Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Տեառնընդառաջը` Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ. «Անհրաժեշտ Է Մեր Կեանքին Օրինակով Ուղղութիւն Տանք Մեր Զաւակներուն» Շեշտեց Շահէ Եպս. Փանոսեան

Երկուշաբթի, 13 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի ժամերգութիւն, որուն հանդիսապետեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր հայրական պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան:

Ան ըսաւ, որ Տեառնընդառաջի տօնը այն առիթն է, որուն ընդմէջէն կը նշենք Քրիստոսի տաճար ընծայման դէպքը, թէ ինչպէ՛ս երբ ան 40 օրուան մանուկ եղաւ, իր ծնողները զինք տաճար տարին, որպէսզի Աստուծոյ ընծայեն: Այս առիթով մեր եկեղեցին մեզի կը յուշէ, որ մեր ծնողները գիտակցին` թէ իրենց սրբազան պարտականութիւնն է իրենց զաւկին առաջին քայլերը ուղղել եւ ճիշդ  ճամբու մէջ զետեղել` անոր սորվեցնելով այն եղանակը, որ վայել է  բարեպաշտ ընտանիքի մը համար, որ կը ցանկայ իր զաւակը տեսնել կեանքի ճանապարհներուն վրայ գիտակից յառաջընթացի մէջ:

«Մենք, որ այսօր կը տագնապինք մեր զաւակներուն համար, պէտք է անդրադառնանք, որ գլխաւորաբար մենք ենք պատասխանատուները իրենց քայլերուն: Եթէ անոնց աստուածապաշտութիւն սորվեցնենք եւ զանոնք իբրեւ աստուածավախ դաստիարակենք, իրաւունք ունինք յուսալու, որ անոնք ըլլան Աստուծոյ մօտիկ եւ ընկերութեան մէջ իրենց կեանքը վարեն պարկեշտօրէն», շեշտեց Սրբազան Հայրը` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է մեր կեանքին օրինակով ուղղութիւն տանք մեր զաւակներուն:

Շարունակելով իր խօսքը` Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ըսաւ, որ մեր հոգիները լոյսէ կը պարպուին, որովհետեւ երեւոյթներով լեցուած մեր աշխարհը մեզ հոգեպէս կը պարպէ` մեր ուշադրութիւնը ուղղելով դէպի աշխարհիկ ժամանակաւոր երեւոյթներ, որոնք արժէք չեն ներկայացներ` աւելցնելով, որ արժէքը ճշմարիտ այն լոյսն է, որ երկինքէն կու գայ: Առաջնորդ սրբազանը կոչ ուղղեց բոլորին, որ արդի աշխարհի կեանքի պայմաններուն մէջ անդրադառնան, որ առանց Աստուծոյ պիտի չյաջողին մնալ պատնէշի վրայ եւ որոշ մտահոգութիւններու եւ նեղութիւններու դիմաց անպայման պիտի ընկճուին:

«Հաւաքուած ենք նշելու Տեառնընդառաջը, որ լոյսով, խարոյկով նշած է մեր ժողովուրդը անցնող բոլոր դարերուն», հաստատեց Սրբազան Հայրը` աւելցնելով, որ լոյսը մեր ժողովուրդին համար նախաքրիստոնէական օրերէն սկսեալ պաշտամունքի առարկայ է, որովհետեւ մեր ժողովուրդը անդրադարձած է, որ այնպէս, ինչպէս աշխարհին համար լոյսը անհրաժեշտ է, այդ մէկը անհրաժեշտութիւն է նաեւ հոգեւոր կեանքին համար, որպէսզի լոյսով մեր հոգիներու ծալքերը  լուսաւորուին, խաւարը հեռանայ մեր կեանքերէն, եւ մենք լուսաւոր պայմաններու մէջ տեսնենք բոլոր նեղութիւնները:

Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ թելադրեց, որ պարզ աւանդութեան մը հետեւողութեամբ չնշենք հայ եկեղեցւոյ մէջ նման  սրբազան առիթները, այլ` անոնց ետին գտնուող հոգեւոր դասը քաղենք մեր կեանքին համար, որպէսզի մենք ալ մեր դժուարութեանց մէջ զԱստուած մեզի հետ ունենանք եւ այդ յոյսով լուսաւորենք մեր հոգիին թաքուն ծալքերը, դառնանք պիտանի արարածներ մարդկային ընկերութեան համար:

«Ձեր զաւակները եկեղեցի առաջնորդեցէք, զանոնք նուիրեցէք սրբազան նպատակներու: Անոնց առաջին քայլերը դո՛ւք ուղղեցէք: Օրինակ եղէք իրենց համար, որպէսզի ձեր օրինակին հետեւելով անոնք հասակ առնեն եւ մեր ընկերութեան մէջ դառնան լուսաւոր արարածներ, ըլլան փայլուն դէմքեր, որոնց հոգիներուն մէջ Աստուած հաստատուի` զիրենք առաջնորդելու համար այն յոյսերուն, երազներուն եւ իտէալներուն, որոնց համար մեր ժողովուրդը իր կեանքը վարեց եւ կը շարունակէ վարել», եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը:

Այնուհետեւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ վառեցաւ Տեառնընդառաջի աւանդական խարոյկը: