Ներկայութեան Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, ուրբաթ, 6 մայիսին` կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Օգնական բուժքոյրերու պատրաստութեան ծրագիր»-ի վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը: Սոյն ծրագիրին նախաձեռնուած էր Ֆրանսայի Հայկական Հիմնադրամին կողմէ` գործակցութեամբ Սէն Ժոզէֆ համալսարանի Մասնագէտներու վերապատրաստութեան կեդրոնին, նաեւ Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին:
Սէն Ժոզէֆ համալսարանի դասախօս, Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամի գործընկեր եւ ազգային երեսփոխան դոկտ. Հիլտա Պայրամեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն շնորհակալական խօսք ուղղեց դասախօսներուն, որոնք իրենց ժամանակը տրամադրեցին եւ հայ կիները պատրաստեցին որպէս օգնական բուժքոյրեր:
Սէն Ժոզէֆ համալսարանի վարժանքի կեդրոնի (training center) տնօրէն փրոֆ. Ֆատի Հաժ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամին եւ Ազգային առաջնորդարանին, որոնք սատարեցին ծրագիրի յաջողութեան, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին: Ան բացատրեց համալսարանի վարժանքի կեդրոնի առաքելութիւնը` նկատել տալով, որ կեդրոնը «Օգնական բուժքոյրերու պատրաստութեան ծրագիր»-ի կողքին զանազան բաժանմունքներու համար կը տրամադրէ մարզումներ:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ յիշեալ կեդրոնի աշխատանքները ներկայացնող կարճ տեսերիզ մը:
Նախկին նախարար, Ազգային վարչութեան անդամ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան նկատել տուաւ, որ Լիբանանի դիմագրաւած ընկերային եւ տնտեսական դժուար կացութեան մէջ, հակառակ անոր որ իգական սեռին մօտ բարելաւուած է գիտութիւնը, սակայն տակաւին, ի նպաստ կնոջ հաւասարութիւն չկայ երկու սեռերու միջեւ: Ան շեշտեց, որ տնտեսութեան յաջողութեան եւ բարելաւման մէջ կնոջ մասնակցութիւնը մարդկային իրաւունք է:
Անդրադառնալով «Օգնական բուժքոյրերու պատրաստութեան ծրագիր»-ին` Վ. Օհանեան¬Գէորգեան յայտնեց, որ սոյն ծրագիրը կը նպատակադրէ մարզել կիները` զարգացնելով անոնց ունեցած թաքուն կարողութիւնները, բարելաւելով ընտանիքներու տնտեսական եւ ընկերային կացութիւնը, ինքնավստահութիւն ներշնչելով կնոջ եւ նոր աշխատանքի առիթներ ընծայելով անոր: Ան երախտագիտութեան խօսք ուղղեց սրբազան հօր` անոր ունեցած եկեղեցական, ընկերային եւ մարդկային դերակատարութեան համար, համայնքի զաւակներուն կեանքի բարելաւման նպատակով:
Եզրափակելով իր խօսքը` Օհանեան¬Գէորգեան գնահատեց Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամի, Սէն Ժոզէֆ համալսարանի Մասնագէտներու վերապատրաստութեան կեդրոնի եւ Ազգային առաջնորդարանի միջեւ գործակցութիւնը, որ օրինակ մըն է, զոր ընդհանրացնելու կարիքը ունի մեր ընկերութիւնը, եւ յաջողութիւն մաղթեց ծրագիրին մասնակիցներուն:
Սէն Ժոզէֆ համալսարանի բուժքոյրերու բաժանմունքի պատասխանատու փրոֆ. Ռիմա Քազան-Սասին իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ «Օգնական բուժքոյրերու պատրաստութեան ծրագիր»-ի ընթացքին եւ տեւողութեան` հաստատելով, որ ծրագիրի մասնակցած 16 կիները յաջողութեամբ աւարտեցին զայն եւ պիտի կարենան լաւապէս օգտակար հանդիսանալ իրենց շրջապատին ու գործի ասպարէզ մտնել: Փրոֆ. Ռիմա Քազան-Սասին իր երախտագիտութիւնը յայտնեց դոկտ. Հիլտա Պայրամեանին, որուն յարատեւ ջանքերուն շնորհիւ սոյն ծրագիրը իրականացաւ եւ յաջողութեամբ աւարտեցաւ` մաղթելով, որ նորանոր ծրագիրներ եւս կը մշակուին:
Աւարտին հաստատագիր ստացան ծրագիրին հետեւած հետեւեալ 16 մասնակիցները. Ալապաշեան Թալին, Արսլանեան Նեկտար, Ասատուրեան Աղթամար, Պապուքեան Վարդուհի, Պայրաքտարեան Անի, Պայրաքտարեան Սօսի, Քէլէշեան Էլիզապէթ, Գույումճեան Դալար, Քիւրքճեան Ալին, Մելիքեան Այտա, Օհանեան Մարիէթ, Փոլատեան Ռիթա, Սիսլեան Լարա, Թաւուքճեան Ովսաննա, Եագուպեան Ազնիւ, Եագուպեան Սիլվա: