Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Վերամուտի Նախապատրաստական Աշխատանքներ. Ազգային Միացեալ Վարժարանի Մանկապարտէզի Եւ Նախակրթարանի Ուսուցիչներու Մասնագիտական Սեմինար

Կազմակերպութեամբ Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէնութեան եւ գործակցութեամբ «Գարակէօզեան» հաստատութեան, շաբաթ, 27 մայիս 2017-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին սկսաւ նորակառոյց վարժարանի մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի ուսուցիչներու մասնագիտական միօրեայ սեմինարը, որ կը կրէր «Դասարանի ղեկավարումը` աշակերտներու յաջողութեան համար» խորագիրը:

Սեմինարին բացումը կատարեց Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէն Թալին Մարտիրոսեան, որ նշեց, թէ սեմինարները լաւագոյն միջոցներն են վերաթարմացնելու գիտելիքները եւ քայլ պահելու մանկավարժութեան արդի զարգացումներուն եւ նորարարութիւններուն հետ: Մարտիրոսեան շեշտեց, որ ասիկա առաջին քայլն է, եւ յառաջիկային պիտի իրականանան նմանօրինակ բազմաբնոյթ նախաձեռնութիւններ, որպէսզի կրթական մշակները բնորոշ ծրագիրով եւ աշխատելաոճով սկսին Ազգային միացեալ վարժարանի անդրանիկ տարեշրջանի գործունէութեան:

Սորվելու դժուարութիւններ ունեցող աշակերտներու կրթութեան բաժանմունքի պատասխանատու Յասմիկ Տօնոյեան «Փաուըրփոյնթ»-ով ծանօթացուց «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը: Ապա հոգեբան Կրէյս Վարդան սահմանեց «դասարան ղեկավարել» հասկացողութիւնը, ներկայացուց նպատակներու իրականացման անհրաժեշտ տարրերը եւ արգելիչ միջոցները, վարուելակերպի ակնկալութիւնները, աշակերտներուն մասնակցութիւնը ապահովելու մօտեցումները: Իւրաքանչիւր բաժինի ներկայացումէն ետք տեղի ունեցան անհատական եւ խմբային աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ փորձառութիւններու փոխանակում եւ քննարկումներ: Այս առիթով, «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան մեծապէս գնահատեց նախաձեռնութիւնը եւ յոյս յայտնեց, որ Ազգային միացեալ վարժարանը էապէս ծառայէ իր առաքելութեան եւ  յաջողութիւն արձանագրէ: Սեմինարը փակուեցաւ յետմիջօէի ժամը 2:00-ին: