Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Տիգրան Մանսուրեան Այցելեց Առաջնորդ Սրբազանին

Ուրբաթ, 15 փետրուար 2019-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հրաւէրով Հայաստանէն Լիբանան եկած հանրածանօթ երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեան հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսին հետ: Հաւաքին հայրենի արուեստագէտն ու առաջնորդ սրբազանը քննեցին հայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր:

Նարեկ Արքեպիսկոպոս հակիրճ կերպով ներկայացուց Ազգային առաջնորդարանի գործունէութիւնը եւ աշխատանքները, իսկ Տիգրան Մանսուրեան անդրադարձաւ իր գործունէութեան եւ Լիբանան այցելութեան:

Յայտնենք, որ նշեալ հանդիպումէն առաջ Տիգրան Մանսուրեան այցելած էր Ազգային միացեալ վարժարան, իսկ հանդիպումէն ետք շրջագայեցաւ Պուրճ Համուտ` մօտէն ծանօթանալով թաղամասերուն եւ առօրեային: