Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդ. «Մհեր Ջուլհաճեան» Շարադրական Մրցանքի Հանդիսաւոր Մրցանակաբաշխութիւն

Լիբանանահայ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի նահատակութեան 10-ամեակին առիթով` 2003 թուականին, ընդառաջելով Արցախի հողը իր թանկ արեամբ ոռոգած նահատակի ընտանիքին առաջարկին, Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդը ծնունդ տուաւ «Մհեր Ջուլհաճեան» միջդպրոցական շարադրական մրցանքին, որ տեղի կ’ունենայ տարեկան դրութեամբ եւ կը համախմբէ լիբանանահայ վարժարաններու միջնակարգ ու երկրորդական կարգերու աշակերտութիւնը` ստեղծելով ազնիւ մրցակցութեան խանդավառ մթնոլորտ մը:

Արդարեւ, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, չորեքշաբթի, 4 մայիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ կատարուեցաւ 28 նոյեմբեր 2015-ին տեղի ունեցած «Մհեր Ջուլհաճեան» միջդպրոցական շարադրական մրցանքի մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ` գաղութի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն, մասնակից աշակերտներուն, տնօրէններու, ուսուցիչներու եւ ծնողներու:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Բալիկ Հապոյեան, որ նկատել տուաւ, թէ սերունդներու համար ներշնչումի աղբիւր կը հանդիսանան անոնք, որոնք կը յայտնուին ճգնաժամային պահերու, երբ խնդրոյ առարկայ կը դառնայ ժողովուրդներու եւ հայրենիքներու «լինել-չլինել»-ու պայքարը` աւելցնելով, որ հայութիւնը ունի ներշնչումի նման բազմաթիւ օրինակներ, ինչպէս` Վարդանանց սերունդը, արցախեան շարժումը:

«Արցախը ազատութեան գաղափարին հետ միաձուլուած, մարդկային արժանապատուութեան հզօր արտայայտութիւնն էր, որ դարձաւ աւիւն, դարձաւ հերոսամարտ ու նահատակութեան պատգամ` ի պատիւ այն սերունդին, որ հաւատքի եւ զոհաբերութեան վսեմագոյն արարքներով պատնէշի վրայ ինկաւ, որպէսզի ապրին այն արժէքները, որոնցմով մենք կը սնանինք այսօր», հաստատեց Բ. Հապոյեան։

Այնուհետեւ Անժելինա Սարգիսեան արտասանեց Պօղոս Սնապեանի «Ես այդ շունն եմ» գործէն հատուած մը, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ Մհեր Ջուլհաճեանի կեանքին նուիրուած տեսերիզ մը:

Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին անունով խօսք առաւ Սեդա Մանկասարեան, որ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Մհեր Ջուլհաճեանի կենսագրական տուեալները: «Մհեր Ջուլհաճեան իր զոհաբերումով հայրենիքի ազատութեան բագինին վրայ հաստատեց իր իսկ կողմէ ըսուած այն խօսքը, որ «Դէպի երկիր» կոչը տակաւին կը մնայ ի զօրու բոլորին համար: Թող իր նահատակութիւնը այսօր ամրապնդէ իւրաքանչիւրիս, մանաւանդ հայ երիտասարդին` հայրենիքի եւ Արցախի ծառայութեան եւ նուիրումի լիակատար պատրաստակամութիւնը», եզրափակեց Սեդա Մանկասարեան:

Այնուհետեւ Կասիա Էճիտեանէ (շուի), Քարոլ Կարապետեանէ (կիթառ) եւ Սեդրակ Կարապետեանէ (կիթառ եւ երգ) բաղկացած «Հայք» նուագախումբը մեկնաբանեց  «Հրաժեշտ սիրելեաց» եւ «Անուշ հայրենիք» երգերը:

Օրուան բանախօս Յովիկ Պերթիզլեան շեշտը դնելով դաստիարակութեան վրայ հաստատեց, որ եթէ դաստիարակութիւն գոյութիւն չունենայ, մենք «Մհեր»-ներ եւ անոնց նման կենդանի ոգի ունեցող անձեր չենք ունենար` աւելցնելով, որ դաստիարակութիւնը նախ կու գայ ընտանիքէն, ապա հայկական վարժարանի շրջանաւարտ ըլլալէն: Ան լուսարձակի տակ առաւ Մհեր Ջուլհաճեանի կեանքը եւ հաստատեց, որ լիբանանեան պատերազմին իբրեւ հետեւանք Մհեր եւ իր սերունդը ստացան նաեւ մարտական դաստիարակութիւն եւ այդ ընթացքին ան սկսաւ նոր սերունդներ դաստիարակել:

