Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

ԹՐԻՓՈԼԻԻ ԱԶԳ․ ՆՈՒՊԱՐԵԱՆ-ԽՐԻՄԵԱՆ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՆՈՐ ՏՆՕՐԷՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ԱՐԱՄ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

 

Ազգային իշխանութեան որոշումով, Թրիփոլիի Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան միջնակարգ վարժարանի տնօրէն նշանակուած է Արամ Սարգիսեան։
Արամ Սարգիսեան աւարտած է Լիբանանեան Պետական Համալսարանի հոգեբանութեան բաժինը։ Հետեւած է նաեւ մագիստրոսի վկայականի դասընթացքներու եւ կը պատրաստէ իր աւարտաճառը։
Արամ Սարգիսեան Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանի շրջանաւարտ է եւ հինգ տարիէ կը պաշտօնավարէ վարժարանին մէջ։ Միաժամանակ, ան ուսուցիչ էր Թրիփոլիի Ecole Complementaire Maronite եւ Eccole Kobbet Al Nasser վարժարաններուն մէջ։
Արամ Սարգիսեան կը յաջորդէ աւելի քան 40 տարուան վաստակաշատ ծառայութենէ ետք հանգստեան կոչուած տնօրէն Վաչէ Հարմանտայեանին։