
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին, մասնակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներուն, եւ ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներու, տնօրէններու եւ ուսուցիչներու, հինգշաբթի, 23 ապրիլ 2026-ի կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի Նահատակաց յուշարձան-մատրան դիմաց տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակի աշակերտական հաւաք:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտներ իրենց վարժարաններուն անունով ծաղկեպսակներ զետեղեցին Ցեղասպանութեան Նահատակաց յուշարձան-մատրան առջեւ:
Հաւաքին բացման խօսքը արտասանեց Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանի աշակերտ Տեսիլ Աբրահամեան: Ան հաստատեց, որ 24 Ապրիլը մեզի համար սոսկ թուական մը չէ, այլ` յիշեցում է, որ հայ ժողովուրդը անցաւ մահուան հովիտէն, բայց չկորսուեցաւ, նաեւ վկայութիւն է, որ մեր ժողովուրդը փորձեցին բնաջնջել, բայց անոր հոգին անպարտ մնաց: «Մենք այսօր կա՛նք, որովհետեւ մեր նախնիները չյուսահատեցան եւ չհրաժարեցան ապրելու ու գոյատեւելու կամքէն, սակայն մեր գոյութիւնը բաւարար չէ, այնքան ատեն որ արդարութիւնը չէ վերականգնած, եւ մեր ժողովուրդին իրաւունքները կը մնան ոտնակոխուած` մեր պայքարը չէ՛ աւարտած: 24 ապրիլը միայն սուգի օր չէ, անիկա կոչ է` արթնութեան, գիտակցութեան եւ պայքարի: Հետեւաբար, մեր գլխաւոր պարտաւորութիւնն է ճանչնալ մեր պատմութիւնը, պահել մեր ինքնութիւնը, ծառայել մեր ազգին մեր գիտելիքներով, մեր կարողութիւններով եւ մեր միասնականութեամբ», շեշտեց ան:
Այնուհետեւ Հայ աւետարանական քոլեճի աշակերտներէն Անտրիա Տէմիրճեան ջութակով նուագեց «Կռունկ»-ը, իսկ Գէորգ եւ Հրակ Պալեաններ թաւջութակով նուագեցին «Վոքալիզ»:
Հաւաքին հայերէնով խօսք արտասանեց Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի աշակերտ Ալիք Ղազար: Ան դիտել տուաւ, որ 111 տարի առաջ, երիտասարդ թուրքերու ծրագրած եւ գործադրած ահաւոր ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք, մէկուկէս միլիոն հայեր բռնութեամբ տեղահանուեցան իր դարաւոր հայրենիքէն ու ջարդուեցան, իրենց ետին ձգելով իրենց կալուածներն ու հարստութիւնը, եւ այսպէս գոյացաւ հայկական սփիւռքը, նախ` Միջին Արեւելքի երկիրներու մէջ, ապա` տարածուելով ու հասնելով մինչեւ աշխարհի բոլոր ցամաքամասերը: Ան շեշտեց, որ իբրեւ նահատակ սերունդի արժանապատիւ ժառանգորդ, մեր սերունդը իրաւունք չունի մոռնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը, այլ մենք բոլորս անխտիր պարտաւո՛ր ենք մեր ամբողջ ուժով սատարելու Հայ դատի արդար լուծման աշխատանքներուն, իւրաքանչիւրս ի՛ր նախընտրած ձեւով` մշակոյթով, արուեստով` երգով ու պարով, երաժշտութեամբ, եւ կարելի բոլոր այլ միջոցներով, ըլլան անոնք քաղաքական, կամ նոյնիսկ ի հարկին` մարտական, Ան նշեց, որ մենք իրաւունք չունինք տարուելու 21-րդ դարու շլացնող, բայց իսկութեան մէջ անհեթեթ եւ անօգտակար զբաղումներով, այնքան ատեն որ մեր պատմական հայրենիքն ու մշակութային ժառանգութիւնը բռնագրաւուած կը մնան թուրքին կողմէ` դիտել տալով սակայն, որ այս բոլորը կ՛ենթադրեն մեծ ճիգ եւ անսակարկ նուիրում հայ երիտասարդութեան կողմէ: Ան կոչ ուղղեց` յոյսով, հաւատքով, պահանջատիրութեամբ ու վճռականութեամբ նուիրուիլ մեր հաւաքական իրաւունքներու վերատիրացման եւ ամբողջական հայրենիքի ազատագրութեան սրբազան գործին:
ՀԲԸՄ-ի վարժարաններու աշակերտ Սեւան Թերզեան երգեց «Տուն իմ հայրենի» երգը:
Արաբերէն լեզուով խօսք արտասանեց Հայ Կաթողիկէ Հռիփսիմեանց վարժարանի աշակերտ Օլիվըր Տէմիրճեան: Ան ըսաւ, որ հաւաքուած ենք ոչ միայն նշելու Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակը, այլ նաեւ` հարց տալու, թէ ի՞նչ կը նշանակէ զայն նշել, մինչ հայութեան տառապանքը տարբեր ձեւերով կը կրկնուի մինչեւ օրս: Տէմիրճեան դիտել տուաւ, որ Ցեղասպանութիւնը մարդոց համար անցեալի դէպք մըն է, բայց մեզի` հայերուս համար, պատմութենէն քաղուած էջ մը չէ, այլ` զգուշացում է: Նոյն ցաւը տեսանք Արցախի մէջ, երբ ժողովուրդը տեղահան եղաւ իր տունէն, հողէն, որուն վրայ մեր նախնիները ապրած էին երկար ատեն:
Ան հաստատեց, որ Ցեղասպանութիւնը միայն մարդ չի սպաններ, այլ կը փորձէ յիշողութիւնը մեռցնել, նաեւ կը փորձէ ջնջել լեզուն, հաւատքը եւ մշակոյթը: Պէտք չէ այսօրուան յիշատակումը ըլլայ միայն ոգեկոչում անցեալի, այլ` պէտք է կառչի իրականութեան, արթնութիւն ըլլայ անարդարութեան դէմ եւ քաջաբար խօսուի ոչ թէ միայն 1915-ի ցեղասպանութեան մասին, այլ նաեւ հայ կեանքի, մշակոյթի, ինքնութեան հետեւողական բնաջնջումին մասին: Յիշատակել կը նշանակէ մերժել լռութիւնը, պահել եւ պահպանել ինչ որ մնացած է, նաեւ ըսել, որ Հայոց պատմութիւնը չի ջնջուիր, հայութեան ցաւը չ՛անտեսուիր եւ հայուն ինքնութիւնը չի խամրիր:
Եզրափակելով իր խօսքը, իբրեւ հայ աշակերտ Տէմիրճեան շեշտեց, որ յիշելը տակաւին կարեւոր է, իրականութիւնը տակաւին կարեւոր է, նաեւ հայ ժողովուրդը տակաւին կրնայ կանգուն ոտքի կանգնիլ, աղօթել, ստեղծագործել եւ տոկալ:
Այնուհետեւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանէն Մէրի Էքմէքճեան ասմունքեց «Ղօղանջ աքսորի»` տուտուկի ընկերակցութեամբ Նայիրի Առնէլեանի:
Օրուան պատգամը փոխանցեց Հայ աւետարանական քոլեճի պատուակալ տնօրէն, դոկտ, Զաւէն Մսըրլեան: Ան պատմական ակնարկով մը անդրադարձաւ 1876-էն մինչեւ 1915 երկարող ժամանակաշրջանին եւ Ցեղասպանութեան տուն տուող պատճառներուն, նաեւ` արեւելեան Սարդարապատի եւ այլ ճակատներու հերոսամարտներուն, որոնց ընթացքին հայերը յաղթեցին եւ փրկեցին արեւելեան Հայաստանը ու դարերով անկախութիւն չունենալէ ետք 1918-ին հիմնեցին անկախ պետականութիւն:
Պատգամաբերը ըսաւ, որ թուրքերը մեր ազգին ամբողջական ցեղասպանութեան մէջ ձախողեցան, փաստ` մերօրեայ Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութիւնը` աշխարհի տարածքին 10 միլիոն հայերու գոյութիւնը` աւելցնելով, որ մեր սրբադասուած նահատակներուն կտակը մեզի յստակ է` հաւատարիմ մնալ մեր ինքնութեան, մեր մէջ ամուր պահել հայկական ոգին, միշտ զգալ, որ պահանջատէր ենք մինչեւ արդար հատուցում:
Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան հարց տուաւ աշակերտներուն, թէ կ՛ուզե՞ն որ թուրքը յաղթէ` աւելցնելով, որ բնականաբար ոչ պիտի ըսեն: Սակայն, ան նկատել տուաւ, որ թուրքը կը յաղթէ ամէն անգամ որ հայ մը արտագաղթէ, հայ ընտանիք մը քանդուի կամ չկազմուի, հայ աշակերտ մը օտար վարժարան յաճախէ եւ ազգին պատմութիւնը չսորվի, երբ հայկական եկեղեցի չերթայ, հայ գիրք կամ մամուլ չկարդայ, ինքզինք պահանջատէր չզգայ Հայոց պատմութեան եւ հայոց իրաւունքներուն: «Հետեւաբար, հաւատարիմ մնանք մեր նախնեաց հաւատքին, լաւ սորվինք մեր ոսկեղինիկ լեզուն, հետամուտ ըլլանք արդար հատուցման, որպէսզի թուրքը պարտուի, եւ մեր նահատակներուն զոհողութիւնը ի զուր եղած չըլլայ» եզրափակեց դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան:
Ապա Ս. Խաչ Հարպոյեան վարժարանի աշակերտները մեկնաբանեցին «Կանք ու կը մնանք» խորագիրը կրող խմբային ասմունք մը, իսկ Ազգային Միացեալ վարժարանի աշակերտ Նաթալի Պասամաքեան ասմունքեց «Զարկէ՛, լաօ, մըռնիմ քըզի», երգերու համադրումը:
Հաւաքի եզրափակիչ պատգամը փոխանցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Ան նկատել տուաւ, որ ամէն տարի ապրիլ 24-ի առիթով մեծ ցաւ մը կ՛արթննայ իր հայրենի ժառանգութիւնը կորսնցուցած սփիւռքահայ մեր ժողովուրդի սրտին մէջ, եւ տխուր յիշատակներ ու մահուան տեսարաններ կը պարուրուին այդ ցաւին մէջ` աւելցնելով, որ այդ բոլորը կը պատկանին մեր անցեալի կեանքին` հակառակ այն իրողութեան որ Ցեղասպանութիւնը շարունակուող իրականութիւն է նաեւ ներկայի մեր կեանքին մէջ: Սրբազանը ըսաւ, որ հաւաքուած ենք, որպէսզի իրարմով զօրանանք եւ իրարու յիշեցնենք, թէ հայ ժողովուրդին համար ապրիլը արդէն իսկ յաղթանակ է, իսկ մեր արդար դատը հատուցման առաջնորդելը արդէն իսկ մահուան սահմաններէն անդին անցնելով` անմահութեան դարպասները թակել է մեզի համար: Ան ըսաւ, որ հաւաքուած ենք, որպէսզի միասին ուխտենք, թէ մեր կամքը, մեր սիրտը եւ մեր բազուկը պատրաստ ենք նուիրելու հայութեան եւ Հայաստանի: Սրբազանը կոչ ուղղեց աղօթելու, որպէսզի Աստուծմով միշտ զօրեղ մնայ մեր բոլորին ապահովութեան գրաւականը հանդիսացող Հայաստան աշխարհը, նաեւ անսասան մնան մեր եկեղեցիներն ու կառոյցները, որպէսզի մեզմով հայութեան իրաւունքները ամէն օր եւ ամէն տեղ շարունակուին` վասն արդարութեան հատուցման եւ հայ ազգի պայծառութեան:
Այնուհետեւ բոլոր ներկաները աղօթեցին «Տէրունական աղօթք»-ը:
Աշակերտական հաւաքը վերջ գտաւ ներկայ աւելի քան 1200 աշակերտներու «Սարդարապատ» յաղթերգի հաւաքական երգեցողութեամբ:
Յայտնենք, որ հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ հետեւեալ 14 վարժարանները.- Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց վարժարան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարան, Մխիթարեան վարժարան, Հայ աւետարանական քոլեճ, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան, ՀԲԸՄ-ի վարժարաններ, Թէքէեան վարժարան, ՀԿԲՄ-ի Սահակեան վարժարան, Ազգային Միացեալ վարժարան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ եւ Թրիփոլիի ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարան:













