Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակի Ոգեկոչման Աշակերտական Հաւաք` Անթիլիասի Մայրավանքի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձան-Մատրան Դիմաց

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին, մասնակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներուն, երկուշաբթի, 28 ապրիլ 2025-ի կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի Նահատակաց յուշարձան-մատրան դիմաց տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակի ոգեկոչական հաւաք:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտներ իրենց վարժարաններուն անունով ծաղկեպսակներ զետեղեցին Ցեղասպանութեան Նահատակաց յուշարձան-մատրան առջեւ:

Հաւաքին բացման խօսքը արտասանեց Ազգային Միացեալ վարժարանի աշակերտ Յովիկ Չերչեան: Ան ներկաներէն խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգել մեր նահատակներուն եւ մեր պայքարի ճամբուն վրայ զոհուած բոլոր հերոսներուն յիշատակը: Ապա ան հաստատեց, որ այսօրուան աշակերտները Ցեղասպանութեան ժառանգորդներու 5-րդ սերունդն են, եւ հարց տուաւ, թէ ի՞նչ կու տանք մենք մեր պատմութեան` իբրեւ հայ երիտասարդներ, իբրեւ նպատակ հետապնդող ուսանողներ, շեշտելով, որ մեր ազգային կեանքը կը հետապնդէ մէկ նպատակ` Հայ դատի յաղթանակ: Ան ըսաւ, թէ այնքան ատեն որ Հայ դատը կը մնայ անլոյծ եւ ցեղասպանը` անպատիժ, այնքան ատեն որ մեր հողերը կը մնան բռնագրաւուած ու մեր իրաւունքները` բռնաբարուած, թոյլատրելի չէ, որ մենք` երիտասարդութիւնս, դիտողի կրաւորական դերին մէջ մնանք եւ իրաւազրկուածի հոգեբանութիւն ունենանք: Ան ներկայ աշակերտներուն յորդորեց գօտեպնդել իրենց հաւաքական մեր կամքը եւ ամրապնդել միասնական մեր պայքարը` վերանորոգելով մեր սրբազան ուխտը:

Այնուհետեւ Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի աշակերտուհի Սելլա Սվաքճեան ջութակով մեկնաբանեց «Նոքթիւրն»-ը, իսկ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտուհի Մերի Էքմեքճեան ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Անլռելի զանգակատուն»-էն «Ղօղանջ աքսորի» հատուածը:

Արաբերէնով խօսք արտասանեց Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի աշակերտուհի Մարիա Շէքէրեան: Ան ըսաւ, որ կը նշենք Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակը, որ ցաւը փոխեց ինքնութեան, արցունքը` յիշատակի եւ տառապանքը` անմահ պատգամի,  աւելցնելով, որ մենք հաւաքուած ենք ոչ թէ  ցանելու ոխը, այլ` իրականութիւնը, ոչ թէ փնտռելու անցեալի վէրքերը, այլ` անոր պատգամը փոխանցելու ապագայի: Մենք նահատակներու զաւակներն ենք եւ մեր սրտերուն մէջ կայ անոնց կտակը` «Յիշենք եւ պահանջենք», հետեւաբար մեր պարտականութիւնն է պահել իրենց ժառանգութիւնը, մեր մշակոյթը, լեզուն եւ հաւատքը: Ան կոչ ուղղեց հաւատարիմ մնալու մեր պատմութեան եւ շարունակելու ճամբան` ամէն տարի համայն մարդկութեան յիշեցնելով, որ պատահածը ցեղասպանութիւն էր եւ արդարութիւնը չի մեռնիր, մինչեւ այն ատեն որ ժողովուրդը չի մոռնար:

Այնուհետեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի սաները կատարեցին խմբերգներ («Ողբ Եդեսիոյ» եւ «Չի մարիր մեր մէջ»), որմէ ետք Հայ աւետ. Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի աշակերտ Ճորճինա Ճենանեան ասմունքեց Յովհաննէս Շիրազի «Հաշուեյարդար»-ը:

Հաւաքին հայերէնով խօսք արտասանեց Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի աշակերտ Լոռի Յովսէփեան: Ան դիտել տուաւ, որ այս հաւաքը սոսկ նշում մը չէ, այլ մեր հաւաքական ուխտը վերանորոգելու պահն է` հանդէպ մեր 1,5 միլիոն նահատակներուն, շեշտելով, որ իբրեւ հայ աշակերտներ` չենք կրնար ուրանալ Թուրքիոյ շարունակուող ցեղասպանութիւնը: Ան ըսաւ, որ անցեալ տարի Թուրքիա շարունակեց իր ոճրագործ արարքը եւ Ազրպէյճանի միջոցով գրաւեց Արցախը եւ իր երազը իրականացուց, հաստատելով, որ ականատես եղանք նո՛ր ցեղասպանութեան մը, որ աւելի ամրապնդեց մեր պահանջատիրութիւնը: Յովսէփեան նշեց, որ այս հաւաքը ապացոյց է, որ թշնամին կրկին անգամ ձախողած է, եւ կոչ ուղղեց աշակերտներուն` դառնալ պահանջատէր բազուկներ եւ շարունակել ազգին պայքարը` դառնալով փարոս աննահանջ երթին, չենթարկուելով օտարամոլութեան ու ձուլումին, տէր կանգնելով Հայ դատին` ուշ կամ կանուխ հասնելու համար մեր գերագոյն նպատակին`  ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանին:

Հայ աւետարանական քոլեճի աշակերտներէն Անտրիա Տէմիրճեան ջութակով նուագեց Կոմիտասի «Ծիրանի ծառը»-ը, իսկ Գէորգ Պալեան սաքսոֆոնով նուագեց «Տէ՛ր, ողորմեա՛» եւ «Տլէ եաման», ապա Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի երգչախումբը երգեց «Նահատակաց  յիշատակին» եւ «Մշեցի մօր երգը» երգերը:

Հաւաքին եզրափակիչ պատգամը յղեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Սրբազանը ըսաւ, որ Նահատակաց մատրան դիմաց հաւաքուելով` մենք ոչ միայն կը խոնարհինք մեր 1,5 միլիոն նահատակներու յիշատակին դիմաց, այլեւ մեր նոր սերունդին կը յիշեցնենք, թէ 1915-ին մեր ժողովուրդէն բռնի խլուած է իր հայրենիքին կարեւոր մէկ մասը եւ այդ պատճառով, Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքեան օճախներու ամէնէն հեռաւոր անկիւններ, մեր ժողովուրդի գիտակցութեամբ հայութեան արդար Դատին հետապնդումը կը շարունակենք, որովհետեւ հայութեան Դատը անժամանցելի է եւ կը պատկանի բոլոր սերունդներուն:

Սրբազանը խօսքը ներկայ աշակերտներուն ուղղելով` ըսաւ. «Ցեղասպանութենէն 110 տարի ետք աշխարհի լռութիւնն ու անտարբերութիւնը կը շարունակուի: Հետեւաբար մեր սպասումն է, որ նախորդ սերունդներուն հաւատարմութեամբ դուք ալ դառնաք մեր արդար Դատին նախանձախնդիր յուշարարները: Սերունդէ սերունդ, պահանջատիրութիւնը պէտք է շարունակուի` բոլոր միջոցներով, նախանձախնդիր ու յանձնառու կեցուածքով, վճռակամութեամբ ու նոր թափով, որպէսզի Ցեղասպանութեան նահատակներուն սրբազան կտակը կենդանի մնայ, նաեւ իրականանայ: Հետեւաբար, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն եւ արգելքներուն, պահանջատիրութիւնը պէտք է շարունակուի ձեզմով եւ փոխանցուի յաջորդող սերունդներուն»: Սրբազան Հայրը աւելցուց, որ մեր ժողովուրդի անբռնաբարելի իրաւունքները պահանջող մեր ձայնը պէտք է բարձրանայ ոչ միայն ապրիլ 24-ի առիթով, այլ` տարուան բոլոր օրերուն, ամէն տեղ ու Հայ դատին հաւատացող բոլոր նուիրեալներու մասնակցութեամբ: Եզրափակելով իր խօսքը` Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան վստահեցուց աշակերտները, որ իրենցմով եւ գալիք սերունդներու մասնակցութեամբ հայ ժողովուրդը պիտի տոկայ եւ ազգային հաւատարմութեամբ շարունակէ իր պայքարը` ի խնդիր մեր նախնիներու նուիրական յիշատակին եւ մեր ազգային դարաւոր իտէալներուն ու երազներուն իրականացման:

Աշակերտական հաւաքը վերջ գտաւ ներկայ աւելի քան 1000 աշակերտներու «Սարդարապատ» յաղթերգի հաւաքական երգեցողութեամբ:

Յայտնենք, որ հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ հետեւեալ 13 վարժարանները. Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց վարժարան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարան, Հայ աւետարանական քոլեճ, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան, ՀԲԸՄ-ի վարժարաններ, Թէքէեան վարժարան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք, Ազգային Միացեալ վարժարան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ եւ Թրիփոլիի Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարան: