Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Գնահատանքի Երեկոյ` Ծառայութեան Տարուան Առիթով

 

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի եւ նախաձեռնութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Կրօնական ժողովին, ուրբաթ, 23 դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած գնահատանքի երեկոյի ընթացքին գնահատագիրներ ստացան 30 նուիրեալներ, որոնք 25 տարիէ ի վեր անսակարկ ծառայած են հայ եկեղեցւոյ:

Ձեռնարկը սկսաւ Կոմիտասի «Հայր մեր» աղօթքի երգեցողութեամբ` «Աւետաբեր» երգչախումբին կողմէ, խմբավարութեամբ` Երուանդ Քէշիշեանի, ապա ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, թէ գնահատանքի այս երեկոն ուրախութեան եւ հպարտութեան օր մըն է, որ կազմակերպուած է գնահատելու հայ եկեղեցւոյ ծառայողները, որովհետեւ Արամ Ա. կաթողիկոս հայրապետը 2016 տարին հռչակած է «Ծառայութեան տարի»` Աւետարանի ուսմունքով, առաքեալներու ճամբով, Լուսաւորիչի լոյսով եւ սուրբ հայրապետներու օրինակներով: Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեան նշեց, որ Յիսուս Քրիստոս ծառայութեան մեծագոյն օրինակը եղած է իր  կեանքով, հրաշագործութիւններով, ուսուցումներով եւ խոնարհութեամբ: Ան հաստատեց նաեւ, որ հայ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ ալ եղած են հայրապետներ, որոնք իրենց կեանքը նուիրաբերած են ծառայութեան: Տէր հայրը իր խօսքի աւարտին յայտնեց, որ գնահատանքի եւ պարգեւատրման պիտի արժանանան 25 տարիէ ի վեր Քրիստոսի սիրով եւ յարաճուն հաւատքով եկեղեցւոյ ծառայողները, ապա մաղթեց, որ պարգեւատրեալները նախանձելի օրինակ ըլլան յաջորդ սերունդներուն:

«Աւետաբեր» երգչախումբը յաջորդաբար ներկայացուց Կոմիտասի մշակած «Խորհուրդ խորին» շարականը, «Զանճառելի Լուսոյ մայր»-ը` Անի Մաջուլեանի մենակատարութեամբ, «Սուրբ զԱստուածածին»-ը` Մարօ Սարգսեանի մենակատարութեամբ, իսկ «Գովեա Երուսաղէմ»-ը Անայիս Կէտիկեանի մենակատարութեամբ: Գեղարուեստական յայտագիրի ընթացքին Քրիստինա Սրապոնեան ասմունքեց հայր Վահան Յովհաննէսեանի «Յիսուսի Ծնունդը» կտորը, ապա տուտուկահար Գէորգ Քէշիշեան ներկայացուց Կոմիտասի «Սուրբ, Սուրբ» եւ Ե. Յակոբեանի «Խնկի ծառի նման ես» եղանակները` երգեհոնի ընկերակցութեամբ Մարիա Յովսէփեան-Քէշիշեանի:

Խօսք առաւ Լուսին Թապաքեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ հայ ազգի նկարագիրի հզօր գիծերէն մէկը ծառայութիւնն է: Իսկ հայ ազգի զաւակները դարերէ ի վեր կառչած մնացած են ու կը մնան Յիսուս Քրիստոսին, որ հիմքն է քրիստոնէութեան, որ իր կեանքով ծառայութիւն սորվեցուցած է իր աշակերտներուն, որոնք նոյնպէս ծառայած են հաւատքով: Լուսին Թապաքեան հաստատեց նաեւ, որ հայ ազգը պատմութեան ընթացքին անձնուիրաբար ծառայած է եկեղեցւոյ եւ հայրենիքին: Իր խօսքի աւարտին ան պարգեւատրուողներուն անունով ուխտեց շարունակել ծառայութիւնը եւ օրինակ դառնալ ուրիշներուն, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Կրօնական ժողովին այս գեղեցիկ ձեռնարկին կազմակերպման համար` մաղթելով ուժ եւ կորով իրենց աշխատանքներուն մէջ:

Երգչախումբը ներկայացուց նաեւ Շահան Պէրպէրեանի «Քրիստոս պատարագեալ», Կոմիտասի «Անձինք նուիրեալք», Զարեհ արք. Ազնաւորեանի «Աշակերտք Քրիստոսի» եւ Խորէն Մեխանէճեանի «Քրիստոս ի մէջ» շարականները, ապա «Փառք քեզ Տէր» շարականը մեկնաբանեց Երուանդ Քէշիշեան` երգեհոնի ընկերակցութեամբ Մարիա Յովսէփեան-Քէշիշեանի: Ելոյթ ունեցաւ Շողիկ Թորոսեան եւ մեկնաբանեց «Կիլիկիա» երգը եւ «Տօնեմք» շարականը երգեհոնի ընկերակցութեամբ` Յասմիկ Գասպարեանի:

Օրհնութեան խօսքով հանդէս եկաւ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան: Ան ըսաւ, որ տարին չփակուած անհրաժեշտ նկատուած է վեհափառ հայրապետի թելադրութեան համաձայն` լուսարձակի տակ բերել հայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցող կամաւոր ծառայութեան այն գործօնը, որ դարերէ ի վեր կանգուն կը պահէ եկեղեցական կեանքը ի սփիւռս աշխարհի: Ան յայտնեց, թէ այս ձեռնարկը կու գայ գործնապէս հաստատելու, որ հայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ տակաւին կ՛ապաւինինք այն մարդուժին, որ կամաւորաբար ծառայելով կանգուն կը պահէ եկեղեցական կեանքը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց կարողութիւններէն ու շնորհներէն կամաւորաբար բաժին կը հանեն եկեղեցւոյ ու անսակարկ կը ծառայեն: Սրբազան Հայրը ըսաւ. «Մեր կարողութիւնները, մեր ձիրքերը եւ շնորհները Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած պարգեւներ են, որպէսզի անոնցմով ծառայենք, լոյս բաշխենք, որպէսզի Աստուած փառաւորուի»: Սրբազան Հայրը իր խօսքի աւարտին հրաւիրեց բոլոր ներկաները խորհրդածելու կամաւոր ծառայութեան մասին, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սրտով ու հաւատքով ծառայած են ու կը շարունակեն ծառայել հայ եկեղեցւոյ:

Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի ձեռամբ գնահատագիրներ բաշխուեցան Լիբանանի հայոց թեմի եկեղեցիներուն մէջ 25 տարիէ ի վեր ծառայող 65 տարեկանէն վեր այն անհատներուն, որոնք տակաւին աշխատանքի վրայ են: Գնահատագիրներ ստացան Օննիկ Մահտեսեան, Ոսկան Քէշիշեան, Ռուբէն Գույումճեան, Սոնա Պլըտեան, Ղազարոս Ալթունեան, Արուսեակ Սազլեան, Յովիկ Պիլէմճեան, Վարդան Խանճեան, Էլիզ Խանճեան, Խաչիկ Նորաշխարհեան, Յովսէփ Յովսէփեան, Կարապետ Մուղալեան, Բիւզանդ Արզումանեան, Զոհրապ Սուլեան, Աբրահամ սրկ. Կրպոյեան, Պետրոս սրկ. Պալպուչաքեան, Զաքար Պետրոսեան, Զաքար Պէքէրէճեան, Լուսին Աշըքեան, Զաւէն սրկ. Թորոսեան, Հայկազ Կէօքկէօզեան, Յովակիմ սրկ. Քէշիշեան, Ռիթա Տէր Ստեփանեան, Էմիլի Գանգրունի, Շաքէ Կէօքկէօզեան, Լուսին Թապագեան, Սահակ սրկ. Խաչատուրեան, Կարպիս սրկ. Օհանեան եւ Սահակ Վարդանեան:

Գնահատանքի երեկոն իր աւարտին հասաւ «Հայրապետական մաղթերգ»-ի երգեցողութեամբ: