Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, անցնող շաբաթավերջին Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ Ասատուր սրկ. Եղիայեանի քահանայական ձեռնադրութիւնը:
Արդարեւ, շաբաթ, 26 դեկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ կոչման կարգը, որուն աւարտին Սրբազանը սրբալոյս միւռոնով օծեց եկեղեցւոյ նորակառոյց մկրտարանը:
Իր սրտի խօսքին մէջ Սրբազանը իր հոգեկան հրճուանքը արտայայտեց հաւատացեալներու ներկայութեան համար, որոնք ջերմեռանդութեամբ ու հաւատքով եկած են եկեղեցի: «Վստահաբար ձեր աղօթքներուն մէջ պիտի խնդրէք Աստուծմէ, որ ընծայեալը զօրացնէ առաքինութիւններով, որպէսզի կարողանայ այս եկեղեցւոյ շրջագիծէն ներս իր ծառայութեամբ, նաեւ ձեր ծառայութիւնն ու հաւատարմութիւնը հանդէպ այս եկեղեցւոյ աւելցնել», ըսաւ առաջնորդը: Այս առիթով սրբազանը գոհունակութիւն եւ իր գնահատանքը յայտնեց Պեքաայի շրջանի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի, որ կարճ ժամանակուան ընթացքին արդէն իսկ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ յառաջացուցած էր անհրաժեշտ խանդավառութիւն եւ իր հոգածութեան ներքեւ Զահլէն ու ամբողջ Պեքաայի շրջանը պիտի ապրի այս վերելքը, նաեւ Հայ եկեղեցւոյ գանձանակէն ներս զետեղէ այն լուման, որ հարկաւոր է եւ կը վայլէ այս շրջանի հայ ժողովուրդին: Եզրափակելով իր խօսքը` Առաջնորդը մաղթեց, որ այս օրերուն, դժուարին եւ կասկածներով լեցուն կեանքի պայմաններու մէջ միշտ այսպէս ըլլան եւ իրարմով հոգեւոր ուրախութիւն ապրին, որպէսզի Աստուած բոլորին դիմաց բանայ բնականոն կեանքի պայմաններ եւ առիթ ընծայէ, որ մենք զմեզ իրագործենք մեր աշխատանքով եւ մեր արդար քրտինքով:
Կիրակի, 27 դեկտեմբերին Սրբազան հայրը եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց ս. պատարագ եւ կատարեց Ասատուր սրկ. Եղիայեանի քահանայական ձեռնադրութիւնը: Քահանայ հայրը կոչուեցաւ Գրիգոր քհնյ. Եղիայեան:
Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Սրբազանը յայտնեց, որ երբեմն Աստուած իր նպատակներուն իրագործումին համար մեր ընկերութեան մէջէն անհատներ կ՛ընտրէ եւ զանոնք կ՛առաջնորդէ, որպէսզի դառնան իր ժողովուրդին հովիւներն ու սպասաւորները, աւելցնելով, որ այս մտածումներուն ընդմէջէն մեր նորընծան` Գրիգոր քհնյ. Եղիայեան պիտի անդրադառնայ, թէ ինք մեր ժողովուրդի ծոցէն եկած անհատ մըն է` Աստուծոյ կոչումով առաջնորդուած եւ տիրոջմէ ստացաւ օրհնութիւն յառաջիկայ իր ծառայական առաքելութեան համար: Սրբազանը ըսաւ, որ նորընծայ քահանայ հօր գլխաւոր պարտականութիւնն է Աւետարանի քարոզչութիւնը կատարել մեր աշխարհի պայմաններուն մէջ` քաջ գիտնալով, որ հոգեւորականները եւս կրնան շեղիլ, սայթաքիլ եւ իյնալ, հետեւաբար պէտք է ամուր կառչիլ մեր հաւատքին, Աւետարանի սրբութիւններուն, մեծ վստահութիւն կապել Աստուծոյ, անկէ լոյս եւ իմաստութիւն քաղել, որպէսզի կարելի ըլլայ յարատեւել աշխատանքներու ընթացքին եւ կեանքի ամբողջ տեւողութեան: Սրբազանը դիտել տուաւ, որ աշխարհին մէջ կան տեսակաւոր տագնապներ, դժուարութիւններ, հարցեր ու խնդիրներ, որոնց մէջ եկեղեցականը պարտաւոր է իր անձէն առաջ յիշելու իր հօտին անդամները, որոնք այսուհետեւ պիտի հետեւին իր կոչին, իր անձնական օրինակին եւ իր քայլերուն: Սրբազանը մաղթեց, որ նորօծ քահանայ հայրը ըլլայ ուղիղ, առաքինի, օրինակելի իր ծառայութեան ամբողջ տեւողութեան, նաեւ շնորհաւորեց Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը, նաեւ` Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանը, որ կը փորձէ ոչ միայն Զահլէէն ներս, այլեւ Պեքաայի շրջանին մէջ նոր եռանդ ու նոր խանդավառութիւն հաստատել:
Եզրափակելով իր խօսքը` Սրբազանը նկատել տուաւ, որ նորօծ քահանայ հայրը անուանուած է Գրիգոր քհնյ. Եղիայեան, Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ անունով, որպէսզի իբրեւ նոր մարդ` նոր զօրութեամբ եւ նոր կարողութիւններով գործէ համայնքին մէջ: Սրբազանը նաեւ գնահատեց Եղիկ Փամպուքեանն ու իր կինը, որոնք ստանձնած էին քահանայ հօր ձեռնադրութեան կնքահայրութիւնը:
Աւարտին ներկաները իրենց շնորհաւորութիւնները յայտնեցին քահանայ հօր: