Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Վախճանեալ Հոգեւորականներու Եւ Հանգուցեալ Ժողովականներու Յիշատակին Հոգեհանգիստ

 

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի, մասնակցութեամբ քահանայից դասուն, ներկայութեամբ Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներու եւ ազգայիններու, երէկ` երկուշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2018-ին, Խաչվերացի մեռելոցին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան Ս. Մատրան մէջ կատարուեցաւ հաւաքական հոգեհանգիստ Լիբանանի թեմին մէջ ծառայած վախճանեալ հոգեւորականներու եւ հանգուցեալ ժողովականներու յիշատակին:

Հոգեհանգիստէն առաջ կատարուեցաւ Անդաստան, որուն ընթացքին թափօրը շրջեցաւ գերեզմանատան հիւսիսային, հարաւային, արեւելեան եւ արեւմտեան կողմերը եւ իւրաքանչիւր կողմին մէջ կանգ առնելով կատարեց հոգեհանգստեան պաշտօն: