Աւագ հինգշաբթի, 29 մարտ 2018-ին վախճանեցաւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ նախկին բազմավաստակ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Գուրգէն քհնյ. Յովհաննէսեան:
Վերջին օծման եւ քահանայի յատուկ թաղման կարգը կատարուեցաւ շաբաթ, 31 մարտ 2018-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի: Քահանայի վերջին օծման Ս. պատարագը մատուցեց Լիբանանի թեմի Կրօնական ժողովի ատենապետ Արժ. Տ. Սարգիս Քհնյ. Սարգիսեան: Ողջոյնէն առաջ Տ. Գուրգէն քհնյ. Յովհաննէսեանի անշնչացած մարմինը զետեղուեցաւ Ս. խորանի բեմին վրայ, ուր երգուեցան քահանայաթաղի շարականներ` քահանայ հայրերու կողմէ, ապա Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան Ս. միւռոնով կատարեց քահանայ հօր վերջին օծումը:
Հուսկ Առաջնորդ Սրբազանը դամբանական քարոզ մը խօսեցաւ: Ան լուսարձակի տակ առաւ Գուրգէն քահանային կեանքը եւ նշեց , որ ան իր գիտակցական տարիքի կարեւոր մէկ մասը եկեղեցւոյ ճամբով սպասաւորեց, որպէսզի փառաւորուի Աստուծոյ կամքը: Գուրգէն քահանան համեստօրէն եւ ժրաջան կերպով ծառայեց եկեղեցւոյ, առաւելաբար Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ` հովուելով մեր ժողովուրդը եւ հասնելով անոր տեսակաւոր կարիքներուն:
Առաջնորդ Սրբազանը իր դամբանականի վերջին բաժինով կոչ ուղղեց ներկաներուն իրենց կեանքի ընթացքով շարունակելու այն ծառայութիւնը, որ կտակեց մեզի վախճանեալ քահանայ հայրը:
Ապա Առաջնորդ Սրբազանը եւ Լիբանանի թեմի քահանայից դասը աջահամբոյր կատարեցին վախճանեալ քահանայ հօր եւ շարունակուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագը:
Վերջին օծման կարգէն ետք վախճանեալ Տ. Գուրգէն քհնյ. Յովհաննէսեանի մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը եւ ամփոփուեցաւ Քահանայից դամբարանը: