Կիրակի, 4 ապրիլ 2021-ին, Ս. Զատկուան եւ Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնին առիթով, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեան:
Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը, անդրադառնալով Քրիստոսի կեանքին, հաստատեց, որ ան անցաւ մահուան քովէն, սակայն վերադառնալու համար կեանքին իբրեւ յաղթութեան նշան եւ զօրութիւն: Առաջնորդ Սրբազանը պատմական ակնարկ մը նետեց Քրիստոսի յարութեան դէպքին եւ անդրադառնալով անոր աշակերտներուն հետ տեսնուելուն յայտնեց, թէ Քրիստոս յարութիւն առնելէ ետք տարբեր հեղինակութեամբ խօսեցաւ իր աշակերտներուն եւ յայտնեց, որ ամէն տեսակի իշխանութիւն տրուած է իրեն երկինքի ու երկրի վրայ, եւ ինչպէս որ Աստուած զինք ղրկած էր երկիր, նոյնպէս ինք կը ղրկէ զիրենք Աւետարանը քարոզելու` հաստատելով, որ ինք աշակերտներուն հետ է մինչեւ իրենց կեանքին վախճանը: Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ այդ պահէն սկսեալ առաքեալները, որոնք վերջին շաբթուան ընթացքին կ՛ապրէին սարսափի մթնոլորտի մէջ, դարձած էին հալածական, եւ իւրաքանչիւրը կը փորձէր իր գոյութիւնը ապահովելու համար միջոցներ գտնել, Տիրոջ յայտնութեամբ անոնք վերստին կենդանանալով դարձան Աւետարանի խօսքի տարածիչները աշխարհի տարածքին:
Շարունակելով իր խօսքը` Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ ներկայիս մենք մեր եկեղեցիներուն մէջ կը խօսինք առաւելաբար կեանքին մասին: Այն կեանքին, որ յատկապէս համաճարակի ներկայ կացութեան բերումով բոլորիս համար դարձած է ուշադրութեան կեդրոն եւ որ կը փորձենք բժշկական միջոցներով ու առողջապահական կանոններով երկարաձգել, կը խօսինք այն կեանքին մասին, որ մեզի համար դարձած է նպատակ` շեշտելով, որ այս ամբողջ կացութեան մէջ պէտք չէ մոռնանք Տիրոջ պատգամը, որ Յարութեան տօնին առիթով իբրեւ հետեւորդներ եւ նոր առաքեալներ Աստուծոյ Աւետարանի գործին, եկեղեցիէն մեր ստացածը պէտք է տանինք դէպի աշխարհ, սրբութեան շունչով մաքրելու համար մեր ապրած միջավայրը, մարդոց մօտ աստուածագիտութեան լոյսը տարածելով եւ փրկութեան շնորհին առաջնորդելով ուրիշները` յիշեցնելով անոնց, որ չտկարանան եւ հոգեպէս չքայքայուին, որովհետեւ մեր Տէրը մեզի հետ է մինչեւ մեր կեանքին վախճանը:
«Կեանքը, որուն արտաքին մասը մենք կը փայփայենք, որուն մակերեսը կը փորձենք փրկել, իր մէջ կը կրէ Աստուծոյ կողմէ իւրաքանչիւրիս մէջ հաստատուած անմահ մասնիկ մը, որ Աստուծոյ շունչն ու դիմագիծն է, եւ անոր նկատմամբ պէտք է ըլլանք նախանձախնդիր եւ զգուշաւոր, որպէսզի մենք Քրիստոսի յաղթական կեանքին օրինակով հասնինք անմահական կեանքի պարգեւին», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը` յորդորելով հաւատացեալները ներկայ դժուարին պայմաններուն մէջ չմոռնալ արծարծ պահել իրենց հաւատքը, չմոռնալ զԱստուած եւ անոր ներկայութիւնն ու դերակատարութիւնը իրենց կեանքին մէջ: