Անցնող շաբաթավերջին տօնախմբութիւն էր Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ թաղամասին մէջ: Արդարեւ, շաբաթ, 16 փետրուարի առաւօտեան կատարուեցաւ ոչխարներու զենումը, որմէ ետք ընթացք առաւ մատաղի պատրաստութիւնը, որ տեւեց մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր: Մատաղի պատրաստութեան զուգահեռ, եկեղեցւոյ կից փողոցին մէջ կազմակերպուած էր տօնավաճառ, ուր տեղադրուած էին տաղաւարներ, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերած էին ՀՅԴ «Քրիստափոր» պատանեկան միութիւնը, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղը, ԼՕԽ-ի «Արագած» եւ «Արշալոյս Ազիրեան» մասնաճիւղերը, ՔԱՀԼ-ը, «Արցախ ֆոնտ»-ը, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ դպրաց դասը եւ ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէի ընկերային յանձնախումբը:
Նոյն օրը, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն սկսեալ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէին, գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցաւ «Բարեւ փոքրիկներ» խումբը` մանկական երգերով, պարերով եւ խաղերով, իսկ երեկոյեան մթնոլորտը առաւել եւս խանդավառեցին երգիչներ Հայկ Վարդանեան, Գէորգ Բարիզեան, Նաթալի Տէկիրմէնճեան, Գէորգ Մատարեան, Շանթ Մատարեան, Ճօ Աթաքեան, Վազգէն Կէնտիմեան եւ պուզուքիստ Յարութ:
Կիրակի, 17 փետրուարին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, «Արագած» ակումբին կից տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսին, նաեւ տեղի ունեցաւ ոչխարի զենում, ապա առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, թափօրը ուղղուեցաւ դէպի «Ազիրեան» ակումբ, ուր կրկին տեղի ունեցաւ ոչխարի զենում, որմէ ետք թափօրը ուղղուեցաւ Ս. Սարգիս եկեղեցի, ուր Սրբազան Հայրը մատուցեց Ս. պատարագ:
Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ «երկար տարիներու աւանդութեան համաձայն, անգամ մը եւս համախմբուած ենք Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ` միասնաբար նշելու եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը` փառք տալով Աստուծոյ, որ մեր հաւատքով եւ ազգային գիտակցութեամբ շրջանը կը շարունակենք պահել կենսունակ յիշատակովը մեր Կիլիկեան թագաւորութեան մայրաքաղաքին` Սիսին»: Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց եկեղեցւոյ հովիւը եւ մարմինները, նաեւ շրջանին մէջ գործող բոլոր կազմակերպութիւնները` մաղթելով, որ անոնք նոր կամքով եւ տեսիլքով շարունակեն իրենց կապուածութիւնը մեր մեծ ընտանիքին` մեր ազգին եւ եկեղեցիին:
Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց բոլոր Սարգիս եւ Մարտիրոս անունը կրողները` աւելցնելով, որ սուրբի անուն կրել կը նշանակէ սուրբին օրինակին հետեւիլ, անոր սրբութիւնը ապրիլ եւ խօսքով ու վարքով ապրեցնել զինք մեր շրջապատին մէջ: Նարեկ արքեպիսկոպոս յայտնեց, որ երբ կարդանք եկեղեցւոյ առաջին չորս դարերու պատմութիւնը, խորապէս պիտի անդրադառնանք, թէ առաջին քրիստոնեաները կ՛ապրէին Քրիստոսով եւ Քրիստոսի համար, նաեւ կը նահատակուէին Քրիստոսի համար` աւելցնելով, որ եկեղեցին իր ուժի աղբիւրը կը նկատէր Քրիստոսի ներկայութիւնը, ներգործութիւնը, հրաշագործութիւնը իր կեանքին մէջ:
Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ, թէ քրիստոնեաները բանակ չունէին, այլ` ապաւինած էին հաւատքի զէնքին եւ այդ հաւատքով կ՛ապրէին, կը գործէին, կը վկայէին, թէ իրենք կը պատկանին Քրիստոսի եւ զայն կը տանին ամբողջ աշխարհին` աւելցնելով, որ այդ հաւատացեալ քրիստոնեաներէն մէկը հանդիսացաւ Ս. Սարգիս: Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ յայտնեց, որ Ս. Սարգիսի կեանքին եւ վկայութեան մասին կը կարդանք զանազան աղբիւրներէ, սակայն կարեւորը սուրբին կեանքին մանրամասնութիւնը չէ, այլ` այդ կեանքին փոխադրութիւնը մեր անհատական եւ հաւաքական կեանքին մէջ: «Եթէ փորձենք Ս. Սարգիսի, իր զաւկին` Մարտիրոսի եւ բոլոր սուրբերուն ու սրբուհիներուն կեանքը խտացնել մէկ բառի մէջ, այդ բառը վկայութիւնն է: Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ վկայ մըն է, որ կը վկայէ իր մէջ Քրիստոսի ներկայութեան մասին», հաստատեց Սրբազան Հայրը` աւելցնելով, որ անոնք, որոնք կը կրեն սուրբերու, թագաւորներու անուններ, խորապէս կը գիտակցին, թէ պատահականօրէն չեն տրուած իրենց այդ անունները, որոնք կու գան մեր պատմութենէն, սրբութենէն, արժէքներէն, եւ այդ անունները կրելը վկայութեան առաջին ցոլացումն է:
Շարունակելով իր խօսքը` Սրբազան Հայրը բացատրեց, որ վկայել կը նշանակէ քաջաբար ճշմարտութիւնը յայտարարել, իսկ գերագոյն ճշմարտութիւնը Քրիստոսն է` աւելցնելով, որ մեր նախնիները` մեր պատմութեամբ իսկ, վկայութեամբ ապրեցան ու ապրեցուցին Քրիստոսը իրենց կեանքին մէջ, եւ այսօր մեր պատմութիւնը նոյնը կը պահանջէ մեզմէ: Խօսելով եկեղեցւոյ մասին` Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ եկեղեցին միայն քարեղէն կառոյց չէ, այլ` ժողովուրդն է ամէն բանէ առաջ, Աստուծոյ անունով եւ մեր պատմութեան կշռոյթով ապրող, գործող եւ վկայող ժողովուրդը:
«Հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակները եկեղեցւոյ շէնքին մէջ եկեղեցի կը դառնան, հայ դպրոցի շէնքին մէջ հայ աշակերտ եւ ուսուցիչ կը դառնան, հայ ակումբի, հայ մշակոյթի կեդրոններուն, հայ մամուլի սպասարկութեան եւ հայ գիրի ծառայութեան մէջ` հայ ղեկավար կը դառնան», հաստատեց Նարեկ Արքեպիսկոպոս: Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին ակնարկելով` Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ նշեց, որ զայն տօնել կը նշանակէ անդրադառնալ, թէ մեր այս պատկանելիութիւնը մենք ինչպէ՞ս կ՛ըմբռնենք, ո՞ւր կը տեսնենք մեր դերը եւ ծառայութիւնը մեր ժողովուրդը բնորոշող իր ոգեղէն, իմացական եւ բարոյական կառոյցներուն մէջ` շեշտելով, որ այս է հայադրոշմ վկայութիւնը, քրիստոնէական արժէքներու ընդելուզումը մեր ազգային արժէքներուն:
«Մենք չենք կրնար մեր ազգային պատկանելիութիւնը անջատել մեր քրիստոնէական պատկանելիութենէն: Մեր պատմութիւնը չի թոյլատրեր ատիկա մեզի, մեր ներկան չ՛արտօներ այդ ճոխութիւնը մեզի եւ ապագան կը դատապարտէ մեզ, եթէ մենք մեր հայ քրիստոնէական ինքնութիւնը չապրինք եւ չփոխանցենք մեր նոր սերունդին», հաստատեց Սրբազան Հայրը եւ եզրափակելով իր խօսքը ըսաւ, թէ սուրբերը խորհրդանշաններ են հաւատքի եւ վկայութեան, եւ երբ մենք կ՛ապրինք այդ խորհրդանշանները եւ զանոնք կ՛ապրեցնենք մեր կեանքին մէջ, այն ատեն մենք եւս կը դառնանք վկաները թէ՛ Քրիստոսի եւ թէ՛ Քրիստոսով օծուած ու առաջնորդուած մեր հայ քրիստոնէական կեանքին:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:
Այնուհետեւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ «Աթայեան եղբարք» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան: Օրուան հանդիսավար, եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան անդամ Լենա Մարգարեան ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ այս տարի եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը կը նշուի նորակառոյց սրահին մէջ: Ան յայտնեց, որ մեծ ուրախութիւն է երբ մեր եկեղեցիները եւ կառոյցները կը նորոգուին, եւ հայ ժողովուրդը իր երթը կը շարունակէ` պահելով իր հայեցի դիմագիծն ու ինքնութիւնը:
Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Գօգօ Աւագեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ սրահի նորոգութեան եւ բացումին` շեշտելով, որ սոյն եկեղեցին կանգուն մնացած է եւ պիտի մնայ շնորհիւ ձեռք երկարող նուիրատու ազգայիններուն: Ան նկատել տուաւ, որ Նոր Սիսը, հակառակ համեստ թաղամաս մը ըլլալուն, շնորհիւ թաղեցիներու եւ բարերարներու աջակցութեան կը յարատեւէ եւ կը փորձէ իր եկեղեցւոյ ճամբով շրջանի հաւատացեալին եւ կարիքաւորին ծառայել:
Ակնարկելով յառաջիկայ շաբաթ տեղի ունենալիք թաղականութեանց ընտրութիւններուն` Աւագեան նկատել տուաւ, որ նոր թաղականութիւնը իր կարգին ունի կատարելիք աշխատանքներ, ինչպէս` ժողովուրդին եւ մանաւանդ երիտասարդ սերունդին հետ եկեղեցւոյ կապը ամրապնդել, սրահը զարդարել գեղեցիկ պաստառներով, խոհանոցի պիտոյքներ դասաւորել, աւելի մեծ ելեկտրական շարժակ մը ապահովել: Եզրափակելով իր խօսքը` Աւագեան շնորհակալութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, նաեւ բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կը կանգնին եւ կը ծառայեն եկեղեցւոյ:
Նարեկ արքեպիսկոպոս նկատել տուաւ, որ Եփրեմ արք. Թապաքեան, որ ծագումով սիսեցի է, իրեն հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մէջ մտած է եւ յատուկ կերպով իր ողջոյնները փոխանցած է բոլորին: Սրբազանը խոստացաւ, որ եթէ Եփրեմ արք. Թապաքեան համաձայն գտնուի, յառաջիկայ տարի կը հրաւիրէ զինք, որ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին ներկայ գտնուի եւ պատարագը մատուցէ: Նարեկ Արքեպիսկոպոս խորին շնորհակալութիւն յայտնեց շրջանի բոլոր զաւակներուն` աւելցնելով, որ շատ տպաւորուած էր ընդունելութենէն, պատարագէն եւ սիրոյ սեղանէն, եւ ըսաւ, թէ ասիկա պէտք է բարի օրինակ ծառայէ բոլորին: «Դրական մրցակցութիւնը լաւ բան է եւ դրական մրցակցութեամբ է, որ մենք կրնանք ամէն մարզի մէջ յաջողութիւն արձանագրել», շեշտեց Սրբազան Հայրը եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց նիւթաբարոյական մասնակցութիւնը բերին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան յաջողութեան:
Յառաջիկայ կիրակի տեղի ունենալիք թաղականութեանց ընտրութիւններուն անդրադառնալով` Սրբազան Հայրը կոչ ուղղեց գաղութի բոլոր զաւակներուն, որ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ, պարտականութիւն կատարելու հասկացողութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերեն սոյն ընտրութիւններուն` աւելցնելով, որ ով որ ընտրուի, բոլորիս համար ընդունելի է, որովհետեւ բոլորս ալ զանազան եղանակներով մեր ծառայութիւնը կը բերենք եւ պէտք է բերենք մեր ազգային, եկեղեցական, ընկերային եւ հասարակական կառոյցներուն:
Յայտնենք, որ գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան Մեղրի Նեմշէհիրլեան` սրինգ, Անժելա Մկրտիչեան` ասմունք, Համաստեղի «Հայու ոգին», Ժաքլին Պաղտիկեան` մենապար, Նաթալի Տէկիրմէնճեան` երգ: Յայտագիրին ազգային-հայրենասիրական եւ յեղափոխական երգերով իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ երգիչ Նժդեհ Պոտրումեան: