Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Դռնբացէք Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կիրակի, 24 մարտ 2024-ին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Դռնբացէքի հոգեպարար եւ խորհրդալից արարողութիւն:

Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը բացատրեց, որ այս արարողութիւնը մեր եկեղեցւոյ կողմէ ճշդուած է, որպէսզի Աւագ շաբթուան նախօրեակին մենք իբրեւ հայ եկեղեցւոյ հաւատացեալ զաւակներ, յիշենք, որ Քրիստոս ժամանակի լրումին անպայմանօրէն փառքով եւ զօրութեամբ դարձեալ պիտի յայտնուի այս աշխարհէն ներս եւ դատաստանի հրաւիրէ ողջերն ու մեռելները, որպէսզի ամէն մարդ համաձայն իր գործերուն եւ իր արժանիքին, Աստուծոյ ժառանգութենէն բաժին վերցնէ: Սրբազանը ըսաւ, որ այս պահը մեր ուշքը կ՛ուղղէ դէպի Աստուած եւ յաւիտենականութիւն, սակայն նաեւ կը վերաբերի` մեզի, մեր կեանքին, մեր գործերուն, մեր միտքի խորհուրդներուն: Սրբազան հայրը մէջբերում մը կատարեց Պօղոս առաքեալի խօսքերէն, որ մեզի կը յիշեցնէ, թէ մենք Աստուծոյ տաճարն ենք, հետեւաբար սրբութեան գիտակցութեամբ պէտք է վարուինք մեր առօրեային հետ եւ առիթ չտանք, որ մեր մէջ աստուածային դրոշմը, նաեւ սրբութիւնները քայքայուին, այլապէս մենք կը կործանինք ու կը քայքայուինք: «Կեանքէն ներս Աստուած եւ մարդ միասին պէտք է ըլլան, միասին քալեն, որպէսզի մարդ Աստուծմով առաջնորդուած կարենայ անխորտակ պահել իր կեանքին ընթացքը, այլապէս, առանց Աստուծոյ ներկայութեան, օժանդակութեան եւ առաջնորդութեան, անպայմանօրէն պիտի շեղինք եւ քայքայուինք», շեշտեց Սրբազան Հայրը` աւելցնելով, թէ մեր շուրջը այնպիսի մթնոլորտ մը կը տիրէ, որ կը փորձէ խորտակել մեր հոգեկան ամրութիւնը եւ մեզ դարձնել աշխարհաքաղաքացի, այսինքն` մէկը, որ կը կորսնցնէ երկինքի լոյսին գիտակցութիւնն ու առաջնորդութիւնը եւ պարզապէս կը հետեւի կեանքի ընթացքին` ենթարկուելով մոլութիւններու եւ գայթակղութեանց:

Եզրափակելով իր խօսքը` Սրբազանը շեշտեց, որ պէտք է հաւատքով եւ գիտակցութեամբ պահենք այն, ինչ որ նուիրական է, սուրբ է եւ կեանք կը կերտէ մեր իրականութեան մէջ, աւելցնելով, որ քրիստոնեան պէտք է յիշէ, որ ինք Աստուծոյ զաւակն է, սահմանուած` երկինքի յաւերժ կեանքին համար, եւ այնտեղ իր հոգիի ձգտումներով պէտք է առաջնորդուի եւ արժանանայ զԱստուած տեսնելու գերագոյն երջանկութեան: