Մայիսեան անկախութեան 107-րդ տարեդարձին առիթով, կիրակի, 1 յունիսին Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս յընթացս ս. պատարագի տեղի ունեցաւ գոհաբանական մաղթանք, եւ կատարուեցաւ եռագոյն դրօշի օրհնութիւն:
Առ այդ, նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ, որուն ընթացքին սրբազան հայրը օրհնեց եռագոյն դրօշը եւ կատարեց գոհաբանական մաղթանք, որմէ ետք դպրաց դասը մեկնաբանեց Հայաստանի օրհներգը` «Մեր հայրենիք»-ը:
Իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ այս օրը մեր եկեղեցիներէն ներս մենք կը նշենք երկու նուիրական առիթներ, աւելցնելով, որ այս օրը մեր եկեղեցւոյ տօներէն կոչուած է երկրորդ ծաղկազարդ եւ մեզի կը յիշեցնէ այս առիթով Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ, ուր դիմաւորուեցաւ եբրայեցի ժողովուրդին կողմէ, իբրեւ թագաւոր, իսկ երկրորդ առիթը, որ կը նշենք Հայաստանի Հանրապետութեան Ա. անկախութեան 107-րդ տարեդարձն է: Սրբազանը դիտել տուաւ, որ անոնք, որոնք հաւատքով կ՛ընկալեն այս առիթները, վստահաբար կ՛անդրադառնան, որ տօնական օրերը մեր եկեղեցւոյ կողմէ սահմանուած են, որպէսզի մեր ուշադրութիւնը դէպի անդենական ճշմարտութիւն ուղղեն:
Սրբազանը ըսաւ, որ դարերու ստրկութենէն ետք, Հայոց ցեղասպանութենէն երեք տարի վերջ, հայութիւնը, հրաշքի համազօր, թշնամիին դէմ յանդիման գտնուելով` մէկ բռունցք դարձաւ, ոտքի կանգնեցաւ եւ Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի ու Բաշ Ապարանի մէջ մղեց ճակատագրական պատերազմ մը` ազատ ու անկախ ապրելու կամքին համար: Պատերազմի ընթացքին մեր տղոց խիզախութեան եւ քաջութեան շնորհիւ` կարելի եղաւ թշնամիին յաղթել, եւ հայութիւնը ոտքի կանգնեցաւ խրոխտ կերպով:
Շարունակելով իր խօսքը` Առաջնորդը դիտել տուաւ, որ վտանգուած են մեր անցեալը, մեր ազգի անկախութիւնը, եւ մեր թշնամիին ոտքերը կրկին անգամ կը պղծեն հայրենի հողը, աւելցնելով, որ այսօր մեր ժողովուրդը առանձին է: Սրբազանը շեշտեց, որ ներկայ պայմաններուն մէջ մենք պարտաւոր ենք միասին ըլլալու, որպէսզի հայութեան գոյութիւնը ապահովենք մայիս 28-ի աւանդով, որպէսզի ապահով շարունակեն իրենց կեանքը: Ան շեշտեց, որ մայիս 28-ի խորհուրդը պէտք է պահենք ու փոխանցենք մեր յաջորդ սերունդին, որպէսզի իրենց մօտ այդ շունչը եւ ոգին ապրին:
Եզրափակելով իր խօսքը` այս նուիրական տօնին առիթով Սրբազանը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ իմաստութիւն եւ քաջութիւն պարգեւէ մեզի, որպէսզի մեր կեանքի ընթացքը ուղիղ ձեւով առաջնորդուի: