Անցնող շաբաթավերջին հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը:
Արդարեւ, շաբաթ, 30 մարտին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցած մատաղի պատրաստութեան զուգահեռ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէութեան, կէսօրուան ժամը 12:00-էն սկսեալ Արաքս փողոցին վրայ տեղի ունեցաւ տօնախմբութիւն-տօնավաճառ: Փողոցին վրայ տեղադրուած էին տաղաւարներ, ուր կը վաճառուէին պահքի ճաշեր, խմորեղէններ, քաղցրեղէններ, հայկական արտադրութիւններ, ձեռագործներ, հայկական նիւթերով յուշանուէրներ, մանկապատանեկան դաստիարակչական գիրքեր եւ այլն: Տօնավաճառին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղը, «Սարդարապատ» կոմիտէութեան ընկերային յանձնախումբը, ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղը, «Արցախ Ֆոնտ»-ը, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբը, Սրբոց Քառասնից Մանկանց կիրակնօրեայ վարժարանը, մանկապատանեկան գիրքեր եւ գոյքեր վաճառող կրպակը:
Կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին ելոյթ ունեցաւ «Ծիածան» մանկապատանեկան խումբը, որ երգերով, պարերով ու խաղերով զուարճացուց փոքրիկները: Գեղարուեստական բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերին Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ դպրաց դասի պարախումբը եւ «Հայ շեփոր»-ը:
Յայտնենք, որ ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէութիւնը նուէրներ բաժնեց բոլոր ներկայ փոքրիկներուն:
Կիրակի, 31 մարտին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Արաքս թաղի մուտքին տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսին, ապա թափօրը, գլխաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, ուղղուեցաւ դէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի, ուր Առաջնորդ Սրբազանը մատուցեց Ս. պատարագ:
Իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ անուանակոչութեան տօնը այս տարի յատուկ նշանակութիւն եւ խորհուրդ ունի մեզի համար, որովհետեւ շաբաթ, 30 մարտին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ձեռամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ պատմական թեմերէն Բերիոյ թեմի Հալէպ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ վերաօծումը եւ վերաբացումը պատմական Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ: Ան յայտնեց, որ պարզ դէպք մը չէ ասիկա, այլ մեր ժողովուրդի զաւակներուն հայ քրիստոնէական հաւատքի արտայայտութիւնը եւ ճառագայթումը, եւ իբրեւ այդպիսին հոգեւոր կապ մը կը ստեղծէ մանաւանդ այսօր նոյն անունը կրող եկեղեցւոյ մէջ, երբ հաւաքուած ենք նոյն հաւատքով, նոյն վճռակամութեամբ եւ նոյն տեսիլքով շարունակելու մեր հայ քրիստոնէական ուխտագնացութիւնը աշխարհի բոլոր երկինքներուն տակ: «Մեր բոլոր թշնամիները կրնան քանդել մեր քարեղէն եկեղեցին, բայց պատմութիւնը վկայ, որ ոգեղէն եկեղեցին հայու հոգիին մէջ չի քանդուիր, եւ այդ եկեղեցին միայն քրիստոնէական հաւատք չէ մեզի համար, այլ նաեւ` մեր հայեցի ամբողջ էութիւնը, ինքնութիւնը, մշակոյթը եւ հոգին է, եւ այդ իմաստով Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ վերաօծումը կը հանդիսանայ հայ եկեղեցւոյ պատմութեան եւ մանաւանդ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատմութեան մէջ յիշատակութեան արժանի դէպք մը, եւ մեր ժողովուրդը անգամ մը եւս կը մտնէ այդ եկեղեցին եւ իր հայ քրիստոնէական հաւատքը կը վերանորոգէ», հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը` աւելցնելով, որ մենք եւս, երբ կը նշենք անուանակոչութեան տօնը Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ ոսկի կամար մը կը նետենք Սեբաստիայէն Նոր Մարաշ եւ 4-րդ դարէն 21-րդ դար, եւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց երիտասարդները անգամ մը եւս կ՛այցելեն մեզի եւ մեր հաւատքը, մեր հայեցի ինքնութիւնը կը վերանորոգեն իրենց սուրբի եւ հերոսի օրինակով:
Շարունակելով իր խօսքը` Նարեկ Արքեպիսկոպոս ըսաւ, թէ երբ կը խօսինք անուանակոչութեան տօնին մասին, իրապէս կ՛անդրադառնանք, թէ եկեղեցին մենք ենք` հայ հաւատացեալներս, որովհետեւ եկեղեցին հաւատքի վկայութիւնն է, եւ այդ վկայութիւնը իր պերճախօս եւ վաւերական արտայայտութիւնը կը գտնէ մարդոցմով: Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ, թէ երբ հայ քրիստոնէական հոգին, կապուածութիւնը, պատմութեան հետ ամրացումը, մեր հաւատքը եւ մշակոյթը, մեր ինքնութիւնը, մեր կոչումը կը վերածուին առաքելութեան, այն ատեն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան նշումին հետ միանգամայն կը նշենք մեր պատկանելիութիւնն ու հաւատարմութիւնը այս եկեղեցւոյ աշխարհագրական տարածքը ընդգրկող ժողովուրդին եւ հոն գտնուող բոլոր միաւորներուն` աւելցնելով, որ այդ բոլորը կեանքի հայեցի ինքնութեան եւ հայկական հպարտութեան վերածողը մարդն է, հայորդին է, մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներն են, որոնք այսպէս կ՛ապրին եւ կ՛ապրեցնեն մեր եկեղեցին, դպրոցները, ակումբները, միութիւնները:
«Երկինքի արքայութիւնը երազ մը չէ քրիստոնեային համար, անկարելիութիւն մը չէ, այլ` այս երկրէն սկսող յանձնառութիւն եւ նախանձախնդրութիւն է: Երկինքի արքայութեան բնակիչ կը դառնանք մենք այս երկրէն սկսեալ», հաստատեց Սսրբազան Հայրը` աւելցնելով, որ պատահականօրէն եւ մեր երկրաւոր կեանքով ու գործերով չենք կրնար երկինքի թագաւորութիւնը ժառանգել: Աստուած ինք գիտէ մեր բոլորին կեանքը, վարքը եւ գործը, բայց մեզի կը մնայ ըլլալ պիտանի արարածներ թէ՛ այս աշխարհին վրայ մեր հաւաքական կարիքներուն դիմաց եւ թէ՛ մանաւանդ երկինքի թագաւորութեան համար: Մեր սուրբերը եւ հերոսները այս ընտրութիւնը կատարելու ճամբան կը սորվեցնեն մեզի: Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ, թէ պատահականութեան արդիւնք չէ, որ մեր եկեղեցիները սուրբերու անուններ կը կրեն, մեր հաստատութիւնները հերոսներու անուններով կը ճանչցուին, մեր դպրոցները բարերարներու անուններ կը կրեն` նկատել տալով, որ այս բոլորը պատգամ մը կը փոխանցեն մեզի, նմանիլ մնայունին` երկնաւորին եւ ոչ թէ կեղծաւորին:
«Մենք այսօր հրաւիրուած ենք այս անուանակոչութեան ընդմէջէն յիշելու բոլոր անոնք, որոնք 20-րդ դարու սկիզբը` 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան վերապրողներ որպէս, իրենց պատմական տունը, եկեղեցին, դպրոցը, հայրենիքը եւ հողը լքեցին վաղուան համար եւ այս ափերուն վրայ նոր Հայաստան կերտեցին, նոր եկեղեցի բարձրացուցին, նոր դպրոցներ բացին եւ նոր ակումբներ հաստատեցին: Չենք կրնար մոռնալ մեր հաւաքական պատմութիւնը եւ յիշողութիւնը», շեշտեց Սրբազան Հայրը` հարց տալով, թէ այսօր մենք ի՞նչ կ՛ընենք այս բոլորին դիմաց: Ան ըսաւ, թէ այս հարցումին պատասխանելու հրաւիրուած ենք մեր կեանքով եւ ոչ թէ մեր խօսքով, եւ անոր պատասխանը մենք պիտի տանք պատասխանատուութեամբ եւ գիտակցութեամբ:
Եզրափակելով իր խօսքը` Սրբազան Հայրը աղօթեց եւ մաղթեց, որ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով վերանորոգենք մեր հայ քրիստոնէական հաւատքը եւ կապուածութիւնը մեր հոգեւոր ու ազգային բոլոր արժէքներուն, որոնք մեզի բարոյական եւ հաւատացեալ մարդու նկարագիրը կու տան:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:
Այնուհետեւ եկեղեցւոյ «Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեան» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան: Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Կարօ Աբրահամեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք բոլորին նկատել տուաւ, որ անոնց ներկայութիւնը աւելի կը խթանէ զիրենք, որ յաւելեալ կորովով փարին ազգային եւ հոգեւոր արժէքներուն, որոնք կը կազմեն մեր գոյութեան հիմնաքարը: Ան ըսաւ, թէ մեծ խորհուրդ մը կայ սիրոյ սեղանին ետին, ուր նահատակութեան վսեմ զգացումները կը միաձուլուին մեր համազգային արժէքներուն` կազմելով այն հսկայ պատուանդանը, որուն վրայ հպարտօրէն կը հանգչի Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցին:
Խօսքը ուղղելով Սրբազան Հօր` Կ. Աբրահամեան հաստատեց, որ սիրոյ սեղանը կը ստանայ յաւելեալ ուժականութիւն` շնորհիւ անոր քաջալերական թելադրանքներուն, զորս կը նկատեն մեկնակէտը իրենց յառաջիկայ բոլոր գործունէութեանց:
Աւարտին ան շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր բարերարներուն եւ շրջանի պատկան մարմիններուն, որոնք սատարեցին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին համար կատարուած աշխատանքներուն:
Սրբազան Հայրը իր կարգին գոհունակութիւն յայտնեց, որ կը գտնուին սիրոյ սեղանին շուրջ` մեր հայկական աւանդութեան համաձայն: Ան գնահատեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը` ի նպաստ եկեղեցւոյ պայծառութեան իր ժրաջան աշխատանքին համար: «Սերունդները իրարու կը յաջորդեն, բայց հայ մշակոյթը կենդանի մը մնայ, որովհետեւ մենք ոչ միայն կը սորվինք, այլեւ` կը սորվեցնենք, կը փոխանցենք եւ այդ ճիգը Ազգային առաջնորդարանը աւելի կազմակերպուած ձեւով սկսած է կատարել», հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը` աւելցնելով, որ մեր մշակութային բոլոր մարզերուն մէջ, մեր կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ մենք պէտք է փորձենք բիւրեղ պահել հայ մշակոյթը: Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ մենք այս բոլորը կրնանք պահել ու պահպանել, ծաղկեցնել մեր մասնակցութեամբ, որովհետեւ երբ մենք կը մասնակցինք եւ մեր կարողութիւնները եւ շնորհները իրարու քով կը բերենք, այն ատեն մեր եկեղեցիները, դպրոցները, ակումբերը, ընտանիքները, հայրենիքը, պահանջատիրութիւնը, այլ խօսքով` հայապահպանումը կը դառնայ ամէնօրեայ տագնապ եւ յաջողութիւն: «Այսօր կարեւորը սուրբին, հերոսներուն, դէպքին պատմական իրադարձութիւններուն պատգամը վերապրեցնելն է մեր կեանքին մէջ: Մենք պատմութեամբ չենք ապրիր: Պատմութենէն կը ներշնչուինք մեր ներկային համար, ներկան իմաստաւորելու եւ ապագան պատրաստելու համար», ըսաւ Նարեկ Արքեպիսկոպոս եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ եկեղեցիներու անուանակոչութիւնները չեն սահմանափակուիր միայն եկեղեցւոյ մէջ, այլ նաեւ` ամբողջ թաղը իր բոլոր միաւորներով, ակումբներով, միութիւններով, հայորդիներով տօնավաճառի անուան տակ տօնական մթնոլորտ կը ստեղծէ, եւ այդ ձեւով մեր թէ՛ կրօնը, թէ՛ մշակոյթը, թէ՛ հաւատքը եւ թէ՛ ինքնութիւնը կը նոյնանան եւ տարբեր բնագաւառներու մէջ արտայայտութիւն կը գտնեն: «Այսպէս դիմացած ենք եւ այսպէս կը շարունակենք դիմանալ: Ամբողջական հայը միաժամանակ թէ՛ քրիստոնեայ է եւ թէ՛ հայ է», եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը:
Սիրոյ սեղանին գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան Գէորգ Պէպէճեան` երգ, Հրատ Պէպէճեան` երգ, Նարեկ Մամիկոնեան` ասմունք, Յովիկ եւ Անի Քէօշկերեաններ` երգ, Խաժակ Խաչատուրեան` նուագ, դպրաց դասի պատանիներ` պար: Երգեհոնի վրայ կ՛ընկերակցէր Յովիկ Ատուրեան: