Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Վարդանանցի Եւ Բարեկենդանի Նշում Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ

Չորեքշաբթի, 7 փետրուար 2018-ի առաւօտեան Ազգային Միացեալ վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտական հաւաք մը, որուն բացումը կատարեց վարժարանի հայերէնի համակարգող Նազելի Աւագեան: Ան ողջունեց Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեանը, վարժարանի տնօրէն խորհուրդը, որմէ ետք հրաւիրեց տարիներու կրթական մշակ, ազգային գործիչ եւ նախկին տնօրէն Յովիկ Պերթիլզեանը, որպէսզի խօսի օրուան խորհուրդին մասին:

Ձեռնարկին պատգամախօսը անդրադարձաւ Վարդանանաց տօնին, շեշտեց անոր կարեւորութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս: Ան ըսաւ. «Վարդանանց ճակատամարտի հերոսներուն սխրանքին շնորհիւ մենք մեզ պահած ենք` պահելով մեր հաւատքը ու կը գոյատեւենք: Դեռ աւելի՛ն, հարկ է այդ գոյատեւման ընթացքին չմոռնալ նաեւ հայութեան բռնագրաւուած հողերը եւ ի գին ամէն զոհողութեան` հարկ է որ պայքարինք վերատիրանալու համար անոնց: Վարդանանք պայքարեցան խաչերով եւ սուրերով: Անոնց օրինակը միշտ վառ պէտք է մնայ սերունդէ սերունդ»:
Ան պատգամը աւարտեց «Մահ իմացեալ անմահութիւն է, մահ ոչ իմացեալ մահ է» Վարդանանց խօսքով` շեշտելով, որ հաւատքի եւ հայրենիքի պահպանման համար գիտակցօրէն դէպի մահ երթալը մեծ զոհաբերութիւն մըն է. հարկ է որ մենք հաւատարիմ մնանք Աւարայրի հերոսներուն եւ խոստանանք շարունակել անոնց երթը:
Աշակերտական հաւաքը փակուեցաւ տէրհօր պահպանիչով, որմէ ետք աշակերտները ունկնդրեցին հայրենասիրական երգեր ու բարձրացան իրենց դասարանները:

Մանկապարտէզի փոքրիկները եւս ունեցան իրենց յատուկ յայտագիրը:
Անոնք համախմբուեցան մանկապարտէզի շրջափակին մէջ եւ իւրաքանչիւր դասարան իր ելոյթը ունեցաւ: «Քաջ Վարդան», «Իմ հայրենեաց հոգի Վարդան» երգերը եւ «Հայ եմ ես», «Քաջ Վարդանի տօնն է այսօր» ոտանաւորները Վարդանանց խորհուրդը փոխանցեցին եւ ներշնչեցին բոլորը:
Նոյն օրն իսկ, յետմիջօրէին եւ երեկոյեան, վարժարանի աշակերտութիւնը` մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդականի դասարանները նշեցին Բարեկենդանի տօնը:

Ձեռնարկին յատկանշական էին երեխաներուն ծպտուած տարազները: Անոնք վարժարանի սրահին մէջ, երգեցին ու պարեցին մեծ խանդավառութեամբ: Ապա դատական կազմը ընտրեց լաւագոյն ծպտուող աշակերտները:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան նաեւ ծնողները, որոնք եւս մասնակից դարձան իրենց զաւակներուն ուրախութեան: