Կիրակի, 23 հոկտեմբերին, Գիւտ Խաչի տօնին առիթով նշուեցաւ Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Ս. պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան: Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ 4-րդ դարուն պատահած դէպքին, երբ Հեղինէ թագուհին գտաւ Քրիստոսի խաչափայտը եւ զայն արժանաւորապէս կանգնեցուց այն վայրին մէջ, ուր Քրիստոս իր հոգին աւանդեց: Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ «այս տօնը Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ համար ունի պատմական նշան եւ արժէք, որովհետեւ անցնող բազմաթիւ դարերուն դէպի Երուսաղէմ ուղեւորուող հայ ուխտաւորները այս ճամբով կ՛անցնէին եւ այստեղ իրենց ուղեւորութեան համար ներուժ քաղելէ ետք հաւատքով կ՛ուղղուէին դէպի Երուսաղէմ»:
Շարունակելով իր խօսքը` Սրբազան Հայրը ըսաւ, որ ժամանակներու ընթացքին մենք ճանչցած ենք բազում վերիվայրումներ, սակայն անցնող բոլոր դարերուն, մեր ժողովուրդը իր հաւատքի գիտակցութեան մէջ մնացած է հաստատ եւ ամուր` այդ հաւատքէն բխող ազգային իր գիտակցութեան եւ կեցուածքներուն մէջ: «Հայութիւնը խաչի նշանէն իր կեանքին համար քաղած է զօրութիւն ու առաջնորդութիւն եւ եղած է խաչապաշտ ժողովուրդ», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը աւելցնելով, որ Գիւտ խաչի տօնին առիթով հայ եկեղեցին մեզ կը խրախուսէ եւ կը խրատէ` թելադրելով, որ մեր կեանքին մէջ մենք ալ Հեղինէ թագուհիին օրինակով փորձենք փնտռել եւ գիւտը կատարել մեր հաւատքի խաչին` փարելով խաչին եւ խաչեցեալին, որպէսզի մերօրեայ տագնապներուն մէջ կարենանք յաջողապէս կտրել այս աշխարհի ճամբաները` առանց յանձնուելու եւ ենթարկուելու կեանքէն եկող փոթորիկներուն, այլ փարելով քրիստոնէավայել այն կեանքին, զոր ժառանգեցինք մեր նախնիներէն եւ որուն համար իբրեւ ազգ անցնող դարերուն մենք ալ պայքար մղեցինք եւ լսեցինք երկնային աւետիսը, որ մեզի կը պատգամէր, թէ այսպիսով միայն պիտի յաջողինք յաղթանակ տանիլ այս կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ հասնիլ յաւիտենական կեանքին:
Եզրափակելով իր խօսքը` Սրբազան Հայրը յայտնեց, որ երկրաւոր կեանքի անցուդարձերուն եւ տեսակաւոր փոթորիկներուն իբրեւ պսակում Քրիստոս երկնային փառքով պիտի յայտնուի մեր կեանքին մէջ` ժողվելու համար իր հաւատարիմ հետեւորդները եւ զանոնք առաջնորդելու դէպի Աստուած` դէպի յաւիտենական կեանք:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:
Այնուհետեւ եկեղեցւոյ «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան: Թաղականութեան անունով խօսք առաւ Սմբատ Ղազելեան: Ան Ս. Նշան Մայր եկեղեցին նմանցուց նաւու մը, որ աւելի քան 150 տարիէ ի վեր, իբրեւ պատկառելի եւ գեղեցիկ նաւ մը, իրեն հետ կը տանի իր հաւատամքին եւ երազներուն հաւատացողներ, դէպի ճշմարտութեան եւ արդարութեան ափերը:
Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան իր կարգին խօսք առնելով գնահատեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը` քահանայ հայրը, թաղականութիւնը, տիկնանց յանձնախումբը, դպրաց դասը, ծխական համայնքը, որ հաւատարմօրէն կառչած իրենց եկեղեցւոյ, կը շարունակեն ծառայութեամբ փայլուն եւ կենսունակ վիճակի մէջ պահել եկեղեցին, որ լիբանանահայ կեանքին մէջ մասնաւոր նշանակութիւն ունի: Ան յոյս յայտնեց, որ շնորհիւ այս աշխատանքին, եկեղեցին վերստին իր ծաղկուն վիճակին կը վերադառնայ: Սրբազան հայրը նաեւ անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին Լիբանանի թեմ հովուապետական այցելութեան, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ ամիս: