
Ազգային իշխանութեան որոշումով, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի նոր տնօրէն նշանակուած է Թալին Օրտողլեան։
Թալին Օրտողլեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկին քառամեայ ընթացքը եւ արժանացած է հիմնարկի վկայականին։
Ան ունի կրթական երկարամեայ փորձառութիւն. 1986-էն ի վեր կը պաշտօնավարէ Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճին մէջ։ 1992-2011, ուսուցչութեան առընթեր, ան քոլէճին մէջ վարած է վարչական պաշտօններ։ 2015-2018 ստանձնած է քոլէճին միջնակարգի բաժանմունքին ամբողջական պատասխանատուութիւնը։ Մասնակցած է մանկավարժական բազմաթիւ սեմինարներու եւ վերաորակաւորման աշխատանիստերու։
Կրթական մշակ մը ըլլալու կողքին, Թալին Օրտողլեան եղած է մամլոյ աշխատակից։ Ան մաս կազմած է «Ազդակ»ի խմբագրութեան, իբրեւ միջազգային լուրերու խմբագիրի օգնական։ ՀՄԸՄ-ի մէջ վարած է զանազան պաշտօններ, դառնալով Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան եւ 2019-էն մինչեւ օրս՝ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ։

