Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ Դպրոցներ. Վերանորոգման Եւ Վերալիցքաւորման Համագումար` Կիրակնօրեայի Ուսուցիչներուն Յատուկ

Քրիստոնէական հաւատքի աղբիւրը կը նկատուի Աստուածաշունչ մատեանը: Դարերէ ի վեր քրիստոնեաներս սնանած ենք անոր կենսատու խօսքերով, զօրացուցած ենք մեր հաւատքը Քրիստոսի օրինակին հետեւելով, շարունակած` մեր բարի պատերազմը աշխարհի իշխանին դէմ եւ լիցքաւորած` նոր սերունդները մեր պապերու աղօթքով: Կասկածէ վեր է, որ մանուկները մեր Տիրոջ` Յիսուսի Քրիստոսի յատուկ հոգածութեան առանցքը կազմած են: Բազմաթիւ անգամներ Աստուածորդին յիշած է մանուկները եւ անոնց անմեղութիւնը, պարզութիւնը, խոնարհութիւնը երկինքի արքայութիւն մտնելու նախապայման նկատած է: Ուստի քրիստոնէական բոլոր եկեղեցիները մանուկներու դաստիարակութեան առաքելութիւնը խիստ կարեւոր նկատած են, որովհետեւ անիկա երաշխիքը կը համարուի առողջ ընկերութեան: Իսկ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ համար մանուկներու քրիստոնէական դաստիարակութիւնը կը մնայ առաջնահերթ, եւ ի զուր չէ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կիրակնօրեայ դպրոցները հիմնած է, եւ իրերայաջորդ վեհափառ հայրապետները քաջալերած են անոնց գործունէութիւնը, որովհետեւ անոնք կը թրծեն մեր մանուկները հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներով եւ կը պահպանեն մեր ազգային ինքնութիւնը:

Այս սրբազան առաքելութեան նուիրուած Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու կամաւոր ուսուցիչները,  հակառակ վերջին տարիներու Լիբանանի դիմագրաւած տագնապալի իրադարձութիւններուն, հոսանքն ի վեր թիավարելու կամքով զօրացած, ուրբաթ 28 եւ շաբաթ 29 ապրիլ 2023-ին մասնակցեցան երկօրեայ ուսուցչաց համագումարի մը` «Մարիա-Փոլ»-ի համալիրին մէջ, Պէյթ Շեպեպ, կազմակերպութեամբ Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու Վարիչ մարմինին: Համագումարին ներկայ եղան 40 տեսուչներ-ուսուցիչներ, որոնք ներկայացուցին Լիբանանի թեմի ութ կիրակնօրեայ վարժարաններէն եօթն: Համագումարը կը կրէր «Կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցիչը` որպէս ազգի եւ մշակոյթի պաշտպան» խորագիրը: Անիկա ընդգրկեց աղօթք, Ս. Գիրքի սերտողութիւն, խմբային աշխատանք եւ երեք օգտաշատ դասախօսութիւններ:

Ս. Գիրքի սերտողութիւնը կատարեց Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ- պատասխանատու Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեան: Ան անդրադարձաւ ծառայութեան կարեւորութեան եւ նշեց, որ հարկ է հետեւիլ Քրիստոսի օրինակին եւ խոնարհութեամբ ծառայել Աստուծոյ եւ մեր մանուկներուն ճամբով մեր ժողովուրդին:

«Կիրակնօրեայ ուսուցիչը` որպէս ընկերային ծառայող» նիւթը ներկայացուց Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան: Ան յայտնեց, որ կիրակնօրեայի ուսուցիչին համար նոյնքան կարեւոր է ընկերային ծառայութիւնը, որովհետեւ ուսուցիչ ըլլալ նաեւ ծառայել կը նշանակէ: Այս դիտանկիւնէն մեկնած` կիրակնօրեայ դպրոցներու աշխատանքի ծիրը կ՛ընդարձակուի եւ կ՛ընդգրկէ ոչ միայն մեր աշակերտները, այլ նաեւ` անոնց ծնողներն ու մեր շրջապատը: Քրիստին Դանիէլեան- Սարգիսեան շեշտեց նաեւ, որ կիրակնօրեայի ուսուցիչները մեծ պարտականութիւն ունին, որն է` հասկնալ փոքրիկներուն հոգեվիճակը, անոնց ընտանեկան պայմանները եւ տեղին օգնել անոնց, առաջնորդել մասնագէտներու եւ ընկերային միութիւններու-հաստատութիւններու, ինչպէս նաեւ` ստեղծել այն ապահով միջավայրը, ուր հանգիստ պիտի զգան, պիտի արտայայտուին եւ պիտի գիտնան, որ առանձին չեն, եւ որ` իրենց կողքին նուիրեալ եւ հոգացող անձեր կան:

Երկրորդ դասախօսութիւնը «Կիրակնօրեայ ուսուցիչը` պահապանը հայ մշակոյթին եւ արժէքներուն»  ներկայացուց Կարօ Յովհաննէսեան: Ան խօսեցաւ տիպար ուսուցիչին մասին եւ զայն նկատեց կենդանի օրինակ:  Կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցիչը օրինակ ըլլալէ եւ գիտելիք տալէ բացի` ներշնչող ըլլալու է աշակերտներուն: Ուսուցիչին կեանքի օրինակը մեծ ազդեցութիւն կը ձգէ աշակերտներուն վրայ: Կարօ Յովհաննէսեան յայտնեց, որ համաշխարհայնացման դիմաց կիրակնօրեայ վարժարանները կարեւորագոյն կառոյցներէն մէկը կը նկատուին հայապահպանման եւ հայակերտման առումով: Ան նաեւ անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ պէտք չէ ազդուիլ համաշխարհայնացումէն, այլ պէտք է հայացնել զայն եւ օգտագործել ներկայի միջոցները` պահպանելու համար մեր ինքնութիւնն ու մշակոյթը: Կարօ Յովհաննէսեան նաեւ ընդգծեց, որ այս արագութեան ժամանակաշրջանին պէտք է կարենալ քայլ պահել նորարարութիւններուն հետ, ընտրել լաւն ու օգտակարը եւ մէկդի դնել վատն ու խանգարողը:

Վերջին դասախօսութեան նիւթը` «Հասկնանք մեր գանձերը` շարականները, մեղեդիներն ու տաղերը» ներկայացուց Կարէն սրկ. Եօսուլքանեան: Ան հետաքրքրական ձեւով անդրադարձաւ Հայ եկեղեցւոյ երգերուն (շարական, մեղեդի, տաղ…) եւ պարզեց անոնց տարբերութիւնը, խօսեցաւ հեղինակներուն մասին, բացատրեց անոնց կարեւորութիւնը հայ մշակոյթի պահպանման մէջ եւ թէ ինչպէս անոնք իրենց մէջ կը կրեն պատմութիւն, հաւատք եւ հարստութիւն: Աւարտին ներկաներուն բաժնեց հարցախոյզը, որ առնչուած էր դասախօսութեան նիւթին հետ:

Համագումարի վերջին յայտագիրն էր զարգացման մրցումը, որ կ՛ընդգրկէր հարցումներ Աստուածաշունչէն եւ Հայ եկեղեցւոյ ծէսէն, որուն ընթացքին ներկաները բաժնուեցան երեք խումբերու, ունեցան իրենց գիտելիքներու քննութեան պահը եւ նոր տեղեկութիւններով օժտուելու առիթը:

Կիրակնօրեայ վարժարաններու ուսուցիչները հոգեպէս լիցքաւորուած` այս համագումարին ընդմէջէն անգամ մը եւս վերանորոգեցին իրենց ուխտը` ծառայելու Աստուծոյ, Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ: Անոնք մանուկները դաստիարակելու ճամբով իրենց անմնացորդ լուման կը ներդրեն քրիստոնէական դաստիարակութեան գանձարանին մէջ: