
Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ թեմի Ուսումնական խորհուրդին, մասնակցութեամբ ազգային վարժարաններու նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներուն, ներկայութեամբ Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ Վիգէն Աւագեանի, ազգային վարժարաններու տնօրէններու եւ կրթական պատասխանատուներու, չորեքշաբթի, 11 փետրուար 2026-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին Ազգային Միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտական միացեալ տօնակատարութիւն` նուիրուած Վարդանանց տօնին:
Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի երգչախումբի կատարողութեամբ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ազգային Միացեալ վարժարանի աշակերտ Գարլա Մերկենեան: Ան դիտել տուաւ, որ Վարդանանց պատերազմին մասին նախակրթարանի դասարաններուն մէջ սորված էին, որ պարսիկները զինուորական յաղթանակ տարին, իսկ հայերը` բարոյական, եւ կը հպարտանային Վարդան Մամիկոնեանով, իսկ երբ պատանի դարձան, «հայրենիք», «ազգ», «կրօն» բառերը մէկական արժէք դարձան իրենց համար, որովհետեւ գիտակցեցան, թէ Վարդանանց պատերազմը պարզ ռազմական գործողութիւն մը չէր, այլ հայ մնալու, քրիստոնեայ մնալու, հայրենիք ունենալու, հայօրէն ապրելու եւ գոյատեւելու հաւատքով մղուած մեր առաջին ու վճռական պատերազմն էր: Ան ըսաւ, որ մենք այդ ճակատամարտին մեծ թիւով զոհեր տուինք, բայց չպարտուեցանք, այլ` յաղթեցինք, որովհետեւ մնացինք հայ եւ քրիստոնեայ ու պահեցինք մեր լեզուն, մշակոյթը եւ հայրենիքը, աւելցնելով, որ մենք Վարդանանց օրինակով կերտեցինք այլ յաղթանակներ, Փետրուարեան ապստամբութենէն մինչեւ արցախեան պահանջատիրութիւն եւ Սարդարապատ, դեռ կը գոյատեւենք Վարդանանց անընկճելի կամքով ու հաւատքով, դեռ կը շարունակենք մեր պայքարը` տէր կանգնելով մեր ազգային, քրիստոնէական ու հողային բոլոր արժէքներուն, նաեւ յաղթեցինք, որովհետեւ դեռ երազ ունինք ազատ, անկախ, միացեալ եւ ամբողջական Հայաստանի, զոր պիտի իրականացնենք օր մը:
Այնուհետեւ Ազգային Միացեալ վարժարանի աշակերտները հանդէս եկան «Վարդանանց պատերազմը» խորագիրով բեմական ներկայացումով` երգով, պարով, տեսանիւթի ցուցադրութեամբ եւ ասմունքով:
Օրուան պատգամը յղեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն Պսակ վրդ. Թէփիրճեան: Ան դիտել տուաւ, որ Եղիշէ պատմիչը մեր մատենագրութեան եւ գրականութեան մէջ առաջին հեղինակներէն է, որ գրած է Վարդանանց պատերազմին մասին եւ այդ ճամբով կը քննարկէ աստուածաբանական եւ եկեղեցական շատ խոր կէտեր, որոնց մենք ուշադրութիւն չենք դարձներ եւ կը կարծենք, որ պարզ պատերազմ մը եղած է երկու ժողովուրդներու միջեւ: Պսակ վրդ. Թէփիրճեան լուսարձակի տակ առաւ գիրքին մէջ յիշուած կարգ մը կէտեր, որոնց մասին անդրադարձած է Եղիշէ պատմիչ, ինչպէս` ուխտի հասկացողութիւն, Եկեղեցւոյ միութիւն, մայրութիւն, հոգեւոր Եկեղեցի: Ան ըսաւ, որ Եղիշէ կը փորձէ այս Եկեղեցին տեսնել` իբրեւ մայր, եւ Եկեղեցին, իբրեւ հոգեւոր իրականութիւն, ոչ` իբրեւ ֆիզիքական իրականութիւն, որովհետեւ պատերազմի ընթացքին շատ մէջբերումներ կան Եկեղեցիէն, ուր Եղիշէ կ՛ըսէ, թէ Աւարայրի դաշտը եկեղեցւոյ վերածուեցաւ, եւ այդ պատերազմի դաշտին ընդմէջէն անոնք գացին դէպի անմահութիւն: Հայր սուրբը ըսաւ, որ հայ ժողովուրդը 1575 տարիէ կը տօնէ եւ կը տօնախմբէ Վարդանանց պատերազմին յիշատակը, որ մեծ իրադարձութիւն եւ պատմական դէպք է: Ան դիտել տուաւ, որ Վարդանանց պատերազմին մէջ Եղիշէ կ՛ուզէ մեր աչքերուն առջեւ պատկերացնել հոգեւոր Եկեղեցի մը, որ այսօր նոյնինքն մեր ազգային վարժարաններն են, որոնց ճամբով նոր սերունդներ դուրս կու գան, նոր աշակերտներ կը ծնին: Եզրափակելով իր խօսքը` հայր սուրբը շեշտեց, որ Վարդանանց պատերազմը շատ կարեւոր իրադարձութիւն մըն է, որ պէտք չէ մոռնանք, որպէսզի հաւատարիմ մնանք իրենց:
Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանէն Մարի Ռոզ Սողոմոնեան կարդաց «Քաջն Վարդան Մամիկոնեան» քերթուածը, իսկ խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին «Ուխտ Վարդանանց» խմբային արտասանութիւնը, իսկ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի երգչախումբը մեկնաբանեց «Հիմի է՞լ լռենք», «Ելէ՛ք հայեր, ելէ՛ք քաջեր» եւ «Աւարայրի դաշտը» երգերը, ինչպէս նաեւ վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ նուագով ներկայացուցին Խաչատուր Աւետիսեանի «Կռունկներ» եղանակը:
Հանդիսութեան եզրափակիչ պատգամը յղեց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Ան շնորհաւորեց յայտագիրին մասնակցութիւն բերած բոլոր աշակերտներն ու պատասխանատուները, որոնք ապրումով մեզի ներկայացուցին Հայոց պատմութեան անցեալը:
Սրբազանը դիտել տուաւ, որ մեզի համար 451 թուականը այնքան ալ մօտ թուական մը չէ, որուն մասին կը պատմենք, բայց այսօր իբրեւ ազգային վարժարաններ` մենք կը պատմենք Վարդանանց պատերազմի մասին, որովհետեւ 451 թուականէն սկսեալ մինչեւ այսօր մեզ կանխող բոլոր սերունդները յաջորդող սերունդներուն թելադրած են յիշել իրենց հերոսները եւ պատմել անոնց մեծագործութեան պատմութիւնը, եւ այդ մէկը կը կատարենք, որպէսզի յիշենք, որ մեր ժողովուրդը ունեցած է իր մեծերը, իր հերոսները, որոնք հայութեան կեանքէն ներս եղող արժէքաւոր բաները պաշտպանելու համար, նաեւ պատերազմի դաշտ իջած են եւ քաջաբար նահատակուած են, բայց աւելի շքեղ կեանքով կ՛ապրին եւ կը յարատեւեն սերունդներու յիշողութեան մէջ: Սրբազանը հաստատեց, որ մահը բնական շարունակութիւնն է կեանքին, եւ շատեր կը մեռնին ու չեն յիշատակուիր, սակայն կան անուններ, որոնք կը յիշատակուին` շնորհիւ իրենց մեծագործութեան, աւելցնելով, որ Վարդան Մամիկոնեան եւ իր հաւատարիմ զինակիցները մեր կրօնի, մեր հայրենիքի, մեր անկախութեան եւ ժողովուրդի ազատութեան համար իրենց կեանքը ընծայաբերեցին: Անոնց կեանքը կարճ եղաւ, հետեւաբար մենք պիտի շարունակենք անոնց կեանքը նախ` իրենց մասին պատմելով, եւ այնուհետեւ իրենց աշխատանքը շարունակելով, այսինքն` պաշտպանելով այն, ինչ որ արժէքաւոր եւ նուիրական է հայութեան կեանքէն ներս:
Հին անուն է Վարդան Մամիկոնեան, բայց ինք նախատիպարն է այն հերոսներուն եւ այն մեծ նուիրեալներուն, որոնք Հայաստանի եւ հայութեան համար իրենց կեանքը զոհեցին տարբեր ժամանակներուն եւ իրենց օրինակով մեզի յիշեցուցին, թէ իրենց իմացեալ մահը անմահութիւն կը պարգեւէ բոլոր անոնց, որոնք կեանքէն ներս նուիրական արժէքներ պահպանելով եւ պաշտպանելով կ՛անցնին պատմութեան էջերուն:
Եզրափակելով իր խօսքը` Սրբազանը յոյս յայտնեց, որ ձեռնարկի ընթացքին ներկայացուածը իրենց հետ տանելով, պատմեն իրենց հարազատներուն, յիշեցնելով, թէ մենք ժողովուրդի մը զաւակներն ենք, որ փոքր տարիքէն չէ ուզած ենթարկուիլ օտարի լուծին, այլ քաջաբար կուրծք պարզած է ամէն տեսակ դժուարութեան եւ այսօր իբրեւ ազատ, անկախ երկիր ու պետութիւն` կը շարունակէ իր գոյութիւնը հայրենիքէն ներս ու ամէն տեղ:








