Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Տօնական Մթնոլորտի Մէջ. Աւելի Քան 400 Մանուկներ Եւ Պատանիներ Տօնեցին «Սպիտակ Ծնունդը»

Հինգշաբթի, 3 յունուար 2019-ին, տօնական մթնոլորտ մը կը տիրէր «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: Արդարեւ, աւելի քան 400 մանուկներ եւ պատանիներ, ընկերակցութեամբ իրենց ծնողներուն, եկած էին տօնելու «Սպիտակ ծնունդը»` «Քազատու» խումբին եւ Ռիմին հետ:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդին հովանաւորութիւնը վայելող եւ Լիբանանի հայոց թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններուն կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած այս աննախընթաց ձեռնարկը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց սրահին մէջ` ուրախ եւ հաճելի պահեր պարգեւելով բոլորին:

Մօտաւորապէս մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ մանուկներն ու պատանիները երգեցին, պարեցին Ռիմի եւ զանազան տիպարներու հետ: Անոնք նաեւ շահեցան նուէրներ` պատասխանելով Ռիմին հարցուցած հարցումներուն: Անշուշտ խանդավառութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին` Կաղանդ պապային ժամանումով, երբ մեծ թիւով մանուկներ բեմ բարձրացան եւ նկարուեցան իրեն հետ:

Ձեռնարկին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Կարինէ Ներսէսեան, որ մեկնաբանեց «Կաղանդ պապան ուշ է» եւ «Զանգակներ» երգերը: