Ս. Ծննդեան տօնին առիթով` չորեքշաբթի, 6 յունուար 2017-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ, զոր մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան: Ս. պատարագին ներկայ էին զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Ազգային վարչութիւնը, ազգային երեսփոխաններ եւ մեծաթիւ ժողովուրդ:
Հաւատացեալներուն ուղղուած իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց հետեւեալ մէջբերումը. «Որովհետեւ Աստուած իր շնորհքը յայտնեց, որպէսզի բոլոր մարդիկ փրկուին: Այդ շնորհքը մեզ կը մղէ, որ անհաւատ կենցաղէ եւ աշխարհիկ ցանկութիւններէ հեռանանք‚ զգաստութեամբ‚ արդարութեամբ ու բարեպաշտութեամբ ապրինք այս աշխարհի մէջ‚…..» (Տիտոս 2:11-12):
Ապա ան դիտել տուաւ, որ Ս. Ծննդեան առաւօտուն, իբրեւ Ճաշու գիրք ընթերցուած Պօղոս առաքեալի խօսքերը կու գան մեզի յիշեցնելու, որ այսօր Աստուած տեսանելի կերպով իր շնորհքը յայտնեց աշխարհին:
«Աստուած երկինքէն երկիր եկաւ, որպէսզի մարդ արարածը կարենայ բարեշրջել աշխարհի մէջ իր կենցաղը եւ հասնիլ փրկութեան խոստումին:
«Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ հանդիպման առիթ է Ս. Ծնունդը: Հետեւաբար, Աստուծոյ հետ հանդիպիլ կը նշանակէ սրբուիլ, մաքրուիլ աղտեղութիւններէ եւ լեցուիլ Աստուծոյ փառքով ու Պօղոս առաքեալի դարձակէտին օրինակով ամբողջական շրջադարձ ապրիլ: Առաքեալը Փրկիչին հանդիպեցաւ Դամասկոսի ճամբուն վրայ, ուր կ՛երթար քրիստոնէութեան հետեւորդները հալածելու: Սակայն, այն պահուն, երբ հանդիպեցաւ Փրկիչին, իր կեանքը յեղաշրջուելով ստացաւ նոր նկարագիր ու կերպարանք եւ այնուհետեւ Քրիստոսի հալածիչը դարձաւ Աւետարանի քարոզիչ մեծ առաքեալը, որ Քրիստոսի եկեղեցւոյ տարածման գործին մէջ այնքան էական աշխատանք տարաւ հեթանոս աշխարհին մէջ», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը:
Այս իրականութենէն մեկնելով` ան կոչ ուղղեց ժողովուրդին Ս. Ծննդեան հոգեպարար այս մթնոլորտին մէջ իրենց սրտերը ջերմացնելու, իրենց կեանքին համար սրբութիւն եւ զօրութիւն քաղելու ցանկութեամբ, իր կեանքին համար լոյս փնտռող ծաղիկի նման, դառնալու դէպի Բեթղեհէմ եւ Շնորհալի հայրապետին բառերով իրենց սրտի աղերսը ուղղելու դէպի երկինք` ըսելով. «Լոյս, Արարիչ լուսոյ, առաջին լոյս`… ծագեա ի հոգիս մեր զլոյս քո իմանալի»:
Իր խօսքի աւարտին Առաջնորդ Սրբազանը ի սրտէ մաղթեց, որ Ս. Ծննդեան հոգեթով մթնոլորտին մէջ Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ տեղի ունեցող այս հանդիպումը սրբութիւն եւ աստուածային շնորհ բերէ մեր հոգիներուն, «որպէսզի աշխարհ եկող մեր Փրկիչով կերպարանափոխուած, մենք դառնանք նոր մարդ, որ երկրի վրայ չի մոռնար երկինքի մէջ բնակող իր Արարիչը, այլ յենած Աստուծոյ լոյսին ու շնորհքին, սրբութեամբ կը վարէ իր կեանքը եւ կը հասնի Աստուծոյ անմահական պարգեւներուն»:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ ջրօրհնէք:
Շնորհաւորական Այցելութիւններ
Ս. Ծննդեան տօնին առիթով Առաջնորդ Սրբազանը եւ Ազգային վարչութիւնը ընդունեցին շնորհաւորութիւններ` պետական եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններու, կուսակցութիւններու, ազգայիններու, միութիւններու եւ այլ համայնքներու ներկայացուցիչ հոգեւորականներու կողմէ:
Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Ծննդեան պատարագէն ետք, Քաղաքի Ազգային առաջնորդարանի մէջ շնորհաւորութիւնները ընդունուեցան մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00, իսկ կէսօրէ ետք ժամը 2:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանին մէջ:
Շնորհաւորողներուն շարքին էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, երեսփոխան Արթիւր Նազարեան, նախկին նախարարներ Շահէ Պարսումեան, Փանոս Մանճեան եւ Վրէժ Սապունճեան, վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչը, նախարար Ղաթթաս Խուրի, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի ներկայացուցիչ, Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ժորժ Քարաայի ներկայացուցիչը, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան, Ա. կարգի պետական պաշտօնեաներ, ընդհանուր տնօրէններ, Հըզպալլայի պատուիրակութիւն մը, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատուիրակութիւնը, Փաղանգաւոր կուսակցութեան պատուիրակութիւնը, Մաշարիհ Խայրիէի պատուիրակութիւնը, Պէյրութի քաղաքապետն ու քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, թաղապետներ, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ լիբանանեան այլ համայնքները ներկայացնող հոգեւորականներ: