Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Քրիստոսի Բազմամարդ Թաղման Թափօր` Պուրճ Համուտի Հայահոծ Թաղամասերուն Մէջ

Աւագ ուրբաթ, 14 ապրիլ 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Յիսուս Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան եւ թաղման յիշատակին սրբազան արարողութիւն կատարուեցաւ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ: Եկեղեցական արարողութեան հանդիսապետեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան:

Սրբազանը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ Աւագ շաբաթը իր սրբազան արարողութիւններով յատուկ գրաւչութիւն ունի մեր ժողովուրդին համար, որ մեր եկեղեցւոյ հաստատած կանոններուն հետեւողութեամբ ջերմեռանդօրէն մասնակից կը դառնայ եւ կը փորձէ հոգեւոր հասկացողութեամբ իր կեանքը վերանորոգել` աւելցնելով, որ Յիսուս Քրիստոսի թաղման կարգը եւս մեզի համար ունի յատուկ գրաւչութիւն, որովհետեւ առիթ կ՛ընծայէ, որ մենք խորհինք կեանքի մասին: Սրբազան հայրը նկատել տուաւ, որ մահը աշխարհի հասկացողութեամբ կեանքի վերջակէտն է, բայց քրիստոնէական հասկացողութեամբ մեզ կը տանի դէպի յաւիտենականութիւն, նաեւ մահը այն առիթն է, երբ մենք առաւելաբար կը խորհինք կեանքին մասին:

«Այսօր մենք սգաւորի տրամադրութեամբ ներկայ չենք այս եկեղեցիին մէջ, այլ` ներկայ ենք հաւատքով զօրացած, որպէսզի մասնակից դառնանք Տիրոջ յաղթական երթին եւ մեր ուսերուն վերցնելով քրիստոնէական պարտականութիւնները` զանոնք տանինք աշխարհին, ի մխիթարութիւն բոլորին եւ լուսաւորելու համար մեր շրջապատը քրիստոնէական բարոյականութեամբ, որուն կ՛առաջնորդէ մեզ մեր եկեղեցին: Ներկայ ենք, որպէսզի անդրադառնանք, որ մեր Տէրը աշխարհ եկաւ մեզի համար իր ուսերուն վերցնելով մեր մարդկային մեղքերը, մեզի համար չարչարուեցաւ, խաչուեցաւ, որպէսզի բարձրանալու ճամբան ցոյց տայ մեզի իր յարութեան օրինակին ընդմէջէն», շեշտեց Սրբազան Հայրը` աւելցնելով, որ դարեր ետք Յիսուսի յիշատակով հաւաքուած ենք, որպէսզի եկեղեցիէն մեր ստացած հոգեւոր մխիթարութեամբ մխիթարենք մեր շրջապատը եւ եկեղեցիէն քաղած մեր լոյսը տանինք մեր հարազատներուն ու յիշեցնենք, որ կեանքին մէջ պէտք չէ ընկճուինք, որովհետեւ Աստուած մեզի հետ է, եւ անոնք, որոնք բարոյականութեամբ կը վարեն իրենց կեանքը, անպայմանօրէն յաղթական կը դառնան, նման Քրիստոսի, որ յաղթանակ տարաւ մահուան վրայ:

Շարունակելով իր խօսքը` Սրբազանը յորդորեց հաւատացեալ ժողովուրդը, որ հոգեւորապէս խրախուսուի եւ անդրադառնայ, որ Աստուած մեզի հետ է յատկապէս դժուարութեան եւ նեղութեան ընթացքին, այնպէս ինչպէս ներկայ էր իր միածին Որդիին հետ, երբ Ան չարչարանքներու եւ խաչելութեան ենթարկուեցաւ: «Թող մեր Տէրը խաղաղութիւն պարգեւէ մեր հոգիներուն եւ խաչելութեան, թաղման եւ մանաւանդ յարութեան հրաշալիքները իրականութեան վերածէ մեր կեանքին մէջ, որպէսզի մենք Իր յաղթական թափօրին մաս կազմելով, Իր հրաշալիքները պատմելով, ոգեկոչենք զԻնք ուրիշներու մօտ, որպէսզի անոնք եւս խրախոյս գտնելով միանան մեզի եւ մաս կազմեն մեր հաւատքի թափօրին, որ տկարութիւն չի ճանչնար, այլ գիտէ մահէն դէպի յաղթական կեանք, յարութեան կեանք ընթանալ, որովհետեւ այդ կը պատգամէ մեզի մեր եկեղեցին», եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը:

Յետ եկեղեցական արարողութեան կազմուեցաւ թափօրը, որ առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, գլխաւորութեամբ սրբազան հօր, մասնակցութեամբ քահանայից դասուն, դպրաց դասին, ինչպէս նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեանի, Ազգային վարչութեան անդամներուն, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն ու ժողովուրդին շրջեցաւ Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ: