«Հոն մանուկ մը պիտի գտնէք` խանձարուրով փաթթուած եւ մսուրի մէջ դրուած»:
Ղուկաս 2։12
Աստուծոյ եւ մարդուն հանդիպման պահն է դարձեալ։ Այս առթիւ, նախ փառք կու տանք Ամենակալին, որ առիթ կ’ընծայէ մեզի, Ս. Ծննդեան աւետիսը փոխանցելու Լիբանանահայ հաւատացեալ մեր ժողովուրդի զաւակներուն։
Այսօր, կեանքի մեծ խորհուրդին վարագոյրը կը բացուի մեր դիմաց եւ Աստուծոյ փառքը կը ճառագայթէ երկրի վրայ։ Այս առթիւ, վերապրելու համար կեանքի ամենէն լուսաւոր դէպքին յիշատակը, աշխարհն ալ կը ձգտի զարդարուիլ արուեստական լոյսերով ու գեղեցկութիւններով։ Եւ մինչ մարդիկ կը փորձեն արուեստական միջոցներով երանութեան հանդէսի վերածել իրենց շրջապատը, մեր Տէրն ու Փրկիչը կը շարունակէ աշխարհին ներկայանալ Բեթղեհէմի մսուրին համեստ տեսարանով ու անօգնական մանուկի մը օրինակով։
Կրնա՞նք զինք ընդունիլ իբրեւ մեր Տէրն ու Աստուածը եւ մեր հոգիներուն մէջ աճեցնել իբրեւ լոյս ու ճշմարտութիւն։
Յիսուսի ծնունդը, մանուկի մը կերպարանքով, աշխարհէն ներս Աստուծոյ յայտնութեան յիշատակն է։ Այսօր, Աստուծոյ փառքը աշխարհէն ներս կը ճառագայթէ, որպէսզի նոր լոյսով պայծառացնէ մեր գիտակցութիւնը ու նոր առաքինութիւններու ուղղէ մեր կեանքը։ Աստուծոյ զօրութիւնը աշխարհ կու գայ, որպէսզի նորոգուինք նկարագրով, վարքով եւ կենցաղով ու դառնանք Աստուծոյ գործակից։
Անկասկած, տօնական պայմաններու մէջ, բոլորս ալ կ’ուզենք սովորականէն տարբեր՝ աւելի քաղցր, աւելի լուսաւոր ու յուսալից տեսիլքներու հասնիլ եւ ճշմարիտ ու տեւող բերկրանք հաստատել մեր կեանքէն ներս։ Այդ իսկ պատճառով, հրեշտակը, որ անցեալին հովիւները առաջնորդեց դէպի Բեթղեհէմ, որպէսզի այնտեղ՝ մսուրին մէջ տեսնեն խանձարուրով փաթթուած մանուկ Յիսուսը, այսօր մեզ ալ կը հրաւիրէ երթալու դէպի մեր ընկերութեան մէջ աննկատ մնացող անօգնականներն ու անկարները, որպէսզի անոնց մէջ նշմարենք Աստուծոյ ճառագայթող պատկերը եւ այդպիսով նաեւ ըմբռնենք մեր գոյութեան իմաստն ու ճանչնանք կեանքին ու մեր նմաններուն հանդէպ մեր ունեցած պարտականութիւնները։
Յիսուսի ծնունդով, Աստուած մարդկային կերպարանք ստացաւ, որպէսզի դարձեալ մեզի մօտենայ, մեզի հետ քալէ ու մեր կեանքին ընթացքը ուղղելով, մեր մէջ վերստին դրոշմէ Աստուծոյ անեղծ պատկերը։ Ուստի, անհունէն դէպի երկիր հոսող սրբութեան ու ճշմարտութեան ճառագայթը, այսօր պէտք է տեւող հոգեւոր ուրախութեան տեսարան պարզէ մեր մէջ, դարձեալ ոգեւորէ մեզ ու պայծառակերպէ մեր գիտակցութիւնը, որպէսզի նոր նուիրումով նայինք մեր շրջապատին եւ զայն ողողենք քրիստոնէական սիրով ու նուիրումով։
Սուրբ Ծնունդը մեր հոգիին մէջ պէտք է հետք ձգէ, մեր մէջ նոր լոյս հաստատէ, ու մեզ պայծառատես դարձնելով, առաջնորդէ առաքինութիւններու, որպէսզի այդպիսով տեւող ուրախութիւն հաստատէ մեր մէջ։ Հետեւաբար, ով որ կ’ուզէ տեսնել կենդանի Աստուածը, պէտք է զայն նախ փնտռէ իրական կեանքի վիճակներուն մէջ՝ յատկապէս վշտաբեկներուն, խեղճերուն ու անտէր ու անօգնական եղողներուն, որպէսզի մեր մասնակցութեամբ, կեանքի դառնութիւնները կերպարանափոխուին քաղցրութեան եւ սիրոյ արարքներով նաեւ աշխարհէն ներս իրագործուի մարդկային մեր կոչումը։
Ուստի, տօնական պայմաններու մէջ, երբ մեր հոգեկան ձգտումները աւելի կը գեղեցկանան ու մտածումները կը քաղցրանան, փորձենք ազնուութեան հոգիով դիտել մեր շրջապատին վիճակը ու մեր սեփական ուրախութենէն, հանգիստէն ու ապահովութենէն անդին, նաեւ նշմարենք մեր կողքին գտնուող կարօտեալն ու անկարը ու զանոնք պաշտպանելու ու վեր բարձրացնելու ճիգ կատարենք ու այդպիսով ճշմարիտ տօնական բերկրանք բերենք մեր կեանքին։
Ուրախութիւնը իրական եւ տեւող կրնայ ըլլալ միայն այն ժամանակ, երբ սիրտն ու հոգին են անոր աղբիւրը։ Առանց սիրոյ զգացումին, կարելի չէ ճանչնալ զԱստուած։
Սիրելի հայրենակիցներ,
Մինչ մենք Սուրբ Ծնունդը կը դիմաւորենք, օր ըստ օրէ աւելիով մթագնող Լիբանանեան մեր կեանքի պայմաններուն մէջ ու նոր փլուզումներու ենթակայ Արցախեան ու Հայաստանեան կասկածելի անցուդարձերու մտահոգութիւններով, այսօր, Աստուած իր յաւերժութենէն բաժին կը բերէ մեզի: Վստահաբար, այսօր կարիքը ունինք երկնային օժանդակութեան, կարիքը ունինք Աստուածային զօրութեան ու սրբութեան եւ կարիքը ունինք նոր քաջութեան։ Պէտք է նոր լոյս մը ճառագայթէ մեր կեանքէն ներս ու նոր հոգի մը խրախուսէ մեզ, որպէսզի կարենանք երկնային օժանդակութեամբ, մեր եկեղեցական ու համայնական կեանքը ամրացնել ու հայրենանուէր արարքներով, նաեւ նոր խրախոյս հաստատել մեր ազգային ձգտումներուն մէջ։
Թող աստուածային սէրը, պաշտպանէ Լիբանանը ու մեր կեանքէն ներս բանայ աւելի պայծառ եւ յուսալից ուղիներ, խաղաղութեան մէջ պահէ Արցախն ու Հայաստանը, աննկուն դարձնէ հայոց բանակը եւ մեր ազգային նպատակներու հետապնդման ճիգերուն մէջ միշտ աջակից մնայ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի զաւակներուն:
Շնորհաւոր նոր տարի։ Թող 2023 թուականը նոր լոյս կեդրոնացնէ մեր հոգիներուն խորքը ու նոր եռանդ բերէ մեր կեանքին։
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ։ Ձեզ եւ մեզ մեծ աւետիս։
Մնամ սիրոյ ողջունիւ աղօթարար՝
Շահէ Արք. Փանոսեան
Առաջնորդ