«Պատահական անձի մը մասին չէ մեր խօսքը, այլ` զարգացած, գիտակից, իր որոշումով եւ իր կամքով իր ճամբան ընտրած անձի մը մասին է, որ ոչ միայն կրթուած է, այլ նաեւ ունի յատուկ մարտական դաստիարակութիւն եւ բախտը ունեցաւ` իր սերունդին հետ միասնաբար այդ գիտելիքները ի գործ դնելու արցախեան ազատագրական պայքարին ընթացքին», հաստատեց Յ. Պերթիզլեան` շեշտելով, որ Մհերներու շնորհիւ ստեղծուած յաղթանակի ոգին նոր եռանդ, խանդավառութիւն եւ կորով տուաւ այսօրուան զինուորներուն, որոնք կրցան նոր յաղթանակ կերտել 2-5 մայիսին տեղի ունեցած արցախեան վերջին դէպքերուն: Շարունակելով իր խօսքը` Յ. Պերթիզլեան ըսաւ, որ ներկայ սերունդը բախտաւոր է, որովհետեւ առիթը ունեցաւ տեսնելու Հայաստանի անկախութիւնը, Արցախի ազատագրութիւնը, իսկ նոր սերունդը բախտաւոր է, որովհետեւ տեսած է միայն անկախ Հայաստան եւ յաղթանակ, եւ իր խօսքը ուղղելով նոր սերունդի աշակերտներուն եզրափակեց, որ անոնք պէտք է արժանաւոր զաւակները ըլլան մեր նախորդներուն եւ շարունակեն անոնց սկսած գործը` հասնելու համար մեր գերագոյն նպատակին իրագործման:

Այնուհետեւ Վիգէն Տիշչէքէնեան մեկնաբանեց Մհերի յիշատակին նուիրուած երգը, խօսք` Շահանդուխտի, որմէ ետք առաջնորդ սրբազանը, Մհերի եղբայրը` Ալեքսան Ջուլհաճեան եւ Ուսումնական խորհուրդի անդամ Սեդա Մանկասարեան կատարեցին մրցանակաբաշխութիւնը` առաջնութեան` երկրորդութեան, երրորդութեան եւ յիշատակութեան արժանի աշակերտներուն յանձնելով բարձր գնահատանքի յատուկ վկայագիրներ, նիւթական պարգեւներ` տրամադրուած Մհեր Ջուլհաճեանի ընտանեկան պարագաներուն  կողմէ, ինչպէս նաեւ նուէրներ` տրամադրուած Համազգայինի գրատարածի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Ուսումնական խորհուրդին կողմէ:

Միջնակարգէն առաջին հանդիսացաւ Կալի Աւագեան (Ազգային Եղիշէ Մանուկեան), երկրորդ` Նանօր Աքճեան (Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան), երրորդ` Նարօտ Մերտխանեան (Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան): Երկրորդականէն առաջին հանդիսացան Համլիկ սրկ. Զաքարեան (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք) եւ Նարօտ Սերուժեան (Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան), երկրորդ` Արենի Խաչատուրեան (Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան), երրորդ հանդիսացան Մարիա Հապէշեան (Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան) եւ Մուշեղ Յովհաննէսեան (Ազգային Եղիշէ Մանուկեան): Նուէրներ ստացան նաեւ շարադրական մրցանքին մասնակցող բոլոր աշակերտները:

Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը, որ շնորհաւորեց եւ գնատահական խօսք ուղղեց շարադրական մրցանքին մասնակցած բոլոր աշակերտներուն, որոնք կրցան իրենց շնորհները հրամցնել մրցանքին ընդմէջէն` աւելցնելով, որ մեր կեանքին մէջ կան արժէքներ որոնք չենք կրնար լքել, որովհետեւ մեզ կանխողները այդ արժէքներուն պաշտպանութեան համար իրենց կեանքը ընծայաբերեցին, որպէսզի այդ արժէքները մեր կեանքին մէջ պահպանուին: Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ, որ մայրենի հողի կողքին մենք հոս ունինք այլ արժէքներ, որոնց համար պէտք է պայքարինք` աւելցնելով, որ մեր մայրենի լեզուն այդ գլխաւոր արժէքներէն է, առանց որուն` մենք կը դառնանք որբ եւ անդիմագիծ: Եզրափակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը բարձրօրէն գնահատեց բոլոր հայկական վարժարանները, որոնք ազգային արժէքներով կը փորձեն դաստիարակել նոր սերունդի ներկայացուցիչները` քաջ գիտնալով, որ իրենց վստահուած պարտականութիւնը ծանր է, սակայն գովելի բոլոր ժամանակներուն համար, որովհետեւ այդ վարժարաններէն պիտի ծնին Մհեր Ջուլհաճեաններու օրինակով նոր հերոսներ: