Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

«Քրիստոսի Յարութիւնը Հիմնաքարն Է Քրիստոնէական Մեր Հաւատքին», Հաստատեց Շահէ Արք. Փանոսեան

Ս. Յարութեան տօնին առիթով, կիրակի, 17 ապրիլ 2022-ին Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան:

Իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ մեր համայնական կեանքը երկար ատենէ ի վեր բնականոն վիճակի մէջ չէ, սակայն մեր վաղուան կեանքին համար պէտք չէ յուսահատինք եւ հաւատքէ պարպուելով` պէտք չէ կորսնցնենք իմաստութեան եւ հաւատքի ուղին: Սրբազան Հայրը հաստատեց, որ այդ հաւատքն է, թէ այսօր մեզ կը համախմբէ մեր եկեղեցիներուն մէջ, որպէսզի մեր Տիրոջ սուրբ յարութեան յայտարարութիւնը կատարելով` մեր պատկանելիութիւնը յայտնենք Աստուծոյ, որուն հաւատքի վէմին վրայ խարսխուած է Քրիստոսի եկեղեցին, եւ որուն շուրջ խմբուած ենք մենք` իբրեւ անհատներ, իբրեւ հաւաքականութիւն եւ իբրեւ համայնք: «Ս. Յարութեան տօնը արարչագործութեան եւ ժամանակներու վախճանին մասին մեր ունեցած գիտելիքներուն վերաքաղն ու հաւատքը կատարելու առիթ է», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը` աւելցնելով, որ Ս. Յարութեան տօնը մեզի կը յիշեցնէ, որ Քրիստոսի գերագոյն զոհողութեան շնորհիւ մեր կեանքը վերստին լեցուեցաւ սրբութեամբ եւ աստուածային հրաշագործ հոգիով, եւ մեր դիմաց կրկին բացուեցան դէպի Աստուած տանող ուղիները: «Մերժել Քրիստոսի յարութիւնը` կը նշանակէ մերժել զԱստուած ու մերժել մեր սեփական փրկութեան կարելիութիւնը: Քրիստոսի յարութիւնը հիմնաքարն է քրիստոնէական մեր հաւատքին», հաստատեց Սրբազան Հայրը` նկատել տալով, որ եկեղեցին, այսինքն` հաւատացեալներու բազմութիւնը, յարութեան հաւատքին շուրջ համախմբուած համայնք մըն է, որուն գլուխը կը մնայ Քրիստոս: Սրբազան Հայրը ըսաւ, որ իբրեւ եկեղեցին կազմող ընտանիքի անդամներ` պէտք է ճանչնանք, ընդունինք եւ յայտարարենք միեւնոյն հաւատքը եւ այս յայտարարութիւնը պէտք է կատարենք մեր պարտականութիւնն ու պատկանելիութիւնը յայտնելու համար Աստուծոյ, եւ եթէ մեր գիտակցութեան ու սրտին մէջ միշտ ունինք այդ պատկերը եւ մեր բերանով նաեւ կը խոստովանինք յարուցեալը իբրեւ Տէր ու Փրկիչ, ապա մեզի հետ ունինք մեր Աստուածը, եւ մերն են զօրութիւնն ու փառքը եւ փրկութեան կամքը: