Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Վերամուտ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի

Առաւօտեան ժամը 7:30… Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի շրջափակին մէջ եռուզեռ է: Առաջինէն մինչեւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտները եկած էին կրկին շունչ տալու դպրոցին: Հնչեց 2019-2020 տարեշրջանի պաշտօնական վերամուտի զանգը, աշակերտներ, իրենց դաստիարակներուն առաջնորդութեամբ, կարգապահ շարքեր կազմեցին բակի բեմին դիմաց, որ վերամուտի յարդարանքով զարդարուած էր:

Տէրունական աղօթքէն ետք վարժարանի կրթական տնօրէն Անի Բագրատունի բարի գալուստի խօսք ուղղեց աշակերտներուն: Բագրատունի աշակերտներուն յիշեցուց, որ վարժարանի նշանաբանն է` «Հաւատք, կամք, նուիրում», եւ որ այս տարի պիտի յայտարարուի նուիրումի տարի, որովհետեւ նուիրումը մարդկային գերագոյն արժէքներէն մէկն է: Այս առիթով ան ներկաներէն խնդրեց մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել յիշատակը վարժարանի այն նուիրեալներուն` տնօրէն, ուսուցիչ, վաղամեռիկ շրջանաւարտ, որոնք բաժնուած են այս կեանքէն:

Ապա, վերամուտի առիթով աշակերտներուն սրտի խօսք արտասանեց Ե. Մանուկեան քոլեճի Շրջանաւարտից միութեան ատենապետ Քրիստ Իսկէնտէրեան, որ ըսաւ, թէ կը գտնուի իրեն համար շատ հարազատ վայրի մը մէջ` իբրեւ հպարտ շրջանաւարտը այս կրթօճախին: Ան հակիրճ կերպով խօսեցաւ Շրջանաւարտից միութեան մասին, որ ունի աւելի քան 600 անդամներ, որոնք կը կանգնին քոլեճին կողքին:  Իսկէնտէրեան վեր առաւ վարժարանի դերակատարութեան կարեւորութիւնը` իբրեւ գիտակից հայորդիներու դարբնոցի: Իր խօսքի աւարտին ան բարի վերամուտ եւ կրթական յաջող տարեշրջան մը մաղթեց աշակերտներուն:

Դպրոցական առաջին օրուան ամէնէն հաճելի պահը կը նկատուի Ա. դասարանի աշակերտներուն ընդունելութիւնը: Արդարեւ, մանկապարտիզպանուհիի առաջնորդութեամբ բեմ բարձրացան Ծաղիկէն Ա. դասարան փոխանցուող փոքրիկները, որոնք ընդունուեցան իրենց նոր դաստիարակին կողմէ: Ապա Շրջանաւարտից միութեան վարչութեան կողմէ անոնցմէ իւրաքանչիւրին տրուեցաւ մէկական փուչիկ` կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն…

Աւելի ուշ միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները հաւաքուեցան սրահ, ուր հպարտութեամբ մտիկ ըրին քոլեճի նախորդ տարուան շրջանաւարտ Նարեկ Գազանճեանի Արարատ լեռ բարձրանալու զեկուցումը, որուն կ՛ընկերանային նկարներ: Գազանճեան նաեւ ԺԲ. դասարանի աշակերտներուն յանձնեց Արարատի գագաթին պարզած վարժարանին դրօշակը եւ Արարատի գագաթէն բերուած հողն ու քարը:

Երկրորդ բաժինով աշակերտները  լսեցին նաեւ ամառը Արցախի մէջ «Ասպետ» ճամբարին մասնակցած հինգ աշակերտները: Անոնք անցեալ տարուան ԺԱ. դասարանի աշակերտներէն են: Տղաքը խօսեցան եւ  ցուցադրեցին նկարներ` իրենց ապրած հետաքրքրական օրերուն եւ մարզումներուն մասին:

Իրենց դասընկերներուն փոխանցումներէն հպարտութեան զգացումներով տոգորուած` աշակերտները բարձրացան իրենց դասարանները` պաշտօնապէս սկսելու համար 2019-2020 տարեշրջանը: