստուծոյ հետքը մեր առօրեային մէջ: Ան ըսաւ, որ մենք կը պահենք խաղողօրհնէքի յիշատակը, բայց չարաչար կը մոռնանք այդ յիշատակին մէջ փնտռել հաւատքը եւ կեանքի նկատմամբ անոր կեցուածքը, հարց տալով, թէ մենք մեր հաւատքով ի՞նչ կը շինենք եւ ի՞նչ կ՛ընծայենք Աստուծոյ: Շարունակելով իր խօսքը` Սրբազանը հաստատեց, որ սկսած ենք շեղիլ, խոտորիլ եւ հեռանալ մեր նախնիներուն ուղիներէն, եւ թելադրեց, որ պէտք է զգուշ ըլլալ ու անդրադառնալ, թէ աշխարհի մէջ ապրիլ` կը նշանակէ կեցուածք ունենալ եւ ամուր նկարագիրով մասնակից դառնալ կեանքին:
Ան յայտնեց, որ Աստուածաշունչը վերափոխման մասին արձանագրութիւն չունի, սակայն վերափոխումը դարերէ ի վեր կը պատմուի եւ կը բարգաւաճի քրիստոնեաներուն կեանքէն ներս, եւ նկատել տուաւ, որ այս վկայութիւնը միայն մենք չենք տար, այլ ամբողջ քրիստոնեայ աշխարհը կը վկայէ զայն` օգոստոս ամսուան ընթացքին նշելով Աստուածամօր մահուան եւ երկինք փոխադրութեան յիշատակը: «Աստուածամայրը աշխարհի ամէնէն խոնարհ, հեզ, պարկեշտ արարածն էր, բայց ան իր նուիրումով եւ իրեն ընծայուած մայրական պարտականութեան ընդմէջէն արժանացաւ Աստուծոյ շնորհքին եւ տեղափոխուեցաւ», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը եւ բացատրեց, որ Վերափոխման տօնը իւրաքանչիւրիս համար պատգամներ կը թելադրէ մեր կեանքին եւ աշխատանքին համար, եւ այդ թելադրութիւններն ու ցուցմունքները յատկապէս կը վերաբերին մեր մայրերուն, որոնց վստահուած է զաւակ դաստիարակելու եւ տուն պահելու նուիրական աշխատանքը: Ան ըսաւ, որ հագուստով երեւելի պէտք չէ ըլլանք, այլ մեր տուած դաստիարակութեան հետքը պէտք է երեւի մեր զաւակներուն վրայ: «Վերափոխման տօնին առիթով այս թելադրութիւնը այսօր Աստուածամայրը կը փոխանցէ մեր մայրերուն եւ մեզ կը հրաւիրէ զգաստութեան` յիշեցնելով, որ ոչ միայն մեր զաւակներուն վիճակը, այլ` մեր ընկերութեան վիճակը կախեալ է մեր մայրերուն աշխատանքէն», հաստատեց սրբազան հայրը` աւելցնելով, որ եթէ ճիշդ ձեւով, հաւատքով, պարկեշտութեամբ կատարենք Աստուծոյ կողմէ մեզի վստահուած պարտականութիւնները, վստահաբար մենք ալ կ՛արժանանա՛ք Աստուծոյ շնորհած պարգեւին, այլապէս մենք զմեզ կ՛աղաւաղե՛նք քայքայուելու եւ փճանալու համար:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ խաղողօրհնէք: