Կիրակի, 6 հոկտեմբեր 2019-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ վաղամեռիկ համալսարանաւարտ փայլուն ուսանող Սեպուհ Շահպազեանի մահուան ԺԸ. տարելիցին առիթով:
Ս. պատարագի աւարտին, քաղաքի Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ մատուցուեցաւ հոգեսուրճ: Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ հովիւ Մկրտիչ քհնյ. Քէշիշեան խօսք առնելով դրուատեց Սեպուհ Շահպազեանի յիշատակը` աւելցնելով, որ իր յիշատակին համար ստեղծուած ֆոնտը ժպիտ կը պարգեւէ աշակերտներու դէմքերուն եւ մխիթարութիւն ու համբերութիւն կու տայ Շահպազեան ընտանիքին:
Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ դոկտ. Գեղուհի Պողարեան յայտնեց, թէ վաստակաշատ դաստիարակ մը պատեհ առիթով մը ըսած է, որ դպրոցը պարտէզ մըն է, գիտութիւնը` այդ պարտէզին հողը, ուսուցիչը` պարտիզպանը, իսկ ուսանողը` պարտէզին մէջ ծլող եւ ծաղկող բոյսը, աւելցնելով, որ պարարտ հողը, լաւագոյն սերմերն ու վարպետ մշակները անհրաժեշտ են, բայց ոչ բաւարար` առատ բերք ստանալու համար, որովհետեւ կը պակսի կենսատու ջուրը: Դոկտ. Գ. Պողարեան նկատել տուաւ, որ կրթական մշակներուն ջուր հայթայթողները մեծ թէ փոքր, յայտնի թէ անանուն բարերարներն են, որոնց փաղանգին մէջ իր ինքնուրոյն տեղը ունի Յարութ եւ Մանուշակ Շահպազեան ամոլը:
«Բարերարութենէ անդին, Շահպազեաններուն մօտ յստակօրէն ի յայտ կու գայ նաեւ հայու նկարագիրի թերեւս ոչ շատ խօսուած յատկութիւններէն մէկը` անձնական ցաւը հաւաքական ուրախութեան եւ հպարտանքի վերածելու կարողութիւնը», հաստատեց Պողարեան` նկատել տալով, որ այսպիսով 2002-ին ծնաւ «Սեպուհ Շահպազեան Ֆոնտ»-ը, որուն շնորհիւ բազմաթիւ հայ ուսանողներ առիթը ունեցան, եւ վստահաբար ապագային ալ պիտի ունենան ազգաշունչ կրթութիւն ստանալու: Ֆոնտը ծնունդ առաւ ընտանեկան ցաւալի պատուհասէ մը եւ դարձաւ օրհնաբեր առու մը, որ իր կարգին եկաւ յաւելեալ ջուր մատակարարելու տակաւ անջրդի մնալու սպառնալիքին ենթակայ հողերուն:
«Ամբողջ լիբանանահայութեան եւ ի մասնաւորի Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին անունով անգամ մը եւս խորին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզի եւ կ՛ըսեմ` վարձքը կատա՛ր Շահպազեան ամոլին», եզրափակեց դոկտ. Գ. Պողարեան: