Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

«Այսօր Վարդանանք Մեզ Կը Հրաւիրեն Իրենց Հաւատքը Հռչակելու Մեր Կեանքին Մէջ Եւ Յիշելու, Որ Մենք Մեռնիլ Չգիտցող Ազգի Մը Զաւակներն Ենք» Շահէ Արք. Փանոսեան

Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց, նաեւ Նորաշէնի համանուն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, հինգշաբթի, 16 փետրուար 2023-ին մատուցուեցաւ ս. պատարագ` Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի կողմէ: Պատարագի ընթացքին Սրբազան Հայրը սարկաւագութեան աստիճան շնորհեց եկեղեցւոյ դպրաց դասի անդամներէն Արամ եւ Տիգրան Քեպապճեաններուն:

Իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը յայտնեց, որ աղօթքով ու երախտիքով կը յիշենք 451 թուականին Տղմուտ գետի ափին տեղի ունեցած Վարդանանց հերոսամարտը, մասնաւորաբար` 1036 այն դիւցազունները, որոնք Վարդան Մամիկոնեան զօրավարի առաջնորդութեամբ, քրիստոնէական մեր հաւատքին ու մեր հայրենիքին պաշտպանութեան համար գերազանց շքեղութեամբ ինկան մարտի դաշտին վրայ, որպէսզի մեր ազգը հայրենական իր հողերուն վրայ ազատօրէն ապրելու իրաւունքը ունենայ: Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ պատմութիւնը մեզի կը յիշեցնէ, որ հայրենի հողին հետ եւ հայրենի հողին համար մղուող անվերջ պայքար է հայութեան կեանքը: Հայոց պատմութիւնը նաեւ մեզի կը յիշեցնէ, որ ճշմարիտ հաւատքէն ու հայրենական անմահ արժէքներու կրակէն միայն կրնան ծնիլ մահը արհամարհող հերոսներ ու սուրբեր:

«Այսօր, 5-րդ դարու անցեալէն, Վարդանանք`  առասպելական այդ հսկաները, իրենց նուիրումին օրինակով կը շարունակեն մեր միտքն ու սիրտը ուղղել դէպի Աստուած եւ դէպի հայրենիք, որպէսզի աստուածայինը շարունակ յարատեւէ մեր մէջ, եւ հայրենականը լուսաւորէ մեր ազգի  գոյութեան երթը: Արդարեւ, Վարդանանք այսօր դարձեալ կը պատգամեն, որ մարդ, իբրեւ կոչում, պարտի Աստուծոյ ծառայել իր հոգիով ու նաեւ` իր հայրենիքին ծառայել Աստուծոյ կողմէ իրեն տրուած կեանքով, կարողութիւններով ու բազուկով», հաստատեց Առաջնորդը` աւելցնելով, որ վաղուան մեր կեանքը կախեալ է հայրենական հարցերուն եւ կրօնական մեր հաւատալիքներուն հանդէպ մեր ցուցաբերած այսօրուան կեցուածքներէն եւ, հետեւաբար, հայութեան կեանքէն ներս գոյապայքարը կը շարունակուի հաւատքով ու պարկեշտ հայրենասիրութեամբ: Այդ իսկ պատճառով,  հայրենիքի մէջ կամ սփիւռքի տարածքին, մեր ժողովուրդը իր կեանքը կ՛ապրի ի խնդիր մեր ազգայինի երազներու եւ իղ ձերու իրականացման եւ ի խնդիր քրիստոնէական մեր հաւատքին ու ազգային արժէքներու:

Շարունակելով իր խօսքը` Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ այսօր Սրբոց Վարդանանց  յիշատակով կ՛օրհնուի մեր կեանքը եւ, հետեւաբար, անոնց օրինակով պէտք է նաեւ ոգեւորուինք բոլորս, որպէսզի գիտակից հայեացքով  նայինք մեր եկեղեցիներուն, մեր դպրոցներուն, մեր կառոյցներուն, մեր ընտանեկան ու համայնական վիճակին վերաբերող բոլոր երեսներուն, որպէսզի մեր կեանքէն ներս ստեղծուած տկարութիւններն ու շեղումները սրբագրելով, մեր քայլերը ճիշդ ուղղենք ու ապագային հանդէպ վստահութեան հոգի տարածենք մեր կեանքէն ներս: Մասնաւորաբար ներկայ տագնապալի պայմաններուն մէջ պէտք է քաջ գիտնանք, որ ազգը հայրենիքով պայմանաւորուած է, իսկ հայրենիքի յարատեւութիւնը պայմանաւորուած է իւր քաջ որդւոց կեցուածքովն ու դէպի հայրենիք նայելու տենչով: Սրբազանը դիտել տուաւ, որ իրենց յիշատակին առիթով Վարդանանք այսօր մեր ուշադրութիւնը կ՛ուղղեն դէպի հայրենիք` դէպի Հայաստան աշխարհ, որ Արցախի կողքին, ինք եւս կանգնած է գոյութենական վտանգի դիմաց:

«Այսօր Վարդանանք մեզ կը հրաւիրեն իրենց հաւատքը հռչակելու մեր կեանքէն ներս եւ յիշելու, որ մենք մեռնիլ չգիտցող ազգի մը զաւակներն ենք: Այդ իսկ պատճառով պէտք չէ առիթ տանք, որ կեանքի տագնապները մեր ամրութիւնը քայքայեն: Պէտք չէ վհատինք, պէտք չէ վախնանք դժուարութիւններէն ու շարունակաբար մեզի հետեւող ողբերգութիւններէն, այլ պէտք է հաւատանք, որ մեր ժողովուրդը, աստուածային շնորհքի զօրութեամբ, իր ուխտապահ ու հաւատարիմ զաւակներուն կեցուածքով, իր հաւատքովն ու իր նուիրումովը, իր ցեղային զօրութեան խորհուրդով ոչ միայն պիտի շարունակէ պահել ու պաշտպանել նախկին սերունդներուն կտակը, այլեւ յանուն նոր արշալոյսներու` քաջութեան ու մեծութեան նոր արարքներով պիտի շարունակէ «վասն հաւատոյ ու վասն հայրենեաց» գոյապայքարը, մինչեւ որ Աստուծոյ անմահական շնորհքներուն զօրութիւնը մեր ազգին դիմաց բանայ յաւերժութեան դռները», ըսաւ Շահէ արք. Փանոսեան` շեշտելով, որ Հայաստանի ու Արցախի մէջ եւ սփիւռքի տարածքին, պէտք է շարունակենք մեր ուխտապահ կեցուածքը հռչակել` ըսելով.-  «Այս հաւատքէն մեզ ոչ ոք կրնայ խզել, ո՛չ հրեշտակները եւ ո՛չ մարդիկ, ո՛չ սուրը, ո՛չ հուրը եւ ո՛չ ջուրը եւ ո՛չ ալ որեւէ տեսակի դառն հարուած…»:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: