Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Լիբանանի Թեմի Վեց Կիրակնօրեայ Դպրոցներու 41 Շրջանաւարտներ Ստացան Իրենց Վկայականները

Ուրբաթ, 5 դեկտեմբեր 2025-ին Լիբանանի թեմի վեց կիրակնօրեայ դպրոցներու 41 շրջանաւարտներ հանդիսաւոր հաւաքական աւարտական ընթրիքի ընթացքին ստացան իրենց վկայականները: Նախաձեռնութիւնը տեղի ունեցաւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց սրահի մէջ` հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի:

Յայտագիրը սկսաւ Տէրունական աղօթքով եւ սեղանի օրհնութեամբ, ապա հնչեց կիրակնօրեայի մաղթերգը:

Բացման խօսքը արտասանեց Ս. Քառասնից Մանկանց կիրակնօրեայ դպրոցի շրջանաւարտ Դրօ Կիւլէսէրեանը, որ ըսաւ, թէ վկայականը պարզապէս վկայութիւն է, իսկ իւրաքանչիւր անհատ իր գործով եւ ծառայութեամբ կ՛արժեւորէ զայն: «Այսօր, երբ կը ստանանք մեր վկայականները, մեզմէ իւրաքանչիւրին համար առիթ է անգամ մը եւս վերյիշելու, որ մենք կոչուած ենք ծառայելու: Այս ծառայութիւնը նուիրական է, վարձատրութիւն չի ճանչնար, այլ, ընդհակառա՛կը, լուռ կերպով պէտք է աշխատիլ` մեզի վստահուած մանուկին մէջ սերմանելու քրիստոնէական շունչը, ոգին եւ դաստիարակութիւնը: Այս առաքելութեան մէջ նետուողներս պէտք է խորապէս հաւատանք կիրակնօրեայ դպրոցի գործունէութեան, որպէսզի կարենանք մեր ամէն ինչը տալ, որովհետեւ առանց հաւատալու` կարելի չէ գործել մասնաւորաբար այս ծիրէն ներս», ըսաւ ան:

Կիւլէսէրեան մէջբերեց կիրակնօրեայ վարժարաններու հիմնադիրներէն երջանկայիշատակ Բաբգէն Ա. աթոռակից կաթողիկոսին խօսքը, որուն համաձայն, «Ուսուցիչը կիրակնօրեաներու մէջ միայն դաս տուող մը չէ, այլ` հոգիներ ձեւաւորող մը», եւ  հաստատեց, որ այս գաղափարը իբրեւ իրենց առաքելութեան սկզբունք ունենալով` պիտի շարունակեն ձեւաւորել իրենց վստահուած մանուկներուն նուրբ հոգիները, որոնք պիտի խոստանան ըլլալ ապագայի ուսուցիչները եւ ջատագովները քրիստոնէական դաստիարակութեան:

Ապա Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանին կողմէ ներկայացուեցաւ տուտուկի  կատարում` «Կռունկներ» եւ «Խաչագողի յիշատակարանը» ստեղծագործութիւնները` Սէրլի Նեմշիրեանի կատարմամբ:

Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցին կողմէ  ընթերցուեցաւ Առաջին Կորնթացիս նամակէն հատուած (ընթերցող` Րաֆֆի Քէշիշեան) եւ Սաղմոս 103-ը (Սարին Սարգիսեան):

Մայրավանքի կիրակնօրեայ դպրոցին կողմէ ներկայացուեցաւ շարական «Աշակերտք Քրիստոսի»` Հրակ Մամիկոնեանի, Սերժ Մամիկոնեանի եւ Դրօ Կիւլէսէրեանի մասնակցութեամբ: Այնուհետեւ բոլոր շրջանաւարտները միասին երգեցին «Ո՜վ զարմանալի» շարականը:

Աւարտականներու ուղերձը կարդաց մայրավանքի կիրակնօրեայ դպրոցէն Արին Մարգարեանը, որ ըսաւ, թէ կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցիչ ըլլալը պարզ պարտականութիւն չէ, այլ  կոչում է: «Եւ մեր հաւատքի ամենագեղեցիկ ճշմարտութիւններէն մէկը այն է, որ Աստուած երբեք կատարելապէս սուրբ մարդիկ չ՛ընտրեր: Ան միշտ փնտռած է սիրտ ունեցող մարդը»: Ան շեշտեց, որ կիրակնօրեայ դպրոցի պատասխանատուներուն գործը չի սկսիր եւ չ՛աւարտիր կիրակի օրուան երկու ժամով: «Մեր ամբողջ կեանքն է մեր դասարանը: Մեր խօսքը, մեր վարքը, մեր համբերութիւնը, մեր քաղցրութիւնը, մեր արձագանգները` այս բոլորը իսկական դասերն են: Աշակերտները կրնան լսել մեր խօսքերը, բայց ամբողջ կեանքի ընթացքին պիտի յիշեն այն, ինչ մենք կ՛ապրինք: Եթէ Աստուածաշունչէն միայն խօսինք, այդ խօսքերը կը մնան բառեր: Բայց երբ Աստուածաշունչը ապրինք, խօսքը կը դառնայ կենսունակ կեանք: Երբ կը սորվեցնենք համբերութիւն, պէտք է տեսնեն համբերութիւն մեզմէ: Երբ կը խօսինք ներողամտութեան մասին, պէտք է տեսնեն ներողամտութիւն: Եւ երբ կը խօսինք Աստուծոյ սիրոյ մասին, պէտք է զգան այդ սէրը մեր կեանքին մէջ», նկատել տուաւ Մարգարեան:

Մէջբերելով Դաւիթի եւ Գողիաթի պատմութիւնը` ան ըսաւ, որ մեր կեանքին մէջ եւս պիտի հանդիպինք մեր գողիաթներուն, որոնք անպայման անհատներ չեն, այլ կրնան ըլլալ` հոգեւոր պայքար, փորձութիւն, դժուարութիւն, տկարութիւն, շեշտելով, որ Դաւիթի նման` մենք ալ պէտք է կանգնինք քաջութեամբ, որովհետեւ կը կրենք հզօրագոյն զէնքը` Աստուծոյ ներկայութիւնը: Հաւատքը մեր սուրն է, եւ անով ամէն հսկայ կրնայ իյնալ:

Ա. Մարգարեան ըսաւ, որ մարդուն տրուած տաղանդները միայն իրը չեն, այլ պէտք է օգտագործուին Աստուծոյ փառքին համար. «Երգ սորվեցնելը, պատմութիւններ պատմելը, մանուկներուն քաջալերանք տալը, անոնց հանդէպ քաղցր ըլլալը, երբ այս բոլորը Աստուծոյ կը նուիրենք, անոնք այլեւս պարզ գործողութիւններ չեն ըլլար, այլ` ծառայութիւն եւ երկրպագութիւն: Ինչ որ Ան մեզի տուաւ ազատօրէն, մենք ալ պէտք է վերադարձնենք ազատօրէն: Եւ Իր ձեռքերուն մէջ նոյնիսկ ամենափոքր տաղանդը կը դառնայ բացառիկ»: Իր խօսքը աւարտելով` ան շնորհակալութիւն յայտնեց` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդին, կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեանին, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն, ինչպէս նաեւ` իր մօրը, որ առաջին օրէն զինք առաջնորդած է կիրակնօրեայ` իր օրինակով:

Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցէն Վարդի Սալխանեանը արտասանեց «Եկեղեցին հայկական»-ը, իսկ շրջանաւարտները միասնաբար երգեցին «Եկեղեցին հայկական» երգը: Քառասուն Մանկանց կիրակնօրեայ դպրոցէն Ալին Մկրտիչեանը կարդաց Սաղմոս 36-ը, իսկ Շուշանեան կիրակնօրեայ դպրոցէն Քերմենեան կարդաց «Նարեկ»-էն հատուած մը: Յաջորդեց հաւաքական երգ` «Շողա՛, ո՜վ աստղ», ապա մայրավանքի կիրակնօրեայ դպրոցէն Միա Պարսումեան, Քրիստինա Պապուճեան, Արին Մարգարեան եւ Մարիա Պապուճեան ներկայացուցին հայկական պար:

Վկայականներու բաշխումը կատարուեցաւ ձեռամբ Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգսեանի եւ իւրաքանչիւր կիրակնօրեայ դպրոցի տեսչուհիին:

Յայտագիրի աւարտին իր սրտի խօսքը արտասանեց Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգսեան, որ տրուած վկայականները նկատեց օրհնութիւն եւ ուղերձ: «Կիրակնօրեայ դպրոցը վերջ չէ, այլ սկիզբ է: Այս տարիներուն դուք սորվեցաք աղօթել, սորվեցաք սիրել Եկեղեցին եւ ձեր ազգը: Այժմ ձեր պարտականութիւնն է այս լոյսը ձեզի հետ տանիլ` ձեր ընտանիքներուն, ձեր ընկերներուն եւ ձեր համայնքին: Միշտ յիշեցէք, որ Եկեղեցին ձեր տունն է, իսկ դուք` անոր կենդանի անդամները: Ո՛ւր որ ալ գտնուիք, մնացէ՛ք հաւատքին մէջ հաստատուն, եղէ՛ք համեստ, ծառայասէր եւ ազգասէր երիտասարդներ», շեշտեց ան:

Յայտագիրը եզրափակուեցաւ օրհնութեան աղօթքով` «Պահպանիչ» եւ «Հայր մեր»:

Շրջանաւարտներն են` Վիքի Պոյաճեան (տեսուչ), Սերժ Մամիկոնեան, Հրակ Մամիկոնեան, Րաֆֆի Քէշիշեան, Զարմիկ Գէորգեան, Սարին Սարգիսեան, Վարդուկ Ֆիլիքեան, Ալին Քէօրքիւրեան, Դալար Գէորգեան (Սրբոց Վարդանանց), Արշօ Քէլխաչերեան (տեսուչ), Ժուլիեթ Պաղամեան, Ալին Մկրտչեան, Տալիա Կօճիկեան, Ռուպինա Փոլուսաճեան, Ռուբէն Էւինկիւլեան, Բալիկ Սրապոնեան, Դրօ Կիւլէսէրեան (Սրբոց Քառասնից Մանկանց),  Անիթա Ժամկոչեան (տեսուչ), Փաթիլ Մելքոնեան, Մարինէ Արիստագէսեան (Ս. Սարգիս), Ժանին Մարգարեան (տեսուչ), Արին Մարգարեան, Միա Պարսումեան, Ռիթա Համալեան, Քրիստինա Պապուճեան, Իզապէլ Նիկոլեան, Ժիրայր Քէշիշեան, Մարիա Պապուճեան, Ճոնի Պէյլէրեան (մայրավանք), Սիլվա Իփրաճեան (տեսուչ), Մեղրի Փափիրեան, Կասիա Եագուպեան, Յակոբ Ապրումեան, Անի Սալխանեան, Վարդի Սալխանեան, Հուրի Համալեան, Յարութ Մարկոսեան, Սէրլի Գալայճեան, Սէրլի Նեմշէհիրեան, Անդօ Վարդանեան (Ս. Աստուածածին), Համեստ Ճամպազեան (տեսուչ), Շուշի Մէթլեան, Մեղրի Պալճեան, Գարին Գանտահարեան, Արմիկ Պոյաճեան, Լորի Պագալեան (Շուշանեան կիրակնօրեայ), Թամար Օհանեան (տեսուչ), Մարի-Կրէյս Մաճարեան (Ֆանարի կիրակնօրեայ):