Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

«Օգնական Բուժքոյրերու Ծրագիր»-ի Վկայագիրներու Բաշխման Հանդիսութիւն

Կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային բաժանմունքին, ներկայութեամբ` Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեանի, փոխատենապետ, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, Սեն Ժոզեֆ համալսարանի տեսուչ փրոֆ. Սալիմ Տաքքաշի, Ֆրանսայի հայկական հիմնադրամի ներկայացուցիչ Գրիգոր Թերզեանի, երկուշաբթի, 27 մայիսին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Օգնական բուժքոյրերու ծրագիր»-ի մասնակիցներուն վկայագիրներու բաշխման հանդիսութիւնը, որ իրականացած էր գործակցութեամբ  Ֆրանսայի հայկական հիմնադրամին եւ Սեն Ժոզեֆ համալսարանին:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք օրուան հանդիսավար, Սեն Ժոզեֆ համալսարանի դասախօս, ծրագիրի համադրող, նաեւ համալսարանի եւ Ֆրանսայի հայկական հիմնադրամին միջեւ կապը համակարգող դոկտ. Հիլտա Պայրամեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն:

Ազգային առաջնորդարանի ընկերային յանձնախումբի անդամ տոքթ. Մհեր Մելքիսէթեան ելոյթ ունենալով յայտնեց, թէ ուսուցումը գործընթաց մըն է, որ կ՛առաջնորդէ փոփոխութիւններու, կեանքի որակի բարելաւման եւ աւելի լաւ հնարաւորութիւններ կը բանայ բոլորին համար, աւելցնելով, որ սորվելով եւ սորվեցնելով` մենք կ՛ապահովենք ոչ միայն անհատի, այլեւ մեր համայնքի եւ հասարակութեան զարգացումը:

Ան երախտագիտական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք հաւատացին այս ծրագիրի կարեւորութեան եւ ապահովեցին անոր յաջող իրականացումը անցնող ամիսներու ընթացքին: Ան հաստատեց, որ բոլոր կողմերու համակարգուած ջանքերը, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի հայկական հիմնադրամի առատաձեռն ներդրումը հնարաւոր դարձուցին այս ծրագիրը:

Տոքթ. Մելքիսէթեան ըսաւ, որ այս նախաձեռնութիւնը ստեղծեց նոր հնարաւորութիւններ, որոնք կրնան զօրացնել մեր երիտասարդները եւ տրամադրել կայուն լուծումներ ընկերատնտեսական մարտահրաւէրներուն դիմաց, որ կը դիմագրաւէ Լիբանանը, աւելցնելով, որ այսօր մենք հպարտ ենք ականատես ըլլալով, որ մասնակիցները օգտուեցան այս հնարաւորութենէն եւ իրենց ժամանակն ու կորովը տրամադրեցին` զարգացնելու իրենց գիտելիքներն ու հմտութիւնները, որպէսզի աւելի լաւ ծառայութիւն մատուցեն  բուժքոյրերու խնամքի մարզէն ներս:

Եզրափակելով իր խօսքը` տոքթ. Մհեր Մելքիսէթեան յաջողութիւն մաղթեց շրջանաւարտներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին սոյն նախաձեռնութեան յաջողութեան:

Այնուհետեւ խօսք առաւ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի շարունակական մարզումի կեդրոնի տնօրէն փրոֆ. Ֆատի Հաժ, որ բացատրեց, թէ սոյն դասընթացքը կը ներառէ հոգատարութիւն` առողջական հարցեր դիմագրաւող անհատներու նկատմամբ, նաեւ բժշկական տուեալներու կողքին կը փոխանցուի հիւանդներու հետ հաղորդակցելու հիմնական տուեալները, ինչպէս` համբերութիւն, զգացական մօտեցում, խօսելաոճ: Ան հաստատեց, որ այս ծրագիրը իրենց յաւելեալ ինքնավստահութիւն կը ներշնչէ:

Սեն Ժոզեֆ համալսարանի հիւանդապահուհիներու բաժանմունքի ատենապետ փրոֆ. Ռիմա Քազան Սասին իր խօսքին մէջ բացատրեց, որ բաժանմունքին առաքելութիւնն է գիտութիւն ջամբել մասնակիցներուն, որպէսզի անոնք լաւապէս օգտակար դառնան իրենց միջավայրին: Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ վերջին տարիներուն կեդրոնը ձեռնարկած է կարգ մը նախաձեռնութիւններու հայ կիներու համար, որոնք բոլորը յաջողութեամբ պսակուած են: Փրոֆ. Ռիմա Քազան Սասին շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք սատար հանդիսացան սոյն ծրագիրի յաջողութեան, նաեւ այս առիթով շնորհաւորեց բոլոր մասնակիցները:

Շրջանաւարտներու անունով Անի Սարիմանուկեան երախտագիտական եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան ծրագրի մասնակիցներուն յաջողութեան մէջ:

Սեն Ժոզեֆ համալսարանի տեսուչ փրոֆ. Սալիմ Տաքքաշ շնորհաւորեց շրջանաւարտները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ծրագիրի յաջողութեան մէջ իրենց ներդրումը ունեցած բոլոր անհատներուն: Ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ այս նախաձեռնութիւնը երրորդն է, որ կ՛իրագործուի Ազգային առաջնորդարանի ու համալսարանի միջեւ եւ յաջողութեամբ կը պսակուի:

Այնուհետեւ բեմ բարձրացան 15 շրջանաւարտները եւ ստացան իրենց վկայագիրները:

Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ, որ հայերուս համար աշխատանքը կարեւոր է, որպէսզի մեզ կանխող սերունդներուն օրինակով, մեր ճակտի քրտինքով ապահովենք մեր եւ մեր ընտանեկան պարագաներուն ապրուստը, աւելցնելով սակայն, որ դարաշրջանը մասնագիտութիւն կը պահանջէ, եւ գիտութիւնը կարեւոր է, որպէսզի մեր աշխատանքը ըլլայ ազդեցիկ եւ արդիւնաւոր: Սրբազանը շեշտեց նաեւ, որ անհրաժեշտ է կեանքէն ներս հաւատք ունենալ Աստուծոյ հանդէպ, նաեւ` մեր աշխատանքին ու նուիրումին նկատմամբ: Սրբազանը յոյս յայտնեց, որ այս դասընթացքին միջոցով մասնակիցները պատրաստուեցան, որպէսզի իրենց աշխատանքով, իրենց եւ իրենց ընտանեկան պարագաներուն ապրուստը վաստկին, նաեւ յոյս յայտնեց, որ անոնք անհրաժեշտ գիտութիւնը ստացան եւ պատրաստ են այդ գիտութիւնը աշխատանքի ճամբով խորացնելու եւ զարգացնելու: Սրբազան Հայրը յաջողութիւն մաղթեց շրջանաւարտներուն` Աստուծոյ հաւատալով եւ վստահելով, նաեւ` իրենց աշխատանքին վստահելով: Սրբազանը մաղթեց, որ յարատեւեն եւ բարձունքներ նուաճեն եւ պատիւ բերեն իրենք իրենց, նաեւ` Ազգային առաջնորդարանին: