Ս. Յարութեան տօնին առիթով հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, կիրակի, 16 ապրիլ 2017-ին: Պատարագեց եւ հայրական պատգամը յղեց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան:
Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը սկսաւ Յիսուսի գերեզմանին շուրջ տեղի ունեցած դրուագով: Ան ըսաւ, թէ հռոմէացի զինուորներ կը պաշտպանէին այդ գերեզմանը, որպէսզի ոչ մէկը կարենայ մօտենալ եւ Յիսուսի մարմինը հանել անկէ, կիրակի օրով բարեպաշտ կիներ եկան անոր գերեզմանը այցելելու, խունկ ծխելու եւ աղօթելու: Առաջնորդ Սրբազանը շարունակեց ներկայացնել աւետարանական դրուագը` նշելով, որ կիները գերեզմանաքարը գետին տապալած տեսան, երբ Տիրոջ հրեշտակը անոնց ըսաւ, թէ Յիսուս յարութիւն առաւ ու թելադրեց անոնց, որ երթան եւ լուրը Յիսուսի աշակերտներուն հաղորդեն: Սրբազան հայրը հարց տուաւ, թէ ներկայիս, փոխուած աշխարհի պայմաններուն մէջ մենք ի՞նչ հոգիով կ՛ընդունինք եւ կ՛ընկալենք Յիսուս Քրիստոսի յարութեան լուրը: Այժմ մենք ո՞ւր կը փնտռենք Յարուցեալը: Տիրոջ հրեշտակը ներկայիս մեր եկեղեցւոյ ճամբով մեզի ցոյց կու տայ, որ Յարուցեալը մեր կեանքին մէջ է: Եկեղեցւոյ ճամբով յարութեան յոյսը մենք կրնանք փոխանցել ժողովուրդին: Ան մեզի հետ կը գործէ մեր տարբեր պայմաններուն մէջ, բայց մենք այդ հոգեւոր լոյսն ու յոյսը պէտք է փոխանցենք անոնց, որոնք հեռու են Յիսուս Քրիստոսի յարութեան յոյսէն: Պէտք է յիշենք, որ այս յոյսը ստացողը չի կրնար զայն իր անձին մէջ բանտարկել: Ան իր մտածումներուն եւ գործերուն մէջ կ՛արտայայտէ զայն շքեղօրէն, այնպէս ինչպէս լոյսը կը փայլի` լուսաւորելով նաեւ իր շրջապատը: Յարութեան յիշատակը այսօր մեզ կը հրաւիրէ նոր գիտակցութեան, որպէսզի միայն տօնական առիթներով ջերմեռանդ չըլլանք, այլ ամէն օր Յիսուսը մեր կողքին ունենալու գիտակցութեամբ ապրինք, որպէսզի մեր կեանքի պայմաններուն մէջ չկորսնցնենք բարեպաշտութիւնը եւ չկորսնցնենք մենք մեզ: Տիրոջ հրեշտակը այսօր կը հրաւիրէ բոլոր անոնց, որոնք Քրիստոսի աշակերտներուն օրինակով եւ եկեղեցւոյ ճամբով Քրիստոսի յարութեան յոյսը կը տարածեն ամէնուր, դէմ դնելով կեանքի բոլոր դժուարութիւններուն: Եթէ մենք միայն մեր անձերուն համար պիտի փորձենք ապրիլ` միայն մեր անձերը պաշտպանելով, ի՞նչ ձեւով պիտի զգանք Աստուծոյ ներկայութիւնը մեր մէջ եւ ի՞նչ ձեւով աստուածասիրութիւնը մեր եղբայրը սիրելով պիտի արտայայտենք մեր կեանքին մէջ: Անցեալը ինք մեզ աշխատանքի եւ պարտականութեան կը հրաւիրէ: Բոլորս ալ գիտենք, որ մեր եկեղեցւոյ եւ ազգի կեանքին մէջ տեսակաւոր կարիքներ ու դժուարութիւններ գոյութիւն ունին, որոնք դարմանելու համար բոլորս ալ պէտք է լծուինք արդար աշխատանքի, որպէսզի եկեղեցիէն եւ Յարուցեալէն ստացած մեր լոյսն ու օրհնութիւնը իբրեւ բարիք առատանան մեր համայնական կեանքին մէջ:
«Կ՛աղօթեմ, սիրելի՛ հաւատացեալներ, որ Աստուած յարութեան իր հրաշքը նաեւ իրականութեան վերածէ մեր կեանքի պայմաններուն մէջ, եւ մենք երկինքէն ստանանք այն լոյսը, որ մեր կեանքը լուսաւորելով կրնայ մեզի դէպի վերելք եւ յաւիտենականութիւն ընթացող ճամբան ցոյց տալ: Կ՛աղօթեմ, որ բարին Աստուած խաղաղութիւն հաստատէ բոլորիս առօրեային մէջ, որպէսզի մենք բնականոն կեանքի պայմաններու մէջ Աստուած մեզի հետ ունենալով, մեր քրտինքով ու արդար աշխատանքով բարեկարգենք մեր կեանքը` այնտեղ Աստուծոյ բնակութեան համար բարօր պայմաններ ստեղծելով», ընդգծեց Առաջնորդ Սրբազանը:
Սուրբ պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու Ազգային վարչութիւնը զատկական շնորհաւորանքներ ընդունեցին քաղաքի Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00: Ապա, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:30, շնորհաւորանքները ընդունուեցան Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ: